Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երբ Սուրիոյ պատերազմը ընթացք առաւ, ոչ ոք կը մտածէր, թէ այդքան մեծ թիւով հալէպահայեր Երեւան պիտի հաստատուին։ Դէպքերը շատ արագ զարգացան եւ երբ ռազմական գործողութիւնները հասան Հալէպ, մեծ թիւով հալէպահայեր իրենց շունչը քաշեցին Երեւանի մէջ։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
2009 թուականին պոլսաբնակ համշէնցի երիտասարդներու կողմէ ստեղծուեցաւ «Մելուսես» անունով երաժշտական խումբ մը, որ այլընտրանքային ռաք ոճի երաժշտութիւն կը յօրինէ, բայց յաճախ համշէն(ահայ)երէն լեզուով։
Խումբին անունը ինքնին համշէն(ահայ)երէն է։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վերջերս կը թերթէի Դիմատետրը, երբ յանկարծ ուշադրութիւնս հաճելիօրէն սեւեռուեցաւ մանկութեան տաքուկ յուշեր ու զգացումներ առթող այս քաղցրաշունչ պատկերին վրայ։ Պատկեր, որ զիս ակնթարթօրէն տեղափոխեց հեռու անցեալներ…
Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ երէկ այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Այսպէս, 11-րդ դասարանի տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ։
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարին նոր հատորը կը համարուի եզակի հրաատարակութիւն մը Աստուծաշունչի յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն։
Վալանսի մէջ աւելի քան 107 հազար եւրօ հանգանակուեցաւ՝ հայկական դպրոցի ծրագրին ի նպաստ:
Ֆրանսահայ իրականութենէն ներս կայուն թափով զօրակցութիւնը կը շարունակուի կրթական նոր ոստումի մը ակնկալութեամբ:
«Սփութնիք Արմէնիա» հաղորդեց, որ երէկ Երեւանի եւ Վանի միջեւ տեղի ունեցած է մասնաւոր թռիչք մը։ Սա չարթըր թռիչք մը եղած է, սակայն կը համարուի շատ յատկանշական։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ խնդրոյ առարկայ դարձած էր Երեւանի եւ Վանի միջեւ ուղիղ թռիչքներու կազմակերպումը, սակայն աւելի վերջ վերջին պահուն այդ ծրագիրը ձախողած էր։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Կը յուսամ մենք կը սկսինք աշխատիլ 2020 թուականի ուղղութեամբ»:
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ի մասնակիցներուն ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Երեւանի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի խումբ մը ուսանողներ։ 1-4-րդ լսարանէ ուսանողական խումբը գլխաւորեց ամպիոնի վարիչ Տքթ. Պարլոու Սրկ. Տէր-Մկրտիչեան։
Սկիւտարի սանուց միութենէն ներս վերջերս գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով։ Այս առթիւ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ անդամները.
Պերճ Զընկըք, Յովհաննէս Չաքրաքլը, Լեռնա Քարատերէ, Արա Տանաճը, Սէրտար Էսքիճի, Հաճը Արման Չիչէքօղլու, Դալար Էօքքէ։
Այս տարի Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ հայերէնի փառատօնը, որ դարձած է աւանդական։ Վերջին տարիներուն իւրաքանչիւր կրթական շրջանի վերջին շաբթուան կը զուգադիպին այս փառատօները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ է այն խորհրդաւոր պատճառը, որ հակառակ բազում դժուարութիւններուն ու գեհէնին, բազմաթիւ հալէպահայեր կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց ծննդավայրին։ Ի վերջոյ կրնան նոյնիսկ առարկել, որ Հալէպը եւ, առհասարակ, Սուրիան հայկական հող չէ ու այդ հանգամանքը արդէն բաւարար է, որ հոն ապրող հայերը լքեն զայն ու հեռանան...
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յունիսի 1-ին, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի ծննդեան օրը, Երեւանի իր բնակած տան մէջ, բացուեցաւ երգչուհիին տուն-թանգարանը…
Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42 տուն 3 հասցէն երկար ժամանակ մշակութասէր հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տասնաբանեայ»ն, այսինքն «Տասը խօսքեր»ը կը համառօտեն եւ կը հռչակեն Աստուծոյ Օրէնքը։ «Տասնաբանեայ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «տասը խօսքեր»։ Այս տասը «խօսքեր»ը Աստուած Իր ժողովուրդին յայտնեց սուրբ լերան վրայ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այժմ դառնանք մեր վարդապետներու խօսքերուն, որ կ՚ըսէ.
Խօսք. «Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9):
Ֆութպոլի 2020 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան որակաւորման փուլի ծիրէն ներս, Հայաստան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Լիխթենշթայնը։ J խմբաւորման հանդիպումներուն ծիրէն ներս հայկական ընտրանին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Լիխթենշթայնի դէմ։
«Մտքերու հայկական գագաթաժողով» Հայաստանի նախագահի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ:
Տոմինիք տը Վիլփէն. «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն վերջ ձեւաւորուած աշխարհակարգը փուլ կու գայ»:
Սամաթիոյ մէջ պատահած յարձակումէն վերջ, Սարգիս եւ Արփինէ ամոլը պիտի վերադառնայ Հայաստան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին փութաց արտագաղթած ընտանիքի այցելութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց Սպիտակ Ռուսիոյ պատրիարքական էկզարխ, Մինսքի եւ Զասլաւի մետրապոլիտ Փաւելը։ Այս վերջինը այցելութեան առթիւ ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ, երէկ, Հոգեգալուստի տօնին։ Տօնական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։