Արխիւ
Foreign Policy Centre անգլիական վերլուծական կեդրոնէն Կրէյկ Օլիֆանտի հետաքրքրական յօդուածը:
Ի՞նչ բարեփոխումներու եւ մարտահրաւէրներու կը սպասուի Հայաստանի մէջ՝ իշխանափոխութեան յաջորդած ներկայ փուլին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ էր եւ՝ կրկին ամառ: Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր: Մենք ալ՝ նոյնպէս: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ փախուստ մը սովորական եւ միօրինակ առօրեայէն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ոմանք պիտի կարծեն, թէ խնդրոյ առարկայ խնձորը ոսկիէ կամ թանկարժէք իրէ մը պատրաստուած է։ Անոնք բոլորովին կը սխալին, երբ կարդալով իրազեկ դառնան իրականութեան։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն մէջ, երբ հաղորդակցութեան բազմաթիւ գործնական եւ արագ միջոցներ ամէն օր կը ստեղծուին, տակաւին նամակատան եւ նամակաբաշխի միջոցով նամակներ ստանալը տարբեր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: Մանաւանդ ձեռագիր նամակները աւելի անմիջականութիւն ունին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2016 թուականն էր։ Արցախի քառօրեայ պատերազմը նոր հասած էր լրումին, երբ Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։ Ցոյցերուն թիրախը ԵԱՀԿ-ն էր, որ ըստ ցուցարարներուն, թերացած էր իր պարտականութիւններուն մէջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզ։ Թրքական շարժանկարի աշխարհէն ներս կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած եւ համբաւ ձեռք բերած արուեստագէտ մըն էր Արամ Կիւլեիւզ, որու բեմադրութեամբ արտադրուած բազում ժապաւէնները արդէն իրենց ուրոյն տեղը ունին թրքական շարժանկարի աշխարհի պատմութեան մէջ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ այն ձեռնարկներու շարքը, որ կեանքի կոչուեցաւ օգոստոսի վերջին շաբթուան տեւողութեան։ Օգոստոս ամսուան վերջին շաբթուան բոլոր օրերուն Գնալը կղզիի բարձունքին տեղի ունեցան մեր հաւաքական կեանքին, մեր մշակութային կեանքին տեսակէտէ յատկանշական զանազան ձեռնարկներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անոնք՝ որոնք զանազան գիւտերով կը ծառայեն գիտութեան, մարդկային մտքին կը ծանօթացնեն տիեզերքի Արարիչին ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը տիեզերական օրէնքներու մասին։
Արդարեւ, մարդկային մտքին հպումն է այս տիեզերական Մտքին, եւ սովորական տաղանդի մը գործը չէ որեւէ գիւտ։ Եւ այն գիւտերը՝ որ կը բարեփոխեն ամբողջ մարդկութեան կեանքի ընթացքը՝ կը նպաստեն մարդկութեան ուղղակի։
Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը, որ կառուցուած է Չինաստանի աջակցութեամբ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ դպրոցի աշակերտներուն համար չինարէնի ուսուցումը մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ:
Զուիցերիոյ նախագահը հանդիպեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի առճակատումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն:
Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։ Այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը Գնալը կղզիի վրայ եւ դարձեալ արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։
Նոր կառավարման դրութեան հաստատման զուգահեռ՝ բարեփոխումներու ծրագրերը թափ կը ստանան:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Վիզաներու ջնջման հարցին շուրջ Թուրքիա չի փափաքիր քաղաքական խոչընդոտներ»:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Առաջին երեք Աւետարանները կը կոչուին համատեսական Աւետարաններ, որոնցմէ երկրորդն է Մարկոսի Աւետարանը։ Անոնք թէեւ իրենց միջեւ տարբերութիւններ ունին, սակայն անոնք իրենց պարունակութեան ու բովանդակութեան գլխաւոր մասերուն մէջ կը նմանին։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Երէկ ուշադրութիւնս գրաւեց ամերիկեան պահպանողական թերթ՝ «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի տեսակէտ բաժնի տակ հրապարակուած մէկ վերլուծական յօդուածը, որուն հեղինակն է լրագրող Լ. Թոտ Ուուտը:
Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչե՜ր կը փոխէ պատերազմը։ Քաղաքներ ու գիւղեր, շէնքեր ու փողոցներ, պողոտաներ ու թաղեր։ Պատերազմը ունի դիմափոխող յատկութիւն մը, որ սովորական յատկութիւն մ՚ըլլալէ անդին իր մէջ կը ներառնէ ընդհանուր կազմաքանդումի հրէշային ամբողջ համակարգ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վերափոխման յաջորդող 4-րդ կիրակի, Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդացուի «Հինգ հազար հոգիի կերակրումը» բացատրող Ճաշու աւետարանի բաժինը. (ՄԱՐԿ. Զ 30-44)։ Վերափոխման յաջորդող այս 4-րդ կիրակին, այս տարի, կը հանդիպի 2 սեպտեմբեր օրուան։
Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարանները այս շրջանին կը դիմագրաւեն շարք մը դժուարութիւններ։ Այդ դժուարութիւնները խորքին մէջ խնդրոյ առարկայ են ընդհանրապէս երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններուն տեսակէտէ։
«Շատ մը գործատեղիներ կը վերաբացուին եւ քաղաքներէ դուրս գտնուողներ կը վերադառնան»:
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան. «Հայրենադարձութիւնը խօսք չէ, այլ գործ է»:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պաքու. բարձր մակարդակի հանդիպումներ:
Պինալի Եըլտըրըմ նշեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասին կը շարժին տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ: