Արխիւ
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
10 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, 51 տարեկանին Գերմանիոյ Հոհենհոնոֆ քաղաքին մէջ մահացաւ հայոց հինաւուրց Արծրունի տոհմին վերջին շառաւիղներէն Անդրէաս Երեմիայի Արծրունի (1847-1898):
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Բարե՜ւ, Անի: Ինչպէ՞ս ես: Դեռ նոյն տո՞ւնը կը բնակիք:
Սայաթ Նովա պողոտային վրայ անակնկալ հանդիպման մը միջոցին կ՚ըսէ դասընկերս, որ պատերազմի պատճառով հոս փոխադրը-ւողներու փաղանգին կը պատկանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական բարենորոգման հարցին մէջ՝ ընդհանուր բաղձանքն է ամենէն առաջ իր դերին եւ պարտականութիւններուն գիտակցութեանը մէջ եւ իր կոչումին հաւատարմութեամբ բարձրացած տեսնել հայ եկեղեցականը։ Ուստի, հոգեւորականութեան յատկապէ՛ս ամուսնացեալ եկեղեցականութեան պէտք է տալ իր արժանաւոր դիրքը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Զրոյցի ընթացքին դպրոցի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ աշակերտութեան թիւը այս տարի 120 հոգի կը կազմէ։
Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան վերջերս արձագանգեց Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ նախատեսուած բարեփոխումներուն։ Ան ողջունելի համարեց մանաւանդ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս բարեփոխումներու իրականացման առումով Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։
Միջերկրականի արեւելքին մինչեւ 2022-ը պիտի կառուցուի նոր կազամուղ մը:
Յունական Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Եգիպտոս։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Մխիթար Հայրապետեան պիտի մէկտեղուի եգիպտահայ համայնքի շրջանակներուն հետ։
Լրագրող-հրապարակագիր, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի նախկին հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն, երեսփոխան (ՃՀՓ) Էնիս Պէրպէրօղլու, որ միջոցէ մը ի վեր բանտարկուած էր, երէկ ազատ արձակուեցաւ Վճռաբեկ ատեանի որոշմամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ատեանի 16-րդ պատժական բաժանմունքը հաստատեց Էնիս Պէրպէրօղլուի համար սահմանուած՝ 5 տարի 10 ամիս ազատազրկման դատավճիռը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ զինուոր մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ժամը շուրջ 13.30-ին երկրի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պաշտպանութեան տարածքէն ներս, պայմանագրային ժամկէտային զինուորական ծառայող Հայկազ Մատթէոսեան (1980) դարձած է Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակի թիրախը։
Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատարը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Փաշինեան եւ Միյաթովիչ անդրադարձան քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղղեալ ջանքերուն:
Էրտողան խօսեցաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութեան շուրջ:
Փենթակոն վերապահութիւն կը դրսեւորէ Իտլիպի հարցին շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան նկատմամբ:
Ս. Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ։ 40 վայրկեան տեւեց զրոյցը, որու բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չկան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ վարժարաններու ցանցը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ։ Համայնքի օրակարգը ներկայիս ծանրաբեռնուած է համապատասխան խնդիրներով։ Տարիներէ ի վեր մեր համայնքը մեծ զոհողութիւններով կը պահէ թէ՛ դպրոցները եւ թէ միւս հաստատութիւնները։ Այդ կառոյցներու ցանցը ստեղծուած է այնպիսի ժամանակներուն, երբ այս քաղաքին մէջ ո՛չ միայն շատ բարձր թիւով հայեր կ՚ապրէին, այլեւ՝ քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան մէջ հայերը կը կազմէին լուրջ համեմատութիւն ու բոլոր բնագաւառներու մէջ ունէին ստուար ներկայութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանահայ գործարարներու միութեան անդամները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Հայաստան։ Այս միութեան նախագահն է Մուրատ Աքեիւզ։ Գերմանահայ գործարարներուն ուղեկցեցան Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան եւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան։
Գալֆաեան Տան մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը սկսաւ տօնական մթնոլորտով։ Վերամուտի առաջին օրը բնորոշուեցաւ հանդէսով մը, որուն ներկայ էին խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր գործակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Պատմական դպրոցը այս առթիւ ողջունեց իր 188-րդ վերամուտը՝ դռները լայն բացած իր սիրասուն սաներուն առջեւ։ Նոր տարեշրջանի մեկնարկին առթիւ աշակերտներուն հետ դպրոցին մէջ համախմբուեցան նաեւ իրենց ծնողները։
Գումգաբուի ընտանիքը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանի սեմին։ Երէկ երեկոյեան, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Պէզճեան սրահին մէջ համայնքային շրջանակներէ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տրուեցաւ սիրոյ սեղանի պատրաստական աշխատանքներուն մեկնարկը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս յօդուածը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ղրկած է Հոլանտայի մէջ գործող
«Հոլանտական օրագիր» կայքէջը, որ տասը տարուան պատմութիւն ունի՝ հոլանտահայ կեանքը բազմակողմանի կերպով լուսաբանող եւ մեծ համբաւ ունի Եւրոպայի հայութեան մօտ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
բ) Երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները:
Այս խնդրանքին մէջ Տէրը կը սորվեցնէ մեզի Աստուծոյ կամքին կատարումը երկրի վրայ ինչպէս որ երկինքի մէջ: Այստեղ հարցումը, որ կու գայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի միտքին մէջ, այն է, թէ երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները:
Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենայ գրքի փառատօն։ Այսպէս, Երեւանի Կենդանաբանական պարտէզը տարիներէ ի վեր կը զբաղի ոչ միայն կենդանիներու պահպանութեամբ, խնամքով եւ վերականգմամբ, այլ նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական, հետազօտական, գիտական ծրագրերու, որոնք պարբերաբար կ՚իրականացուին բազմաբնոյթ միջոցառումներու, էքօ-ակումբներու, յատկանշական օրերու եւ զանազան նախաձեռնութիւններու տեսքով: