Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018

Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան համերգ մը։ Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր գործող Շիշլիի քաղաքային խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր այս համերգը։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, սանուց միութեան պատուոյ նախագահ Թագուհի Մաթաթեան, ինչպէս նաեւ տիկնանց կազմէն Անի Քարաքելլէ եւ Մանիշակ Ույկունօղլու։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժարա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լե­ցին Այ­վա­լըք եւ Ճուն­տա կղզի։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, ո­րու կող­քին էին ու­սուց­չա­կան կազ­մէն Ե­րա­նու­հի Պալ­ճը եւ Ա­նիլ­տա Մե­նեք­շէ։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցեցան իւրաքանչիւր համայնքային դպրոցէ երեքական սաներ։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Գահիրէի մէջ մասնագէտներու կողմէ խոշորացոյցի տակ առնուեցան Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը:

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեք շաբաթ Հայաստանը լարումի մէջ պահած քաղաքական-քաղաքացիական շարժումը ուշադրութեան կեդրոն կը դառնար նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներուն:

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Ուսումնասիրեց՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կոչուած է նաեւ Սրբոյն Գրիգորի ժողով, Դուինի Ս. Գրիգորի Կաթողիկէին մէջ գումարուած ըլլալուն համար։ Գումարուած է 554 թուին Մարտ 29-ին, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի Կաթողիկոսի օրով, «ընդդէմ քաղկեդոնականներու», ինչպէս նաեւ նեստորականներու գտած համարձակութեան առաջքը առնելու համար

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբեմն «հին էջեր» թղթատել, անբացատրելի գոհունակութեան պատճառ կը դառնայ՝ նախ մարդ կրնայ բաղդատել հինը եւ նորը, անցեալը եւ ներկան, յետոյ կերպով մը ինքզինք կը ճանչնայ եւ ամենէն կարեւորը՝ իր երախտապարտութեան տուրքը կը վճարէ մասամբ, իր անցեալի երախտաւորներուն հանդէպ։ Այս իմաստով օգտակար է, նոյնիսկ անհրաժե՛շտ յիշել՝ անցեալը, անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերը եւ հաստատութիւնները։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Երէկ, մեր համայնքէն ներս տեղի ունեցան երկու եզակի համերգներ։ Մեծն Կոմիտաս վարդապետին ձօնուած նուագահանդէսները արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան թե­մի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը ե­րէկ նոր թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ընտ­րեց Տ. Դա­նիէլ Վրդ. Ֆին­տի­քեա­նը, որ պի­տի յա­ջոր­դէ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նին։ 

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ:
Պատրիարքարանը հետամուտ է գործնական լուծումներ գտնել՝ ընտրացուցակներու կատարելագործման համար:

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ», (ՅՈՎՀ. Ժ 7-9)։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքը այս շրջանին ցնցումի մէջ է խառն ամուսնութեան մը հետեւանքով։ Tert.am կայքէջի հաղորդումներով, Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Աղատատաշ Քերիմովի դուստրը ամուսնացած է ազգութեամբ հայ երիտասարդ գործարարի մը հետ։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Թուրք զինեալ ուժերը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս կը շարունակեն աշխատանք ծաւալել Աֆրինի մէջ։ Անոնք մասնաւորապէս կ՚իրականացնեն խուզարկման աշխատանքներ։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Հայկական մարզական աշխարհը այս օրերուն կը տօնախմբէ Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութեան ծիրէն ներս հայ մարզիկներու ապահոված փայլուն արդիւնքը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին օրերուն ոսկէ մետայլներ նուաճեցին Արթուր Ալեքսանեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Անգլիական BBC-ն ուշագրաւ եւ իսկապէս հետաքրքրական նիւթ մը ներկայացուց Հայաստանի մասին։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ BBC-ի նիւթին, ուր ներկայացուեցաւ Հայաստանի մասին վեց առանձնայատկութիւն։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի աւելի քան մէկ երրորդը ստորագրութիւն տուաւ Նիկոլ Փաշինեանի համար:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան միշտ շփման մէջ է օտարերկրեայ շրջանակներու հետ: Քրեմլին յոյս յայտնեց Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային բնոյթով յարաբերութիւններու տեւականացման ուղղութեամբ: Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով հերթական անգամ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ:

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Պողազիչի համալսարանի Գրականութեան ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ:
Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած YANYANA ծրագրին զուգահեռ տեղի ունեցած ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Արա Գօչունեան, Իվօ Մոլինաս եւ Միխայիլ Վասիլիատիս: Հաւաքոյթը վարեց յայտնի լրագրող Պուրճու Քարաքաշ:

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լիբանանցի յայտնի երգահան Էլիաս Ռահպանիին հետ բաւական մօտէն ծանօթութիւն ունեցած եմ եւ անվարան կրնամ վկայել, որ հայասէր մըն է: Հայասէր է նաեւ իր տղան Ղասսան Ռահպանին, փաստ՝ լիբանանահայ համայնքին նուիրուած վերը յիշուած հիանալի երգին մէկ յանկերգը:

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Իրարու հարց կու տան սուրիահայ կիները Երեւանի ՀԲԸՄ-ի, Վահէ Կարապետեան շէնքի, Քլոտիա Նազարեան բժշկական կեդրոնէն ներս, երբ ցուցատախտակին վրայ կը տեսնեն Տոքթոր Մերուժին անունը կինեքոլոք մասնագէտի ցանկին մէջ:

Էջեր