Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այսօր համայն աշխարհ կը նշէ 1961 թուականին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Թատրոնի միջազգային կաճառի իններորդ համաժողովին հռչակած Թատրոնի միջազգային օրը։ Այս համաշխարհային օրուան խորհուրդն է՝ նպաստել ազգերու միջեւ խաղաղութեան ու բարեկամութեան ամրապնդումին, աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներու համագործակցութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ ծառայութեան, աշխատութեան եւ գործի մէջ եթէ կը պակսի նուիրումի եւ կոչումի գիտակցութեան եւ պարտաճանաչութեան տարրը, այդ գործը որքան ալ լաւ արդիւնք ունենայ, չի՛ կրնար հասարակ, պարզ եւ սովորական գործէ մը տարբեր նկատուիլ։ Մանաւանդ հանրային ծառայութիւնը կը պահանջէ նուիրում եւ կոչո՛ւմ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումը ցաւառիթ էր մասնաւորապէս իր հոգեւոր զաւակներուն համար։ Մեր հովուապետի կորստեան վիշտը, մասնաւորապէս իր մասին խոկալու, անցեալի անմոռանալի յիշատակները անգամ մը եւս մտաբերելու, երբեմն իր ձայնը լսելու եւ կամ իր պատգամները կարդալու համար լաւ առիթ հանդիսացաւ։
Հաւաքեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընդհանրական եւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ յաճախակի կերպով անդրադարձած են պահեցողութեան մասին, երբեմն ալ նոյնիսկ ամբողջական ճառեր ու գրութիւններ նուիրած են բացատրելու համար պահքի ինչութիւնը: Այս գրութեան մէջ այդ գրութիւններէն փունջ մը պիտի ներկայացնեմ ընթերցողներուն, որպէսզի հաղորդակից դառնան Ս. Հայրերու հոգեմտաւոր գաղափարներուն, որոնք Ս. Գիրքի ընթերցանութեան կողքին պիտի օգնեն պահեցողին գտնելու ճշմարիտ ճանապարհը, որ պիտի առաջնորդէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրականութեան մեծերուն նամակները մեր գրականութեան ու պատմութեան համար անփոխարինելի նմոյշներ են: Անոնց մէջ կարելի է նշմարել այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն նամակագրին եւ հասցէատիրոջ կեանքին ու գործունէութեան վրայ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարք մը։ Աւանդական ծրագիր մըն է այս մէկը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 15-րդ անգամ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի տեսակցի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահը:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընհանուր քարտուղարը երէկ տեսակցեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։
Ֆրանսայի եւ Չինաստանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան տասնչորս պայմանագիր։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինը։
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ նախապէս երկու անգամ մերժուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը վերստին Երեսփոխանական ժողովին ներկայացնելու համար տակաւին չէ կրցած ապահովել երեսփոխաններու անհրաժեշտ զօրակցութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թերեզա Մէյ BREXIT-ի գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեց Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս։
Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի Փասքէ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի կողմէ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան դէպի Նիւ Եորք ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ 28 մարտ-11 ապրիլ թուականներուն։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի շարունակեն երկխօսութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ այս անգամ ուղղակի ժամադրութեամբ պիտի տեսակցին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:
Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ գահակալի վերջին Այգուցը՝ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ:
Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի համար Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ կատարուած արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ ամէն ոք կ՚ուզէ հասնիլ տեղ մը՝ յաջողիլ եւ երջանիկ ըլլալ։ Այս կը նշանակէ՝ ունենալ նպատակ մը՝ հեռատիպար մը եւ աշխարտիլ հոն հասնելու, նպատակը իրականացնելու համար։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Երգը լսելու ատեն կ՚ունենաք այն տպաւորութիւնը, թէ ան երէկ գրուած է: Անհնար է անջատել նուագարկիչը կամ փոխել երգը։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Բոլոր ժողովուրդներու պատմութիւնը գիտութիւն կը պահանջէ (թէեւ միշտ՝ առանց ամբողջովին անկախանալու ենթակայականութենէ): Ան եղած է միաժամանակ լայն առումով գրականութիւն: Իրականութիւններուն վրայ գումարուած են՝ երեւակայութիւնը, ցանկութիւնները, երազները, գեղեցկացումը, սեւացումը:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Յաճախ պատահած է, որ հռչակաւոր, տաղանդաւոր անձ մը անտաղանդ եւ անտարբեր ծնող մը եղած է իր զաւակներուն հանդէպ: Երբեմն պատահած է, որ նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք խոստովանած են, որ իրենք տեղեակ ալ չեն եղած, թէ իրենց զաւակները ինչպէ՛ս մեծցած են կամ ի՛նչ նախասիրութիւններ ունին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ կը պատրաստուէի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յօդուածիս վերջին տողերը աւարտել, Հալէպէն կը հասնէր ցաւալի լուրը։
Հալէպ գտնուող եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ սակրաւորներէն մին կը վիրաւորուէր, կոխելէ ետք կերպընկալէ պատուած ականի մը վրայ, որուն հետեւանքով ան ծանր կերպով կը վիրաւորուէր ու հիւանդանոց կը փոխադրուէր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտածէի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքէն ներս։