Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Տիեզերական ժողով կը կոչուին քրիստոնէական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականութեան համընդհանուր եկեղեցական ժողովները, որոնց ընդունած որոշումները ողջ Ընդհանրական Եկեղեցին պարտադիր կը համարէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զատիկէն յետոյ իրերայաջորդ կիրակիներուն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի գարունը՝ որ վերակենդանութան, նոր կեանքի խորհուրդը կը պարունակէ իր մէջ։
Զոր օրինակ, ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձանք, Զատկին յաջորդող երկրորդ Կիրակին՝ որ է Յինանց երրորդ Կիրակին, աշխարհամատրան անունով կը յիշուի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ երբ կ՚ապրի ներկայ ժամանակաւոր կեանքը, պէտք է անիկա նպատակ մը ունենայ, պէտք է անցք մը նկատուի ան՝ հասնելու համար կատարեալին՝ անժամանակ կեա՛նքին։ Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ ներկայ կեանքով վերջանար ամէն ինչ, այլապէս իմաստ մը պիտի ունենա՞ր կեանքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը հանդէս կու գայ խստապահանջ ունկնդիրներու առջեւ:
Մալթայի միջազգային երաժշտական փառատօնին կը նշուի նաեւ երգահան Արամ Խաչատուրեանի 115-ամեակը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Արմէն Սարգսեան պաշտօն ստանձնած է հաւատ ունենալով ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա նուրբ դերակատարութիւն մը ունի դաշինքէն ներս:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկա հիմնուած FLY բարեսիրական միութեան երիտասարդական մարմնի պատասխանատու Ալինա Սամուէլեան FLY-ի գործունէութեան ծիրէն ներս վերջերս այցելեց Երեւան, ուր պատասխանեց մեր հարցումներուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Կը շնորհաւորեմ յարգելի պարոն Արա Գօչունեանը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, եւ կը մաղթեմ, որ օրաթերթը ունենայ անխափան եւ արգասաւոր ուղի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի սրտին մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ, գործող «Կրանտ հոթել Երեւան» («Երեւան») պանդոկէն ներս բացուած է ինքնատիպ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի ծննդեան 110-ամեակին: Այս ցուցահանդէսով, ըստ էութեան, մեկնարկած է «Երեւան պանդոկի բնակիչները» նախագիծը, որ Երեւանի քանի մը թանգարաններուն եւ «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին համատեղ մշակութային ծրագիրն է:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ժամանակի թաւալքին հետ միասին բոլորս իբրեւ անցաւոր էակներ կ՚ապրինք, կ՚արարենք, կը ստեղծագործենք, բայց ժամանակ մը ետք մեր աչքերը փակելով՝ կը ննջենք։ Սակայն ժամանակի թաւալքը չի՛ կրնար կասեցնել անմահանուն անուններու անմահ գործերը, որոնք իրենց հետքը ձգած են ժամանակի հոսունութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Լրագ­րող­նե­րու մօտ ըն­դու­նուած է ը­սել՝ ժա­մա­նա­կը ցոյց կու տայ: Ես շատ ալ չեմ սի­րեր այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ բո­լոր իմ ու­սա­նող­նե­րուս կ՚ը­սեմ, որ եր­բեք մի՛ գոր­ծա­ծէք այս ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը յօ­դուած­ներ գրե­լու ժա­մա­նակ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հակառակ որ շրջան մը աշխատած եմ նաեւ հեռատեսիլի մէջ, որ կը թուի՝ աւելի գայթակղիչ տեղ մըն է, սակայն տպագիր թերթը լրագրողիս համար եղած է եւ կը մնայ առաջնային, քանի որ մանուկ հասակիս առաջին գրութիւնս տպագիր թերթի մէջ լոյս տեսած է, ինչ որ ճակատագրական եղած է յետագայ լրագրողական աշխատանքի համար՝ ճանապարհ բանալու առումով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Յար­գե­լի ներ­կա­ներ, թոյլ տուէք մին­չեւ իմ խօս­քիս սկ­­սի­լը շնոր­հա­ւո­րել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը՝ 110-ա­մեա­կի առ­թիւ, շնոր­հա­ւո­րել Ա­րա Գօ­չու­նեա­նը, ա­նոր ծնող­քը, կո­ղա­կի­ցը, ո­րոնք բո­լո­րով, այս նոր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, պահ­պա­նե­լով ըն­տա­նե­կան ա­ւան­դոյ­թը, յա­ռաջ կը տա­նին շատ պատ­կա­ռե­լի կեն­սագ­րու­թիւն ու­նե­ցող այս թեր­թը…

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Խօսքը ժողովրդային բառին մասին է, որ այս թերթը արդէն հարիւր եւ տասն տարիէ կը պահէ: Պոլսոյ զիկ-զակներէն, անոր նեղ ու աղմկոտ փողոցներէն սլացող, «գաղտնի ճամբայ» մը կը բանար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ինծի համար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Հայաստանի մէջ քոնիաքի արտադրութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի, կը շարունակէ մնալ որպէս խոշոր գործ: Երկրի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը կրնայ պարծենալ անով, որ այստեղ մէկ շունչին բաժին հասնող քոնիաքի թորիչները աւելի շատ են, քան աշխարհի որեւէ այլ քաղաքի մէջ, նսյնիսկ ֆրանսական Քոնիաքին մէջ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կ՚ըսուի յայտնի Forbes պարբերականին մէջ հրապարակուած լայնածաւալ յօդուածին մէջ, որ վերնագրուած է՝ «Բացայայտելով հայկական պրանտիի աշխարհը»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Ես ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­թեր­ցողն եմ ար­դէն հինգ տա­րիէ ի վեր եւ ե­րե­ւի, թէ չեմ գի­տեր՝ քի­չե­րէ՞ն մին, թէ՞ շա­տե­րէն մին, թէ, որ ե­ղած եմ նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տա­նը, ուր շատ աշ­խա­տան­քա­յին մթնո­լորտ կայ, շատ բա­րե­կա­մա­բար կ՚ըն­դու­նին բո­լո­րը եւ  նոյն կերպով կը ճա­նա­պար­հեն: 
ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մա­սին խօ­սե­լու ա­տեն ես կ՚ու­զեմ ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը յատ­կա­նի­շեր նշել. Նախ՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը, կը կար­ծեմ, տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին թերթ է, հա­կա­ռակ, որ ան կը հրա­տա­րա­կուի Պո­լիս, բայց շնոր­հիւ այն հար­ցադ­րում­նե­րու, ո­րոնք ընդգր­կուած են ա­նոր է­ջե­րուն մէջ եւ նաեւ շնոր­հիւ Սա­գօ Ա­րեան թըղ-թակ­ցի, որ սիւ­նակ ու­նի այն­տեղ, ան կը դառ­նայ տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին թերթ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ Սուրիոյ դէմ տրուած հարուածը կը շարունակէ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ընդհանրապէս, մեկնաբանները համոզուած են, թէ Արեւմուտքը փափաքած է ուժի ցոյց մը ընել Սուրիոյ մէջ, ուր Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կը ծաւալի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սիրոյ կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը աւելի յստակ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել. եթէ չկայ սէր, չկայ նաեւ որեւէ բան մարդուս համար։ Արդարեւ սէրը կեա՛նք է եւ կեանքի աղբիւր, եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք. եթէ սէր չկայ՝ կեանք ալ չկա՛յ։

Էջեր