Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հռչակաւոր դաշնակահարը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ այս ամառ եւս կեանքի կոչեց ուղեւորութիւն մը։
Շահան Արծրունի հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ իր պաշարը նոր սերունդին փոխանցելու եւ նոր տաղանդներ հասցնելու առաջադրութեամբ։ Յայտնի արուեստագէտը յուշանուէր մը ստացաւ Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին կողմէ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Չորս հարցում կը տրուի.
Առաջին հարցումը. Բանը ինչպէ՞ս մարմին եղաւ:
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախորդ շաբաթավերջին կազմակերպուած այս երեկոյթով ընթացաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Իսթանպուլի 30-րդ Ծանր պատժական ատեանէն ներս երէկ սկսաւ Կեզիի դէպքերու գործի դատավարութիւնը։ 2013 թուականին Թաքսիմի Կեզի ճեմապարտէզին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու դատավարութիւնը կ՚ընթանայ Սիլիվրիի կալանավայրի համալիրէն ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ներկայիս տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Այս շրջագայութեան նպատակն է Իրանի դէմ ստեղծել համաշխարհային համախոհութիւն մը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը առաջին հերթին այցելեց Սէուտական Արաբիա։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ գումարեց ժողով մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նիստի սկիզբին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի շուրջ անվտանգային միջավայրը ո՛չ միայն չէ լիցքաթափուած, այլեւ՝ ընդհակառակն։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ կողմէ ներածուած Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերու մասին։ Հակաօդային պաշտպանութեան այդ հրթիռները յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին պիտի յանձնուին Թուրքիոյ եւ այս պատճառով Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ յառաջացած է լարուածութիւն մը։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարութիւններ ըրաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ վարած վերջին բանակցութիւններուն շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Թուրան» գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացաւ Մամետեարովի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է ըլլայ փուլային։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հակառակ Արաբական ծոցի զարգացումներուն, Միջին Արեւելքի գերխնդիրը Սուրիոյ տագնապն է…
Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները նոր դրութիւն մը ստեղծեցին Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանին մէջ։
Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 շրջանի ընթացաւարտները վերջերս փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առին ու բռնեցին կեանքի նոր փուլի մը ճանապարհը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ իսկապէս մեծ խանդավառութեան։ Մխիթարեան վարժարանը այս տարի ունի 9 շրջանաւարտ։

Պաքըրգիւղի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսի ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, ուսուցչական կազմը, Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքը յիշատակուեցաւ աւանդական շուքով։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը երէկ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը Ս. Գայիանէի վանքին մէջ ընթերցուեցաւ հանդիսաւորապէս:
Շաբաթ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ժամանակ տղաքը նախ այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր մեծանուն պատրիարք երանաշնորհ Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրիմը։
Նորընտիր քաղաքապետը Իսթանպուլի բնակիչներու շարքին թուարկեց հայերն ու փոքրամասնութիւնները:
Ընդդիմադիր թեկնածուն առաւելութեան հասաւ՝ ապահովելով ձայներու 54 տոկոսը: Հանրապետութեան նախագահ
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պինալի Եըլտըրըմ անմիջապէս շնորհաւորեցին՝ ողջունելով ազգի կամքի դրսեւորումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը կարծես արտատպուած նկա՛ր մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Մարդն ալ իր հոգիին մէջ ունի լեռներ, լեռնագագաթներ, լեռնադաշտեր, ձորեր, հովիտներ, ծովեր, ծովակներ, լիճեր, ցամաքներ, փոթորիկներ, մրրիկներ, եղանակներ՝ գարուն, ամառ, աշուն ու ձմեռ, եւ այն ամէն ինչ որ կայ բնութեան մէջ… եւ այս իմաստով ահաւասիկ, մարդուս հոգին պատկերն է բնութեան, որոնք կը ներկայանան իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ որպէս «բնութի՛ւն»։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Պատահակութեան շնորհիւ ծնած այս երգը երիտասարդ ափրոամերիկացի երաժիշտի համար դարձաւ իսկական «յաջողութեան մեքենայ»։ Անիկա բարձ-րացուց արդէն յաջողութիւններ արձանագրած Ռէյը դէպի ամենաանհաւանական հորիզոններ եւ բերաւ մեծ հանրաճանաչութեան։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ճիշդ է, որ արհեստագիտութիւնը եւ նոր գիւտերը առօրեայ աշխատանքը որոշ չափով դիւրացուցած են, սակայն ոեւէ անհատի համար ժամերով աշխատիլը ունի իր անպատեհութիւնները եւ վնասները, որոնցմէ խուսափելու համար մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ կ՚ընեն եւ առաջարկներ, միջոցներ կը ներկայացնեն: Ընդհանրապէս կը թուի, որ անընդհատ եւ շատ աշխատանքը արդիւնաւէտ չէ: Քափիթըլ կայքը այս առընչութեամբ հրապարակած է յօդուած մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ վէճի նիւթ կ՚ընեն, թէ ո՞ր մէկը կարեւոր է կեանքի մէջ յաջողութեան եւ նպատակի հասնելու համար. քանա՞կը, թէ որակը։ Բայց կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ընդհանրապէս, եւ պէտք է ըսել՝ շատ յաճախ «քանակ»ին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն, «քանակ»ին ետեւէն են եւ ո՛չ թէ՝ որակին։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այսօր երեկոյեան հանդէս պիտի գայ Հայաստանի «Կեդրոն» հեռուստակայանէն։ Իսթանպուլի ժամով 19.30-ին պիտի սփռուի իր յայտագիրը, որ վաղը առաւօտ 10.30-ին ալ պիտի կրկնուի։