Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

 Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Գիր մը, հնչիւն մը, բառ մը, բառեր, իրերայաջորդ տողեր, միտքեր իրարու ետեւէ սուրացող, քառեակներ ներաշխարհէ մը դուրս սպրդող՝ յոյզեր, յուզումներ ու ցաւեր կը գծագրեն: Պաստառը մերթ սիրոյ որոնումէն յուսալքուած ապրումներ կը ցուցադրէ, մերթ՝ սիրոյ կրքոտ յարաբերութիւն մը, մերթ՝ յոյսով լի տողերով կը գծէ հեռաւոր հայրենիքի լուսաւոր ապագան:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Ներքին քաղաքական տագնապը կը խորանայ՝ որքան ատեն, որ տեղի չունենան ընտրութիւններ:
Նիկոլ Փաշինեան մտադիր է անպայման գործադրել իր վարկածը՝ անկախ միւս կուսակցութիւններու դիրքորոշումէն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի հերթական ժողովին:
Պէյքոզի գումարներու արժեւորման եղանակներուն շուրջ առաջին անգամ պաշտօնապէս տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Գումգաբու: Դպրեվանքի խնամակալութիւնը Պատրիարքարանը տեղեակ պահած չէ իրեն հասած վերջին հատուցման շուրջ: Հայկ Ասլանեան, Նշան Քարա եւ Խաչիկ Ճանէլ նուիրատուութիւններ կ՚ընեն՝ Կեդրոնականի Տոլափտերէի տարածքի արժեւորման նպատակով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայնքապատկան կալուածներու խնդիրը անպակաս է թրքահայութեան օրակարգէն։ Կար ժամանակ մը, մօտաւոր անցեալին, երբ մեր համայնքը միշտ կը գանգատէր կալուածներու պարագային կատարուած անարդարութիւններէ, իրաւունքի ոտնձգութիւններէ եւ անոնց արժեւորման համար դրուած արգելքներէ։ Ժամանակները փոխուեցան, պետութիւնը տարբեր վերաբերմունք որդեգրեց եւ փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներու ծիրին մէջ համայնքապատկան կալուածներու արժեւորման առջեւ նոր հորիզոն մը բացուեցաւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը վերաբերի ֆրանսահայ անմոռանալի ու մեծանուն ծաղրանկարիչ Ռընէ Հովիւեանի (Հովիւ) թողած մեծ ժառանգութեան։ Հովիւը սփիւռքահայ եզակի արուեստագէտներէն մին էր եւ իր դիտարկումները այնպէս մը կը նկարէր, որ ժամանակի ընթացքին մաս կազմած են հայոց հաւաքական յիշողութեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ամենօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր»:
Որոշ մեկնիչներ այս խնդրանքը բացատրած են, որպէս ֆիզիքական՝ նիւթական հացի խնդրանք, սակայն անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Ան, որ սորվեցուց մեզի չմտահոգուիլ մեր ուտելիքին, խմելիքին ու հագուելիքին մասին՝ ըսելով, թէ՝ «Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան այնպիսի շինարար՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր սկզբունքներ, որոնք կեանքը կը դիւրացնեն եւ անոր ընթացքը կ՚որոշեն։
Զոր օրինակ, ուրիշի մը հետ վարուիլ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ կ՚ուզես վարուին քեզի հետ։ Այս կը նշանակէ՝ հասկնալ ուրիշին զգացումները, մտածումները եւ համեմատել զանոնք իր զգացումներուն, իր մտածումներուն հետ, եւ ըստ այնմ վարուիլ կամ շարժիլ ուրիշներու նկատմամբ։ 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Երեւանի Մատենադարանին մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Մատենադարանի բարերարներէն իրանահայ բանասէր, գրող, ուսուցիչ, յայտնի հասարակական գործիչ Լեւոն Մինասեանի դուստրը՝ Արմինէ Մինասեան հաստատութեան նուիրեց իր հօր անձնական գրադարանէն հնատիպ արժէքաւոր գիրքեր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց «Քարնեկի» հիմնարկի կեդրոնը:
Արմէն Սարգսեան եւ Վարդան Գրիգորեան կը կարեւորեն գիտական, կրթական ու ծրագրերը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած ժողովը գլխաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր Փարիզի մէջ պիտի յուղարկաւորուի վաղը եւ միւս օր։ «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ վաղը նախատեսուած է փառաշուք սգահանդէս մը, որով հրաժեշտ պիտի տրուի Շարլ Ազնաւուրին, որ 94 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր ցաւ յառաջացնելով ամբողջ աշխարհի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան Գաթայի փառատօնը, ուր այցելուները տեսան եւ համտեսեցին աշխարհի ամենամեծ գաթան: Նոյն առիթով տեղի ունեցան՝ գաթայի պատրաստութեան մրցում, ազգային խաղեր, ձիավարութիւն, արիշտայի պատրաստութիւն եւ ինչպէս միշտ՝ երգ ու պար:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած վերջին զրոյցին։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու ղեկավարները ԱՊՀ-ի Տուշանպէի գագաթաժողովին ժամանակ ունեցած էին զրոյց մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պրիւքսելի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ ժամանակը եկած է՝ որպէսզի ԵՓԿ-ականները ամբողջութեամբ դուրս բերուին Մենպիչէն եւ այնտեղ վերադառնայ տեղացի ժողովուրդը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը Զուիցերիոյ մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն յայտարարութիւններ ըրաւ դիւանագիտական օրակարգի հարցերուն շուրջ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը կը բնորոշէ Հայաստանի ներքին օրակարգը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան դարձեալ մեծ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ երէկ երեկոյեան աղօթք հնչեց աշխարհահռչակ արուեստագէտի հոգւոյն ի հանգիստ:
Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, «Էնվալիտ»ի մէջ: Ներկայ պիտի ըլլան Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շարլ Ազնաւուրի կորուստին հետ դէմ յանդիման, մեր խոնարհումը կը բերենք՝ իր մարմնաւորած կերպարին եւ վիթխարի վաստակին առջեւ։
Ազնաւուր ֆրանսական շանսոնի արքան էր եւ հայոց ազգային հերոսը։ Իր մահէն վերջ կը նշուի, որ ան աշխարհի ամենայայտնի ֆրանսացի արուեստագէտն էր եւ աշխարհի ամենայայտնի հայը։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Խումբին միացած էր նաեւ թաղի պատուոյ ատենապետուհին՝ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Եթովպիոյ աւագ հիւպատոս Ուոնտիմու Կեպրեմիքայէլը։
Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս մէջ գոյութիւն ունի եթովպացի համայնք մը, որու հաւատացեալները՝ իբրեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խումբի անդամ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանակիցներու շարքին կը դասուին։

Էջեր