Արխիւ

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) շէնքին առաջին յարկի նախասրահը, անցնող օրերուն, սգոյ մթնոլորտ ստաձած էր… Դռնէն ներս մտնողը կը լսէր դասական երաժշտութիւն, սեղանին վրայ վառող մոմերը եւ ծաղիկները կը խորհրդանշէին փետրուարի 18-ին կեանքէն հեռացած Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի անմեռ յիշատակը. ՀԲԸՄ-ը սգոյ մատեան մը բացած էր ու այս ձեւով վերջին հրաժեշտը տուաւ Բարեգործականի երկարամեայ նախագահներէն մէկուն, որուն մահը՝ 86 տարեկանին, վիշտ պատճառեց հարազատներուն եւ հայութեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Ազգային մեծ ժողովի նորընտիր նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփին։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ մատնանշեց, որ խորհրդարանը ազգային կեանքի խորհրդանշանը կը համարուի ու երկրի միասնականութեան կոթողը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «ԻՅԻ» կուսակցութեան կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Աֆֆան Քեչէճին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող մեր կարգ մը եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր երէկ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի կողմէ։ Երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգի վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

​Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, որուն կ՚ընկերանար եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք «Ս. Թագաւոր» մատենաշարէն վերջերս հրատարակուեցան՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հեղինակութեամբ պատրաստուած երկու գիրքեր։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Մէրամէթճեան վարժարանի սաներուն յաջող երեկոյթը՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրուան առթիւ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան պատուեց «Շիրինօղլու» սրահի ձեռնարկը:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական դասարանի սաները։ Այս տարի դպրոցի վերջին դասարանի տղաքը Հայաստանի մէջ քննութիւն յանձնելու կը մեկնին մաս առ մաս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ յառաջիկայ գարնան Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական համերգ մը, որ կազմակերպուած է յայտնի դաշնակահար Շահան Արծրունիի 75-ամեակին առթիւ։ Հայկական երաժշտական աշխարհի արդի հեղինակաւոր անուններէն մին է Շահան Արծրունի, որ նախկին պոլսահայ մը ըլլալու բերումով մեր համայնքէն ներս առանձնայատուկ համակրանք կը վայելէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ ջանքեր. յստակ թուական չկայ:
Հայաստանի վարչապետը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Սամաթիոյ ընտանիքը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ անժամանակ մահացած հարազատին:
Նորոգ հանգուցեալ Աւետիս Արզումանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 26, 2019

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դէմ շաբաթավերջին կատարուած տգեղ արարքին կապակցութեամբ, որով եկեղեցւոյ մայր դրան եւ պատերուն վրայ ներկով անարգական արտայայտութիւններ գրուած էին։ Թուրիքոյ Հանրապետութեան հանրային կարծիքին ուղղեալ այս յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս հարցին բերումով դիմած է Անվտանգութեան տնօրէնութեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չեմ գիտեր, ինչպէս առանց անդրադարձի, ինչ ոգիով անցնիլ դասարանիս առջեւէն։ Հոն՝ վերը երկրորդ յարկին վրայ եւ պատուհաններով դէպի Ֆանարի մայրուղին նայող այդ դասարանը եղաւ մեր բոլոր իղձերուն բնակարանը։ Հոն շաղեցինք մեր երազները եւ սպասեցինք, որ ամէն գարնան արձակենք մեր երազները։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ներքին խաղաղութիւն ունենալ, ներքին խաղաղութեամբ ապրիլ կեանքը՝ ամենամեծ հարստութիւնն է մարդուս համար։ Արդարեւ, յաճախ կը հարցնեն՝ թէ մարդ եթէ նոյնիսկ կատարելապէս առողջ ըլլայ, մարմնապէս, բայց ներքին խաղաղութիւն չունենայ, կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ եւ կրնա՞յ կատարեալ նկատել ինքզի՛նք։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔՐԵԱՆ

Մեր ապրած երկիրներուն մէջ դպրոց յաճախելու հիմնական դժուարութիւնը ընդհանրապէս կը նկատուի դրամական միջոցներու անբաւարարութիւնը: Բացի կրթաթոշակէն եւ գիրքերէն՝ շատեր նոյնպէս ունին երթեւեկի տաղտուկը, որմէ խուսափելու համար ոմանք կը քալեն… բայց լսա՞ծ էիք, որ կան լողալով եւ մագլցելով դպրոց յաճախողներ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

2019-ի Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջանի սեմին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կողմէ լոյս ընծայուեցաւ՝ «Արեւագալի ժամ» գիրքը։ Սոյն գիրքը Գ. հատորն է «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»ի եւ ձօնուած է Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութեան առաքեալ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

Երէկ յետմիջօրէին Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին ենթարկուեցաւ տգեղ եւ անարգական արարքի մը։ Անծանօթ մը եկեղեցւոյ մայր դրան եւ յարակից պատերուն վրայ ներկով գրութիւններ գրի առաւ, նաեւ փորձեց սրբավայրի պատմութեան վերաբերեալ ցուցատախտակը հանել։

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, որու համար մշակուած է ծրագիր մը
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան յոբելենական շրջանի աշխատանքներուն ներգրաւած է փորձառու վարպետ մը՝ Գագիկ Կարապետեանը, որ շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր
քաղաքիս մէջ կը գտնուի՝ վերահսկելու համար 2020 թուականի մեծ ձեռնարկներու նախապատրաստութիւնները եւ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը. «Պարի լեզուն երաժշտութիւնն է»

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

 ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Կեդրոնական Եւրոպայի հայկական ներկայութիւնը ունի իւրայատկութիւններ: Հայկական սփիւռքը այս երկիրներու մէջ կազմաւորուած է միջին դարերէն սկսեալ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 25, 2019

ԱՔ կուսակցութեան Թեքիրտաղի երեսփոխան Մուսթաֆա Շենթոփ ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի նախագահի աթոռը թափուր մնացած էր Պինալի Եըլտըրըմի հրաժարականով, որովհետեւ ան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։

Շաբաթ, Փետրուար 23, 2019

Սարգսեան եւ Փաշինեան հիւրընկալեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը:
Վարչապետ. «Անպայման պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրները, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի առջեւ են»:

Էջեր