Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով. «Երբ Հայաստան հրաժարեցաւ պաշտօնապէս ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը, Ռուսաստան ստիպուած Ատրպէյճանինը համարեց այն գօտիները, որոնք խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ անցան։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ խաղաղարարներու կարգավիճակը։ Ուստի Ատրպէյճանի տարածքին մէջ Ռուսաստանի ուժերու գոյութեան պարագային կը ստեղծուի լրիւ տարբեր իրավիճակ մը։ Ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցերը պիտի որոշուին Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ երկկողմանի բանակցութիւններու միջոցաւ»:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կողմէ աշխոյժ դիւանագիտական քայլը պիտի սկսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ Երեւանի մէջ նոր իշխանութեան ձեւաւորուելէն վերջ»:

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի տեսակէտէ կամ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել անոր քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն ցեղասպանութեան յայտարարութիւնը հնչած է այնպիսի ժամկէտով մը, երբ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան ինքնիշխանութեան ճակատագրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Եւրոպայի օրուան առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը ռազմավարական կուրութենէ պէտք է փրկուի։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, որ ԵՄ-ի ամուր կլոպալ դերակատար մը դառնալուն առջեւ ամենամեծ խոչընդոտն է՝ ռազմավարական համբերութեան եւ տեսլականի պակասը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Հայաստանի մէջ 20 յուլիսին նախատեսուած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ընդհանուր ակնկալութիւնը այն է, որ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մէջ յառաջացած քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար ճանապարհ հարթեն այս ընտրութիւնները։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ տեղի կ՚ունենայ ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը՝ համապատասխան գործօններով պայմանաւորուած օրակարգով։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

Առեւտուրը, խորքին մէջ, անպակաս է կեանքէն։ Ամէն մարզի մէջ, բոլոր հարթութիւններու վրայ առեւտուր կ՚ընթանայ։ Աշխարհ մեծ շուկայ մըն է այս առումով։ Առեւտուրը զանազանութիւն կ՚ենթադրէ, իսկ շուկան՝ ճոխութիւն։ Այդ բոլորը նաեւ մեծ ժխորի մը թատերաբեմը կը հանդիսանան։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Յանուն անկեղծութեան ու ճշմարտութեան պէտք է ըսեմ, որ այսօր՝ տարիներ ետք, քիչ մը դառնութեամբ կը յիշեմ կեանքիս յատկապէս ա՛յն շրջանը, երբ որպէս մասնագիտութիւն  ընտրած ըլլալով հայագիտութիւնը՝ շարունակ «գրոհի կ՚ենթարկուէի» աջէն ու ձախէն:

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի վրայ ամենաքաղցրն է մօրը սէրը, որ չի ճանչնար սահմաններ։ Մայր մը՝ իր զաւկի ծնունդով, ընդմիշտ կը դադրի «երեխայ» մը ըլլալէ։ Զաւկի նկատմամբ անփոխադարձ սիրոյ հետ միանգամայն զինք կը պատէ նաեւ զոհողութեան, համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան զգացումները։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Ճօ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ապագայ քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, միանշանակ, լուրջ գործօն մըն է, որ նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ հայկական հարցը։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

2021 տարիներ առաջ քարայրի մը մէջ ապրող անասուններուն միջեւ փոքրիկ մը ծնաւ։ Մայր մը անհուն գուրգուրանքով ծռեցաւ վրան, ժպիտ մը ծաղկեցաւ անոր շրթներուն վրայ ու իր ուրախ դէմքը լուսաւորուեցաւ մայրական յաղթանակի ճառագայթներով։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երիտասարդ մը քահանայի մը դիմեց՝ խօսելու համար իր դժուարութեան մասին: Սկսելով խօսիլ քահանային հետ՝ բացատրեց, թէ շատ յաճախ որոշումներ կայացնելու ժամանակ երկմտանքի մէջ կ՚իյնայ եւ չի՛ կրնար ճիշդ որոշումներ առնել այդ երկմտանքին պատճառով:

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութիւնը այսօր արդէն սկսած է, սակայն աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը կը գործադրուի 10 մայիսին։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

Առաջին նախագահը միշտ հետամուտ կը մնայ «Ազգային համաձայնութեան դաշինք»ի ձեւաւորման:
Հայաստանի արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը մատնանշէ նորանոր աղէտներէ խուսափելու միջոցը՝ Փաշինեանի յանցաւոր եւ ազգակործան վարչախումբի վերարտադրման վտանգը կանխելու համար, այլապէս հաւանական հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան՝ քան վերջին պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութիւնը:

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ

Մա՛յր բոլոր ասոնք ու աս պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր ու անոնք մէկ-մէկ սորվեցուցած աղօթքիդ պէս կը յիշեն, բայց՝ քանի որ կ՚ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով, այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն, որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կայ անդին։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերուն համար «Քովիտ-19»ի դէմ պատուաստուելու հարցը կը շարունակէ մնալ կարեւոր օրակարգի նիւթ։
Ճիշդ է, որ երկրին մէջ համավարակի տարածումը կը շարունակուի, սակայն այն առաջուան նման վախի մթնոլորտ տարածելու «ունակութիւնը» չունի։

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ ընդհանուր ժողովի ընթացքին ծաւալուն քննարկումներ:

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խորագիրս կը պատկանի ամերիկեան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող սերիալի մը, որ տարիներէ ի վեր եւ ամէն ուրբաթ իրիկուն ժամը 10-ին կը սփռուի հեռատեսիլի հանրայայտ կայաններէն մէկէն, իբրեւ շատ փնտռուած եւ յաջողած յայտագիր:

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

ԵՐԱՄ

Պարոն Հմայեակը քաղաքի եթէ ոչ ամենէն բարի մարդոցմէ, ապա առնուազն ամենաբարի շընկերներէն կը թուի ըլլալ։ Ֆիզիկոս գիտնական է։ Եւ սա էական յատկանիշներէն է իր։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մայթին վրայ, վաթսուններուն բարեւ տուող, իր արդուզարդին ուշադիր կին մը, շեղ քայլերով կը յառաջանար եւ դիմակին տակէն լսելի քրքիջ մը կ՚արձակէր: Դէմքէն միայն աչքերը կ՚երեւէին, բայց արդէն բաւարար էր անոնց տեսքէն նկատել տարօրինակ եւ ձայնեղ ուրախութիւն մը:

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021

Ուղղափառ աշխարհը այս օրերուն կ՚ապրի Ս. Զատկի տօնական ուրախութիւնը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքէն ներս ալ տաղաւարի շրջանին բնորոշ ուրախութիւնը այսպէսով վերակենդանացած է։

Էջեր