Արխիւ
Sayın Aram Ateşyan
Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili
Çok değerli Ermeni vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum.
Birinci Dünya Savaşı’nın zor ve sıkıntılı şartlarında vefat eden Osmanlı Ermenilerini anmak üzere, bugün İstanbul Ermeni Patrikhanesi’nin çatısı altında toplanmış bulunuyorsunuz.
Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին վրայ սկսած են 2018 թուականի պեղումները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտութեան խումբի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան նշած է, որ այս տարուան Նոր Կարմիրաւանի պեղումները 2016 թուականի հետախուզական պեղումներու շարունակութիւնն են:
Վիեննայի պետական օփերան ներկայացուցած է 2018-2019 թուականներու նոր տարեշրջանի ծրագիրը: Ան 2019 թուականի Մայիսի 25-ին կը նշէ իր հիմնադրութեան 150-ամեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վիեննայի մշակութային կեդրոնի տնօրէնութենէն յայտարարած են, որ հանդիսատեսները ամէն տարի կը դիտեն 50 օփերա, 16 պալէ, 5 մանկական բեմադրութիւն եւ համերգային այլ միջոցառումներ:
Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ողբերգական դէպք մը։ Տեղական ժամով շուրջ 13.30-ին քաղաքի կեդրոնի բանուկ պողոտաներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցաւ այս սահմռկեցուցիչ դէպքը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութեան առանցքը կը կազմէ սովորականէն դուրս պանդոկ մը, որ կը գտնուի Քոլորատօ նահանգի Էսթէս Փարք քաղաքին մէջ։
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Երաժշտական մարաթոն»ը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այսօրուան պատանիներն ու երիտասարդները նախորդ սերունդներէն աւելի լեզուներ գիտեն եւ բոլոր ժամանակներէ աւելի հաղորդակցելու արհեստագիտական միջոցներու կը տիրապետեն:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-հրապարակային ձեռնարկ՝ նուիրուած արեւմտահայ երկու տիտաններու՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի: «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» Բ. տարի դասագիրքս յանկարծ աչքիս զարկաւ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցին իր հիմնադրութեան օրէն իսկ միշտ տէր կանգնած է որբին, այրիին, կեղեքեալին եւ աղքատին։ Եկեղեցին թանգարանացած վայր մը չէ, այլ ան կենդանի, շնչող ու սփոփարար սպեղանի է իւրաքանչիւր հայորդիի համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Շաբաթէ մը ի վեր Երեւանի մէջ էինք, ուր ականատես եղանք Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ծնունդ առած փոթորիկին։ Շուրջ երեք տասնամեակի անցեալ մը ունի Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը, որու կայացման գործընթացը զուգորդուած է ծայր աստիճան բարդ պայմաններով։ Երիտասարդ պետականութեան ու առաւել եւս երիտասարդ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ ներկայ տագնապալի իրավիճակը ունի յատկանշական բնոյթ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ զայն։ Քանի որ ո՛ւր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ՝ անոնց միջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։
Իսթանպուլի պետական օփերայի մանկանց երգչախումբը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու կարեւոր համերգներով։ Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, «Զորլու» առեւտուրի կեդրոնի սրահին մէջ։
«Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ Երեւանի շրջագայութեան պէտք է սկսի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն»:
Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան. «Փափաքեցայ անգամ մը եւս հպարտութիւն զգալ՝ տեսնելով մեր հնութիւնները»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ծանր Կիրակի մը: Եթէ ուզենք մէկ բառով բնորոշել. երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը ապա պիտի գրենք եւ ընդունինք, որ ծանր օր էր:
23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
Ազգային գերիշխանութեան տօնին զուգահեռ կը նշուի խորհրդարանի հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Զգօն Ծ. Վրդ. Տէր-Յակոբեանի «Սէր եւ ամուսնութիւն» աշխատութիւնը։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գրաեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, ըստ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի, միօրեայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ շնորհաւորելու համար պետական աւագանիի երկու բարձրագոյն դէմքերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամ Նիկոլ Փաշինեանի անուան հանդիպեցայ 2008 թուականին: Մարտի դէպքերն էին ու Պէյրութն ալ դարձած էր այդ «թէժ դէպքեր»ու քննարկման վայրերէն մին: Գրող Արփի Ոսկանեանը նամակ մը առաքած էր ինծի ու ես այդ նամակը հրապարակայնացնելով կարդացած էի այդ օրերուն բաւական «աշխոյժ» լիբանանահայ մտաւորականներու համախմբման յարկին տակ: Նամակը թեր ու դէմ կարծիքներու ալիք մը ծաւալած էր եւ ներկաներէն շատեր չիմանալով Երեւանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը՝ մնացած էին «ափ ի բերան»:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթական մշակներ, ծնողներ, հիւրեր, դպրոցի պատասխանատուներ եւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ։