Արխիւ
Պուլկարահայ համայնքէն երեք գործիչներ այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Անոնք են՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Շաքարեան, Փլովտիւի մօտ նախկին պատուոյ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան եւ համայնքի յայտնի դէմքերէն Աղաւնի Գէորգեան։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վաղը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ:
«Երբ որ տեղն ու ժամանակը գայ, Թուրքիա Եփրատի արեւելքին անպայման վերջ պիտի տայ ԵՓԿ-ի սպառնալիքին»:
Պիւյիւքտէրէի «Ֆուատ փաշա» ապարանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս «պրանչ»ը համախմբեց մեր համայնքէն շուրջ 300 տիկիններ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա այլեւս առանձինն չի կրնար դիմադրել հաւանական նոր գաղթականներու ալիքի մը։
Երէկ երեկոյեան, Չըրաղանի պալատին մէջ Պուտափեշտի գործընթացի վեցերորդ նախարարական հաւաքի մասնակիցները հիւրընկալուեցան նախագահ Էրտողանի կողմէ։
Ոչ եւս է ազգային երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն:
ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահը եզակի կերպար մըն էր հայոց արդի պատմութեան մէջ ունեցած դերով:
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի համազգային յոբելեանը քաղաքիս մէջ նշուեցաւ Էսաեանի երդիքին տակ կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկով մը, որու զուգահեռ կեանքի կոչուած «Գիրք նուիրելու օր»ուան ծրագիրը ցոլացուց համայնքային հրատարակութիւններու խայտաբղէտ պատկերը:
Անանց պատգամ նոր սերունդին:
Արա Գօչունեան, Բագրատ Էսդուգեան, Մայտա Սարիս եւ Արամ Քամպուրեան մեր երիտասարդներուն հետ խոհեր բաժնեցին՝ հայերէնի եւ անով պայմանաւորուած վիթխարի ժառանգութեան շուրջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայնքային յայտնի վարչային մը անցեալ օր զրուցելու ընթացքին խորհուրդ կու տար, որ աւելի սերտ կապի մէջ ըլլանք մեր վարժարաններու աշակերտութեան հետ՝ որպէս հայ մամլոյ խմբագիր։ Քանի մը քաղաքավարական խօսքով փորձեցի անմիջապէս նիւթը փոխել։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Հայաստան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հիւլէական ուժի գիւտին հեղինակները, կրնա՞ն արդեօք լուծել պարզ հունտի մը բարդ եւ անիմանալի ուժին խորհրդաւոր գործելակերպը, գաղտնիքը, եւ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կը տարբերին հետեւանքները երբ պատճառները նոյն են. լոյսը, հողը եւ ջուրը…։ Հրա՜շք մը՝ որուն պարզաբանութիւնը բաւական դժուար է մարդկային մտքին համար։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գարուն էր…
Զարմուհիներս՝ Գոհարն ու Գայիանէն Ռուսաստանէն մեզի հիւրութեան եկան։ Ինձ համար, որպէս նուէր երկու «պարպի» պուպրիկ՝ մանչ եւ աղջիկ, բերին։
Կեսարիոյ մէջ երէկ յայտնաբերուեցաւ 13-րդ դարէ մնացած պաստառ մը, որու վրայ պատկերուած է Տէր Յիսուսի խաչելութիւնը։ «CNN Türk»ի հաղորդումներով, Կեսարիոյ մէջ ոստիկանութիւնը խուզարկումներ կատարեց առեւտուրի կեդրոնէ մը ներս եւ այդ գործողութեան ընթացքին ձեռք անցաւ սոյն պաստառը, որու արժէքը կը գնահատուի շուրջ 5 միլիոն թրքական լիրա։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Քրեմլինի պալատի երդիքին տակ երկու ղեկավարները պիտի անդրադառնան Սուրիոյ տագնապին եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան:
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր այսօր Պրիւքսելի մէջ կը հիւրընկալէ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ BREXIT-ի գործընթացէն ներս ստեղծուած փակուղին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ հայութիւնը նշեց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ հռչակուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը: Այս օրերուն մարդաշատ են թումանեանական յիշատակի վայրերը՝ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը Երեւանի մէջ եւ թանգարանի վերածուած Թումանեանի տունը՝ անոր ծննդավայր Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր Երեւանի մէջ են։ Այսպէս, միջնորդները հանդիպումներ կ՚ունենան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Հայաստանի ոստիկանութիւնը շաբաթավերջին բերման ենթարկեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի մը՝ 53-ամեայ Ֆարուք Ս.։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի հետ սահմանակից Բագրատաշէնի անցման կէտին վրայ տեղի ունեցաւ այս իրադարձութիւնը։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 31 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Պինալի Եըլտըրըմ Իսթանպուլի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, երէկ շարունակեց իր աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը Գերմանիոյ մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այցելեց Եւրոպական հարաւային աստղադիտարան եւ Միւնիխի Թեքնիկ համալսարան։
The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը:
Ուաշինկթընի եւ դաշնակիցներուն առկայ տարակարծութիւններէն կրնան օգտուիլ Մոսկուան եւ Փեքինը: