Արխիւ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր Լեհաստանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկեան կողմը գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։
Զօհրապ Մնացականեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նիւ Եորքի հաւաքի ընթացքին:
ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի Բարեկամներու խումբի նախարարական հանդիպումը:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր Լեհաստանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ամերիկեան կողմը գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարգ մը համաձայնութիւններու հասան ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին:
Երկու ղեկավարները վերահաստատեցին բանակցային գործընթացի նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պերլին, ուր փոխանակուեցան պատգամներ:
Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն Սուրիոյ հարցին շուրջ գագաթաժողովը՝ յաջորդ ամիս:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մի քանի տարիներ առաջ ձեռնարկեցի ուսումնասիրութիւն մը Տուպայիի-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումի ու յանձնառութեանը մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը կատարեցի հնդիկ բանուորներու հետ՝ արական եւ իգական սեռրէ, որոնք տարբեր տեսակի աշխատանքներու մէջ են իրենց արտասահմանեան աշխատանքային կեանքերու մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամ շուրջ հարիւր երիտասարդներ եւ ծառայողներ, օգոստոսի մէջ, ժամանեցին Հայաստան, մասնակցելու համար աննախընթաց համագումարի մը՝ աջակցութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Չորս աւետարաններուն մէջ, Ղուկասու աւետարանը ամենէն երկար պարունակութիւն ունեցող աւետարանն է։ Ղուկասն է որ ամենէն աւելի տեղեկութիւն կու տայ Յիսուսի մանկութեան մասին՝ քաղելով զանոնք բերանացի աւանդութիւններէ։
Տ. ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Հինգ տաղաւարներու վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը վայելելու կը պատրաստուինք։
Եթէ գարնան օրերուն հանդիպող Ս. Զատկի տօնը բնութեան ծաղկումին ու ուրախութեան նման հաւատացեալներու սիրտին ու հոգիին յարութեան աւետիսը ու յոյսը կը ներշնչէ, հոգ չէ թէ աշունը իր դեղնած բնութեամբ ու մելամաղձոտ երեւոյթով յուզէ մարդը, ճիշդ հակառակը, Ս. Խաչի տօնը կեանքի զանազան պատճառներով հաւատացեալներու սրտին ու հոգիին մէջ տեղ առած յուզումները, յուսահատութիւնները, ծանրաբեռնուածութիւնները կը փարատէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչի տօներուն վերջինն է Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ այս տարի կը տօնուի 30 սեպտեմբեր կիրակի օր։ Արդարեւ, Խաչի միւս բոլոր տօները հասարակաց են բոլոր եկեղեցիներուն, բայց Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը միայն կը տօնէ Հայ Եկեղեցին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Տ. Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի յատկանշական նուէրը՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համար:
Այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական անուան տօնախմբութեան ժամանակ կը լսուի նոր կոչնակին ձայնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի սիրուած ու յար-գըւած դէմքերէն Արեգ Էրքման, որու անժամանակ կորուս-տը սուգի մատնած է թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ընկերային շրջանակը։
Արեգ Էրքման ծնած էր 1947-ին Պոլսոյ մէջ։
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր ակադեմական Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան վերջերս ուսումնասիրութեան մը համար յօդուած մը որոնած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Սիոն» պաշտօնական պարբերաթերթի հին՝ 1866 թուականի թիւերուն մէջ։ Ան ի մէջ այլոց քանի մը հետաքրքրական տեղեկութիւններ գտած է Պոլսոյ ամիրաներու կողմէ այդ ժամանակ Երուսաղէմի պատրիարքութեան համար կատարուած նուիրատուութիւններու մասին՝ մասնաւորապէս Պալեան ամիրայի Եալովայի կալուածը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աշնանային մեղմանուշ զեփիւռը կը տարածուի ամէնուր: Ծառերը ամէն օր նոր երանգներով կը գունաւորուին դիտողին հմայք մը, շլացում մը պարգեւելով: Անոնք մերթ դեղնաւուն են, մերթ՝ կարմրաւուն, մերթ՝ մուգ սրճագոյն, մերթ՝ նարնջագոյն...:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս ծաղիկը արեւուն կը դառնայ, որպէսզի անոր ճառագայթները համաչափութիւն եւ գեղեցկութիւն տան իրեն, նոյնպէս մենք պարտինք Արդարութեան Արեգակին դառնալ՝ որպէսզի երկնային լոյսը կարենայ փայլիլ մեր վրայ եւ թափանցել մեր մէջ, եւ մեր նկարագիրները զարգանան Քրիստոսի նմանութեամբ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան՝ մինչեւ տարեվերջ դարձեալ հանդիպում մը ունենալու համար:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Նիւ Եորքի վերջին օրերու բազմակողմանի շփումներու լոյսին տակ:
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր կառավարիչ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան վերջին օրերուն այցելեց Պէյրութ։ Այս ծիրէն ներս Զեքիեան Գերապայծառ Անթիլիասի մէջ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Անպայման նորէն Հայաստան պիտի երթամ»։ Այսպէս յայտնեց մեզի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն։ Իր ոդիսականը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց։ Ումութ Ալի Էօզմէն եւ իր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ Երեւանի մէջ պատասխանեցին մեր հարցումներուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական մամուլի եւ լրահոսի ամենադաժան լուրերը սահմանէն հասնողն են: Հազարաւոր մարդիկ իրենց շունչը բռնած կը հետեւին այդ լուրերուն, եւ ցաւ ի սիրտ, գրեթէ ամէն շաբաթ զոհուած զինուորի մը լուրը կը կարդան… Սեւազգեստ մայրերուն եւ երիտասարդ կիներուն թիւը կ՚աճի, որբացած մանուկները կը սպասեն ծառայութենէն տուն դառնալիք իրենց հայրերուն… Երկիրը կը ծանրանայ նոր ցաւերու տակ: