Արխիւ
Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան հովուական այցելութիւն տուին Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը։ Ներկայ կրթական շրջանի արդէն վերջընթեր ժամանակահատուածին մէջ կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ վերջերս «Քինօ քոնկ»ի կազմին կողմէ կատարուեցաւ կարճաժամկէտ ժապաւէններու ցուցադրութիւն մը։ Այս առթիւ դպրոց այցելեցին «Քինօ Քոնկ»ի կազմէն Սարգիս Փաչաճը, Խաչիկ Պայվերտեան եւ Մուրատ Էզէր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն՝ թէ ծերութեան շրջանը երկարատեւ ըլլալու համար պէտք է կանուխ ծերանալ։ Արդարեւ տարիքոտ ըլլալ եւ ծեր ըլլալ, թէեւ մերձիմաստ են, բայց էապէս կը տարբերին իրարմէ։ Տարիք ունեցող մէկը կրնայ ինքզինք երիտասարդ զգալ, եւ փոխադարձաբար տարիքը քիչ ըլլալ բայց ծեր զգալ ինքզինք։
Թուրքիոյ մասնաւոր վարժարաններու միութեան կողմէ Թուրքիա հրաւիրուած խումբ մը օտար կրթական գործիչներ երէկ այցելեցին Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համաժողով մը։
Բիւրականի մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Հեռանկարներ» միջազգային երաժշտական փառատօնի ակադեմիան։
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի որդին՝ Կարէն Խաչատուրեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Կարէն Խաչատուրեան այս առթիւ այցելեց Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։
Գերմանիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Պունտեսթակի անդամները Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի շրջանակներէն ներս, նաեւ հիւրընկալուեցան Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ տեղւոյն հայութեան ենթարկուած ողբերգութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին օրերուն բռնի դէպքերը սաստկացած են Հալէպի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ այս պատճառով քաղաքի հայկական կառոյցները կրած են լուրջ վնասներ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան նախագահ Ալէքսէյ Միլլէրը։ Զրուցակիցները քննարկեցին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան ներկայ մակարդակին եւ զարգացման հեռանկարին վերաբերեալ հարցեր։
Վարչապետի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան կոչուեցաւ հանգստեան։ Երէկ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ լայն արձագանգ գտաւ այս իրադարձութիւնը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, ան հանգստեան կոչուեցաւ տարիքի բերմամբ։
«Tarih Vakfı»ի Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքին երէկուան փուլը:
1915-ի օրինակը մեկնաբանուեցաւ խտրականութեան ընդհանուր խնդիրներու շրջագծին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը Աստանայի շփումներուն ընթացքին երէկ դարձեալ ձայն բարձրացուց Եւրոխորհրդարանի որոշման դէմ:
Ըստ Էրտողանի, 1915-ի դէպքերուն պատրուակով որոշում ընդունողները մտադրութիւն չունին հայոց իրաւունքը պաշտպանելու եւ անոնց ցաւերը բաժնելու:
Շիշլիի գերեզմանատան նկարներու հարցին շուրջ Կեդրոնական վրժ.ի նկարչութեան ուսուցչին խօսքը:
Եավուզ Քըլըչէր. «Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին հետ կ՚աշխատինք փոխադարձ վստահութեամբ»:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Ուղղափառ աշխարհի Ս. Զատկի տօնին առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը փութաց շնորհաւորութեան, իր հետն ունենալով Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։
Ճատտէպոստանի «Մեծ ակումբ»ին մէջ երէկ երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսի մը, որուն զուգահեռ կազմակերպուեցաւ նաեւ աճուրդ մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ի նպաստ ԶԻՊԷՉ-ի, «Փարոս» ամսագրի համագործակցութեամբ։
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Ս. Զատկի տօնին առթիւ խանդավառ երաժշտահանդէս:
Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ Վարդանանց երգչախումբին կողմէ փայլուն կատարումներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահ մը դիտենք մեր շուրջը եւ անդրադառնանք բնութեան եւ անոր մէջ մարդուն ընդհանուր նկարագրին։ Ի՞նչ կը տեսնէք։ Բնութիւնը շարունակ կը շինէ, կ՚արտադրէ եւ կը պահէ, կը պահպանէ, հոգ կը տանի, կը խնամէ իր շինածին։ Մարդ ի՞նչ կ՚ընէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու վերջերս ելոյթով մը հանդէս եկած է Փարիզի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Իսթանպուլի պատմական թերակղզիի հատուածի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ ընդգրկման 30-ամեակին առթիւ վերջերս տեղի ունեցան յոբելենական ձեռնարկներ։
«Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ «Galeri Birzamanlar»ի նախաձեռնութեամբ ասուլիս:
Խոր ու փառաւոր անցեալի հիման վրայ Երեւանէն՝ նախկին սուրիահայ հասարակական գործիչ եւ հրապարակագիր Յարութ Էքմանեան խօսեցաւ ներկայ արհաւիրքին եւ ապագայի անորոշութեան կապակցութեամբ: