Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու միշտ գիտական աշխարհի օրակարգին վրայ կը մնայ իր արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով։ Ան 1993 թուականէն ի վեր ակադեմական գործունէութիւնը կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն՝ Մասաչուսեցի փորձագիտական կաճառին (MIT) մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիաւ Պելոցերքովսքին, որ վերջին օրերուն Հայաստանի ղեկավարութեան յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն եւ ընդհանրութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան շնորհաւորեց դեսպան Շարլ Ֆրին:
Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ պաշտօնական հաւաքոյթ Ֆրանսական պալատին մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայաշատ թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ հզօր պայթում մը։ «Գանձասար» շաբաթաթերթի հաղորդումներու հիման վրայ «tert.am» կայքէջը տեղեկացուց, որ ականներով բեռնաւորուած ինքնաշարժ մը պայթեցուած է՝ Ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անհանգստութիւն պատճառել միջազգային ընտանիքին՝ մտահոգիչ բազում դրսեւորումներով։ Ճիպրալթարի նեղուցին մէջ վերջերս Իրանի նաւթատար նաւ մը բռնագրաւուած էր Անգլիոյ նաւատորմին կողմէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Արմէն Սարգսեան. «Պէտք է կարողանանք մեր առաւելութիւնները օգտագործել յաջողութեան հասնելու համար»:
ՀԲԸՄ ամառնային ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները հիւրընկալուեցան նախագահական ապարանքէն ներս:

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Անգարայի եւ Մոսկուայի իշխանութիւններուն միջեւ շփումները անընդհատ կը շարունակուին Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վերջին օրերուն մայրաքաղաքի մէջ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ, որուն կ՚ընկերանար Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս այցելած է Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս այցելութիւնը տեղի ունեցած է յունիսի 28-ին։ Ըստ երեւոյթին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները բաւական ուշ կը հրապարակեն այս ուղեւորութեան մասին։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

Պաթումի 16-րդ միջազգային համաժողովը՝ ձօնուած Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանին եւ ձեռքբերումներու ամփոփման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Թուրքիոյ՝ շրջափակման քաղաքականութեան բերումով:

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ցաւալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդկային խիղճը պատմութեան մէջ աննախընթաց անկում մը, վատասերում մը կը կրէ աշխարհի գրեթէ ամէն երկիրներու մէջ՝ մանաւանդ վերջին շրջաններուն։ Շատեր կան որ «պատիւ»ը նիւթական արժէքի մը պէս կը նկատեն, ճիշդ ինչպէս դրամը, գործը, տունը, ստացուածքը նիւթական են։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանն ենք: Շուրջ երկու ամիս հայրենիքը «վայելելէ» ետք, տէր եւ տիկին Ամերիկա կը վերադառնանք: Առաւօտ շատ կանուխ էր:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

2005-ը սկսաւ «Հայ գիրերու գիւտին 1600-ամեակ»ի տօնակատարութեան յատուկ պատրաստութիւններով։ Անտարակոյս Հայ գիրերու գիւտը ամենէն կարեւոր իրողութիւններէն մէկն է Հայ ընկերային եւ հասարակական կեանքին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ագահութիւնը մարդ արարածի ամենէն մեծ թերութիւններէն մէկն է, որովհետեւ երբ մարդ այս հիւանդութեամբ կը վարակուի, անտանելի ու անկուշտ կը դառնայ: Հիւանդութիւն կ՚ըսենք, որովհետեւ ինչպէս ցանկացած հիւանդութիւն մարդուն մարմինը կը կրծէ ու կը հիւծէ զայն, ճիշդ նոյն ձեւով ալ ագահութիւնը կը կրծէ ու կը հիւծէ մարդու հոգին, զայն վերածելով անջրդի անապատի մը, ուրկէ կը բացակային մարդկայնութիւնն ու Աստուծոյ օրհնութիւնները:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սինկափուրի հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ «Վանտա Միսս Ճոակիմ» խոլորձի արձանին բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Այս արարողութիւնը առիթ դարձած է, որպէսզի անցնող օրերուն, Սինկափուրի եւ Հայաստանի մէջ անգամ մը եւս յիշուի, որ Սինկափուրի ազգային խորհրդանիշ այդ ծաղիկը իր անուանումը ստացած է ի պատիւ Սինկափուրի մէջ բնակած հայազգի ծաղկաբոյծ, գիտնական Ակնէս Ճոակիմին (Աշխէն Յովակիմեան), որ այս ծաղիկը խաչասերած եւ ստացած է իր երիտասարդութեան տարիներուն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը միշտ կ՚արդարացնէ իր գոյութիւնը շրջանաւարտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութեամբ։ Դպրոցէն այս տարի շրջանաւարտ եղած են՝ Լիպարիտ Պաղտասարեան, Անդրանիկ Եդիգարեան, Լինա Մովսիսեան, Իոլա Ղուկասեան, Էլէն Սարգսեան, Կարինա Ղազարեան, Ռուզաննա Պապայեան եւ Լիա Սիմոնեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան արդէն երկար տարիներ առաջ յայտարարած է, որ թեկնածու է Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելու համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող ծրագրի ծիրին մէջ, Արցախի դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու շուրջ 150 մանկավարժներ հետեւեցան բժշկական առաջին օգնութեան վերապատրաստման դասընթացքներու: Ապագայ բժիշկները երկու օր սորվեցան օձի եւ կարիճի խայթոցներու եւ այրուածքներու ատեն կենսական նշանակութիւն ունեցող հմտութիւններ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» հանրապետական մարզադաշտին մէջ կ՚ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսած է, որ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 25-ը, իսկ յուլիսի 27-էն սկսեալ պիտի ըլլան գլխաւոր փորձերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ օգոստոսի 5-ը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան յուլիսի 14-27 թուականներուն, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլ խաղացողներու ազգային հաւաքականներու ախոյենութեան աւարտական մրցաշարքին պաշտօնական դեսպանն է:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

4 յուլիսին Տաւուշի մարզին մէջ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով հայրենի անուանի ծանրաբարձ, 30 տարեկան Աղասի Աղասեան մահացաւ:
Անոր հետ ինքնաշարժին մէջ էին նաեւ անոր ընկերները՝ Յակոբ Լոբասեան (Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ) եւ Վարդան Դաւթեան:

Էջեր