Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Յայտնի մեներգչուհին Երեւանէն քաղաքս հասնելէ առաջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Կապի Կալոյեան. «Բոլորին կողմէ սիրուած մեր ժողովրդական երգերով հանդէս պիտի գամ Իսթանպուլի մէջ»:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ հանդէս մը։ Մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, դպրոցի պատասխանատուները, կրթական մշակներ, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Երթանք տեղ մը ճաշենք, տղա՛ք,- կ՚ըսէ Սագօ:
-Այո՛, համաձայն եմ, երթանք,- կը յօժարի Վարդան:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Վեր. Ա. Ա. Պետիկեանի -ԱՊԱ- «Գրչանկարներ Պարտիզակ Գիւղին» գիրքին մասին, Հալէպէն Մ. Հ. Մարկանեան յունիս 20, 1953 թուակիր «The Gotchnag - The Armenian Weekly» շաբաթաթերթին մէջ «Մի՛ կարդար եթէ կրնաս» խորագրով կը ներկայացնէ իր տպաւորութիւնները։ Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք այս գրութենէն՝ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի հանդիպում մը ունենալ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ յառաջիկային կը նախատեսէ այցելել Փեքին, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Չինաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմին կողմէ այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուած է դէպի Թուրքիա։ Թեմակալ առաջնարդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի կողմէ գլխաւորուած է այս խումբը։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կատարուած դիմումի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ Խորհրդակցական մարմինը երէկ գումարեց ժողով մը:
Գումգաբուի մէջ բոլոր հաւանականութիւնները հաշուի կ՚առնուին, որպէսզի մեր ժողովուրդը ունենայ խղճի հանգստութեան երաշխիքներ: Աշխարհական վարիչներէն կ՚ակնկալուի զսպուածութիւն:

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազնուութիւնը յատկանիշ մըն է կատարեալ մարդ ըլլալու։ Արդարեւ, ազնուութիւնը դասակարգէ, հարստութենէ, տիտղոսէ, դիրքէ եւ աստիճանէ բոլորովին անկախ վիճակ մըն է։ Այս իմաստով իրապէս վիճելի է, թէ ազնուութիւնը ընդոծին յատկութիւ՞ն մըն է, թէ՝ ստացական։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Բա­րի սա­մա­րա­ցիին ա­ռա­կը (Ղկ 10.25-37).
«Օ­րէն­քի ու­սու­ցիչ մը ե­լաւ եւ Յի­սու­սը փոր­ձե­լու հա­մար ը­սաւ.

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ահաւասիկ մայիս է, հայ ժողովուրդի յաղթանակներուն ամիսը։
Այդ յաղթանակներու վառ օրինակներէն են Աւարայրի (451 թուականի մայիսի 26-ին), Սարդարապատի ճակատամարտերը (1918 թուականի մայիսի 29-ին), մայիս իննեան եռատօնը՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի եւ, ի հարկէ՝ Շուշիի յաղթանակը: 

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մտաւորական, մանկավարժ, վիպագիր, հրապարակագիր, արեւմտահայ ժողովրդավար գործիչ Մատթէոս Մամուրեանի այս երկու նամակները իր հայկական նամականի շարքէն են:
«Ծաղիկ»‚ «Մեղու»‚ «Կիլիկիա»‚ «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու էջերուն մէջ լոյս տեսած իր բազմաթիւ յօդուածները Մամուրեան ամփոփած է «Հայկական նամականի» (1872) եւ «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը» (1881) հրապարակախօսական գիրքերուն մէջ, ուր կ՚երեւին ազգային-ազատագրական պայքարի, Հայաստանի տնտեսական զարգացման հարցերը:

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աւանդական միջվարժարանային գիտական խրախճանքը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 15-րդ անգամ։ Համայնքային միջնակարգերու մեծամասնութիւնը մասնակցութիւն բերաւ այս խրախճանքին, որու ծիրէն ներս ներկայացուեցաւ 46 ծրագիր։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի նոր կազմը արդէն ձեւաւորուած է։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս ատենապետի պաշտօնին կոչուած էր մեր համայնքի համակրելի դէմքերէն Արի Չոլաք, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Այս կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պիտի ձեռնադրէ երեք նոր եպիսկոպոս։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2019

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, հակամարտ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան Վիեննայի յայտարարութեան:
Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի վերջին իրադարձութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019

Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Խեր ըլլայ» թատերախաղի կալան։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն մասնակից թատերասէրները հաճելի ժամանց ունեցան այս զաւեշտով։ Խաղի բեմադրիչն է համակրելի անուն մը՝ Գրիգոր Տինչքայըքճը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած փառատօն մը։ Նախընթաց օր դպրոցին մէջ այս փառատօնի երկրորդ փուլին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Այս առթիւ անոնք ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին այբբենարանին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019

Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ «Սասունցիներու պարը» ներկայացումը, որ ձօնուած էր Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով պաքըրգիւղցիներ եւ գեղարուեստասէրներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» ժողովածոյի երկորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի արխիւի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է այս գիրքը։

Էջեր