Արխիւ
Արեւմտահայերէնի համար ապահովուած ISO կարգանիշը հեռանկարներ կը խոստանայ լեզուի հարցերուն:
Այս յաջողութիւնը արձանագրուած է շնորհիւ Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի առանցքային դերակատարութեան:
Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու ղեկավարները համախմբուեցան՝ բազմակողմանի օրակարգով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի հետ:
Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան վերջերս բացատրութիւններ տուաւ Հիւսիւս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման գործընթացին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը յայտնեց, որ շինարարութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի շեշտը դնել հարաւային հատուածի վրայ։
Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանէ ներս օդի պէս պէտք պիտի ունենայ ուժեղ ընդդիմութեան մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային միջազգային ճնշումներու դիմակայելու համար։
Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Օթթօ ֆան Կերիկէի համալսարանի երդիքին տակ զրոյց:
Սարգսեան ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար կը կարեւորէ արդար եւ խաղաղ միջավայրի մը ստեղծումը. «Մենք պէտք է փորձենք այս բանը ընել այսօր, այլապէս ձեր եւ մեր երեխաները տարիներ անց ստիպուած պիտի ըլլան նոյն հարցը տալ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդը եւ բնութիւնը եթէ բաղդատուին, բաղդատութեան ո՞ր եզրով կարելի է համեմատել զանոնք, ըսել թէ՝ բնութիւնը մարդոց պէս կը վարուի՞, թէ՛ մարդիկ բնութեան պէս կը շարժին։ Սակայն սա իրական է, որ երկուքն ալ իրարու նման կը վարուին, կա՛մ, մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ եւ մէկը միւսին կատարեալ լուսաբանութիւնն է։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աս ի՞նչ է:
Կեղծ ժպիտը դէմքին ու հարցումները մտքին մէջ տողանձում մը կը գոյացնեն Փաթիլին ի տես սեղանին:
«Կալերի Սելվին» կը հիւրընկալէ Հայաստանի արդի նկարչութեան հեղինակաւոր վարպետներէն մին:
Տիգրան Ասատրեանի ստեղծագործութիւնները. հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու խաչմերուկին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գիտենք անշուշտ, որ Օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնեղէն եմ՝ մեղքին ստրուկ դարձած։ Ինչ որ կ՚ընեմ՝ չեմ հասկնար թէ ինչո՛ւ կ՚ընեմ։ Որովհետեւ ուզածս չէ որ կ՚ընեմ, այլ հակառակը՝ ատած բանս է որ կ՚ընեմ», (ՀՌՈՄ. Է 14-15)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան «Քարաքալլա» հռչակաւոր պարախումբի մենակատարներէն՝ Նարինէ Քէչէճեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այժմ տեսնենք, թէ Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը ինչպէս բացատրած են այս նախադասութիւնը:
Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին կ՚ըսէ. «Ապա, աղօթքի աւարտին, կ՚ըսես. «Ամէն»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սիրունը միշտ հիացուցած, իր կամքով եւ արուեստի նուիրումով զարմանք պատճառած է շատերուն, ով որ գիտէ զայն կամ ով որ լսած է անոր մասին: Անկրկնելի ոգի մը կայ այդ կնոջ մէջ: Իսկ վերջերս, ահաւասիկ, գիրք մը գրած է, բայց ոչ ձեռքով, կամ ալ՝ համակարգիչի վրայ տպելով, այլ՝ աչքերով:
Մխիթարեան վարժարանի մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ 24 նոյեմբեր, Ուսուցչաց օրը: Մխիթարեան հայրերու, վարժարանի վարչայիններու, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու ներկայութեամբ կայացած հանդէսին աշակերտները իրենց ինքնաբուխ ելոյթներով գիտցան կրկին սիրտերը գրաւել իրենց թանկագին ուսուցիչներուն:
Երէկ, Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը կազմակերպեց մեր կրթական մշակներու համար նախատեսուած տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ուսուցչաց օրուան շրջանին զուգադիպած այս պտոյտին մասնակցեցաւ շուրջ հարիւր կրթական մշակ։
«Klasik Gitar İçin Gomidas Vartabed Düzenlemeleri» գիրքը հրապարակի վրայ:
Տոց. Թունճէր Էօնտէրի հեղինակած աշխատանքի յառաջաբանը ստորագրած է Զեքիեան Գերապայծառ:
Վրաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Սա ընտրութիւններուն երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլն էր։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերու հիման վրայ՝ Հայաստանի արտասահմանեան դիւանագիտական կարեւոր ներկայացուցչութիւններու ղեկավար կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Արման Կիրակոսեան կը դադրի պաշտօնավարելէ որպէս՝ Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպան։
Հայկական զանգուածային լրատուական աշխարհը երէկ ունեցաւ կարեւոր կորուստ մը. ոչ եւս է յայտնի լուսանկարիչ Մարթին Շահպազեան։ 78 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է Մարթին Շահպազեան, որ իր լուսանկարչական արտադրութիւնը յառաջ կը տանէր բազմակողմանի ձեւով։
«Հայաստան Գերմանիան կը դիտարկէ՝ որպէս քաղաքական ու տնտեսական կարեւոր գործընկեր»:
Արմէն Սարգսեան եւ Անկելա Մերքէլ քննարկեցին Երեւան-Պերլին համագործակցութեան հեռանկարները: