Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Թիֆլիզ։ Ան ելոյթ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումին ժամանակ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ շաբաթավերջի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքին կողմէ տարուած յաղթանակին կապակցութեամբ։ ՀԲԸՄ-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը.

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը եկաւ հիմնովին փոխել Հայաստանի ներքին համայնապատկերն ու հաւասարակշռութիւնները:
Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած ուժերը տիրացան Ազգային ժողովի բացարձակ մեծամասնութեան, մինչ լուրջ ընդդիմութեան կամ մրցակցութեան մը հաւանականութիւնը գոյութիւն չունի ներկայիս:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018

Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով տարած յաղթանակէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ զրուցեց օտարերկրեայ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Սփուտնիկ-Արմենիա» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ խօսած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

«Համաշխարհայնացման դիտանկիւնէ Օսմանեան կայսրութիւնն ու հայերը. մշակոյթ եւ տնտեսութիւն» գիտաժողովը եզրափակուած:
Զեքիեան Գերապայծառի ջանքերով կեանքի կոչուած բազմակողմանի ծրագիրը արդարացուց ակնկալութիւնները՝ հեղինակաւոր մասնագէտներու համախմբումով:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ ժողովը վերջերս տեղի ունեցաւ Միլանոյի մէջ:
Զօհրապ Մնացականեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման առանցքին կը գտնուին կարգավիճակը եւ անվտանգութեան հարցերը»:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ Սպանիոյ նորանշանակ դեսպան Խուան Կոնզալէս Պարպան, որու հետ էր նաեւ իր կողակիցը։ Սպանիոյ դեսպանը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան ու ծանօթանալ թրքահայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնի գործունէութեան եւ առաքելութեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն ներս ձեւաւորուեցաւ ամուր մեծամասնութիւն մը: Խորհրդարանէն ներս թէեւ յեղափոխականներու դիրքը ամրապնդուեցաւ, սակայն արտահերթ ընտրութեան մասնակցեցաւ ընտրողներու հազիւ 48.6 տոկոսը: Նոր իրավիճակի մէջ կը նախատեսուին նոր ձեւաչափեր:
Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Իմ քայլը» դաշինքը ապահովեց քուէներու 70.43 առ հարիւրը: Միայն եւս երկու կուսակցութիւն յաջողեցան յաղթահարել նուազագոյն շեմը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տնտեսական կեանքը՝ որ կը համապատասխանէ «նիւթական կեանք»ի, բոլոր անհատներու եւ ընկերութիւններու բարօրութեան, ըսենք՝ երջանկութեան հիմունքն է։
Եւ շրջանի մը մէջ՝ ուր ա՛յնքան բազմապահանջ է կեանքը, եւ ուր այնքան անհամար վայելքներու տիրանալու համար տարիները այնքան կարճ, ամէնուն հոգեւին ջանքն է բուռն թափի մը ատեն՝ զոր իր գործունէութեանը մէջ կը դնէ, յաջողի՛լ իր ձեռնարկներովը, աշխատութիւններովը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Հոլանտայէն։ Արդարեւ 69 տարեկան մի ոմն՝ Էմիլ Ռէթըլպէնտ, դիմած է դատարան՝ խնդրելով, որ իր տարիքը փոխեն 49-ի։ Բայց ինչո՞ւ: Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։
Էմիլ հետեւեալ պատճառաբանութիւնը կը ներկայացնէ իր տարիքի փոփոխութեան խնդրանքին առընչութեամբ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երէկ, Հայաստանով մէկ տեղի ունեցած ընտրութիւնները աւարտեցան խաղաղ մթնոլորտի մը մէջ։ Մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը Հայաստանի ժողովուրդը գամուած մնաց պատկերասփիւռին առջեւ հետեւելու համար քուէախոյզ՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քուէահամարներուն, հետեւաբար նաեւ սկզբնական արդիւնքներուն:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ տարեկան աւանդական Բաժակի օրուան առթիւ։ Զանազան սերունդներէ սաներ համախմբուեցան մեծ ուրախութեամբ, նաեւ դպրոցի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներով տոգորուած։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին համերգ մը տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ այլք։ Ձեռնարկի հովանաւորն էր մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Տարեկան ընթացիկ հանգանակութեան զուգահեռ ազդարարուեցաւ նաեւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին նուիրուած յոբելենական շրջանի սկիզբը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Թաղային խորհուրդը յուշանուէրներ պատրաստած էր նորոգութեան ծրագրի աջակիցներուն համար։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր շեշտը դրաւ կրթական կեանքէ ներս որակական ոստումի մը անհրաժեշտութեան վրայ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քուէարկեց Էջմիածին քաղաքի 14/11 ընտրական տեղամասին մէջ, ուր Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ։ Քուէարկելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Նախ գրամեքենայի գիւտով եւ արագ տարածումով, իսկ այժմ համակարգիչի ամբողջական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին մարդոց ձեռագիրի վարժութիւնը (գրել եւ ձեռագիր էջ մը կարդալ) անհետանալու վրայ է: Սակայն ձեռագիրը եւ տետրակը, մանաւանդ նոթատետրը տակաւին ունին շունչ մը, որոնցմէ զուրկ են ե՛ւ մեքենան, ե՛ւ միայն ատկէ կախեալները:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վաղը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական արտահերթ ընտ-րութիւններուն հայկական աւանդական կուսակցութիւններէն միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) պիտի մասնակցի: Միւս երկուքը՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) որոշած են մասնակցութիւն չբերել եւ այս մասին ալ հանդէս եկած են յայտարարութիւններով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Պատրիարքական Աթոռը երէկ Գումգաբուի մէջ մեծարեց մեր համայնքէն կրթական մշակներ։ Այսպէս, «Պէզճեան» սրահին մէջ համախմբուեցան համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր կրթական կեանքի նուիրեալներուն հետ համախմբուեցաւ ընդունելութեան սեղաններու շուրջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կալանաւորուած է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի աշխատակցին հետ զրուցելու ընթացքին Արթուր Վանեցեան ըսաւ.

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ նախօրէին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ զրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցութիւն բերած էին Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին։

Էջեր