Արխիւ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔՐԵԱՆ
Մեր ապրած երկիրներուն մէջ դպրոց յաճախելու հիմնական դժուարութիւնը ընդհանրապէս կը նկատուի դրամական միջոցներու անբաւարարութիւնը: Բացի կրթաթոշակէն եւ գիրքերէն՝ շատեր նոյնպէս ունին երթեւեկի տաղտուկը, որմէ խուսափելու համար ոմանք կը քալեն… բայց լսա՞ծ էիք, որ կան լողալով եւ մագլցելով դպրոց յաճախողներ:
2019-ի Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանի սեմին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արեւագալի ժամ» գիրքը։ Սոյն գիրքը Գ. հատորն է «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եւ ձօնուած է Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։
Երէկ յետմիջօրէին Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին ենթարկուեցաւ տգեղ եւ անարգական արարքի մը։ Անծանօթ մը եկեղեցւոյ մայր դրան եւ յարակից պատերուն վրայ ներկով գրութիւններ գրի առաւ, նաեւ փորձեց սրբավայրի պատմութեան վերաբերեալ ցուցատախտակը հանել։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, որու համար մշակուած է ծրագիր մը
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան յոբելենական շրջանի աշխատանքներուն ներգրաւած է փորձառու վարպետ մը՝ Գագիկ Կարապետեանը, որ շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր
քաղաքիս մէջ կը գտնուի՝ վերահսկելու համար 2020 թուականի մեծ ձեռնարկներու նախապատրաստութիւնները եւ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը. «Պարի լեզուն երաժշտութիւնն է»
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Կեդրոնական Եւրոպայի հայկական ներկայութիւնը ունի իւրայատկութիւններ: Հայկական սփիւռքը այս երկիրներու մէջ կազմաւորուած է միջին դարերէն սկսեալ:
ԱՔ կուսակցութեան Թեքիրտաղի երեսփոխան Մուսթաֆա Շենթոփ ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի նախագահի աթոռը թափուր մնացած էր Պինալի Եըլտըրըմի հրաժարականով, որովհետեւ ան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չեմ գիտեր, ինչպէս առանց անդրադարձի, ինչ ոգիով անցնիլ դասարանիս առջեւէն։ Հոն՝ վերը երկրորդ յարկին վրայ եւ պատուհաններով դէպի Ֆանարի մայրուղին նայող այդ դասարանը եղաւ մեր բոլոր իղձերուն բնակարանը։ Հոն շաղեցինք մեր երազները եւ սպասեցինք, որ ամէն գարնան արձակենք մեր երազները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սոչիի ժողովն ու Սուրիոյ ընդհանուր պատկերը…
Եթէ երկու բառով փորձենք վերլուծական հայեացքով բնութագրումը կատարել անցեալ շաբաթ՝ 14 փետրուար 2019-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, ապա մէկ նախադասութեամբ պիտի ըսենք՝ «սպասողական»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրոյենց 1868-ին հրատարակած է «Իրաւախոհներ»ուն Ա. հատորը՝ ուր քննադատեց Հ. Յովսէփ Գաթըրճեանի «Հիմնական Տարբերութիւն» գիրքը։
Միակ առաջին այլ շարունակելի տետրով մը պատասխանեց ասոր Հ. Յովսէփ Գաթըրճեան՝ տեղ մը ի հարկէ անաչառ պատուադրութեամբ մը անուանելով Տէրոյենցը «Կաթոլիկ Եկեղեցիէն դուրս միա՛կ հայը, որ ցարդ մնացած է անհաւասարելի՝ Հռոմէական եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն պատմական հմտութիւններուն մէջ»։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շատ անժամանակ ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի համակրելի ու նուիրեալ դէմքերէն Աւետիս Արզուման։ Ան Սամաթիոյ ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին էր։ Աւետիս Արզուման ասպարէզով արհեստաւոր մըն էր, սակայն իր կեանքի անբաժան մասը դարձուցած էր ընկերամշակութային գործունէութիւնը։
Աշխարհահռչակ մեներգչուհի Յասմիկ Պապեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը եւս ծափահարուեցաւ իր արձանագրած փայլուն յաջողութեամբ:
Սարգսեան եւ Փաշինեան հիւրընկալեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը:
Վարչապետ. «Անպայման պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրները, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի առջեւ են»:
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին առթիւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ 19 փետրուարին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին, գործունէութեան ու վաստակին վերաբերեալ տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստած էին ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքին, Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Մելիսա Թուրաչ Պալչըք եւ Թամար Մանկասար։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս վերջերս կազմուեցաւ տիկնանց յանձնախումբ մը, որ անուանուեցաւ թաղի երբեմնի վարժարանի անունով։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ջանքերով գործել սկսաւ Վառվառեան տիկնանց կազմը։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
… Կ՚ըսէ գայլը՝ գառնուկին, «անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ կը խմես ջուրը»:
Առակը ծանօթ է բոլորիս: Գառնուկը ջուր կը խմէ առուակին վարի մասէն, իսկ գայլը, որ կանգնած է հոսանքի վերին մասին, գառնուկը կը մեղադրէ իր ջուրը պղտորելու յանցանքով:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Կը կարծեմ, թէ աշխարհիս վրայ չի գտնուիր մէկը, որ չէ լսած Ֆրանսայի մշտափայլ աստղ Էտիթ Փիաֆի գեղգեղուն ձայնը։
Շանսոն, անուշաբոյր, տաք քրուասան, բացօթեայ փոքրիկ սրճարանները նեղլիկ մայթերուն, Էյֆէլ, Շան զ՚Էլիզէ պողոտայ, նրբաճաշակ գեղեցկուհիներ…
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երկու երիտասարդներ Մաշտոցի պողոտան հանրակառք կը բարձրանան ու կողք-կողքի կը նստին. երեսուններու մօտ այս երիտասարդներուն աչքերը կը փայլին, զուարթ դէմքերէն կը ճառագայթեն երջանիկ շողեր, ու՝
-Էստեղից Ամիրեա՞ն կը գնան,- դիտելով կը հարցնէ մին, որուն կարօտաբաշխ հայեացքներէն նկատելի է անցեալի ու ներկայի համադրում մը, երկար տարիներու յիշողութիւններու վերականգնում մը:
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն ուշադրութեամբ կը հետեւի հեռուստակայաններուն:
Դաւիթ Կիւրճինեանի համոզմամբ, առանցքային նպատակն է գրական հայերէնի տարածումը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ այն եկեղեցականներուն հետ, որոնք վերապատրաստման դասընացքներու կը մասնակցին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։