Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Պրիճիթ Պրինք շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը այս առաւօտ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Կլոր սեղան. «Համագործակցութիւն յանուն բարգաւաճման. յաջորդ 100-ամեակի ռազմավարական ծրագրաւորում»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան կ՚այցելէ Երեւան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Այսօր մենք պարտաւոր ենք առանձնայատուկ խորութեամբ գիտակցիլ հայոց պետականութեան նշանակութեան»:
Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կը նշուի յոբելենական տօնակատարութիւններով - Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ մաղթանք - Սարտարապատի յուշահամալիրէն ներս արարողութիւններ:
Անգլիացի աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճոն այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Յայտնի արուեստագէտը Երեւանի մէջ է՝ լսողական սարքեր արտադրող Starkey ամերիկեան ընկերութեան կողմէ ձեռնարկուած բարեգործական ծրագրի մը շրջանակներէն ներս։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գարուն» մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը։ Փոքրիկները յայտագիր մը պատրաստած էին՝ վերահսկողութեամբ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Մարգրիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Ժաննա Մելքոնեանի։
Կեդրոնական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտները շաբաթավերջին այցելեցին՝ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր հիւրընկալուեցան թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից օր, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ չորրորդ անգամ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ յանուն սանուց միութեան վարչութեան՝ Մելիսա Թաշճեան։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներու օրուան առթիւ։ Առաւօտուն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Էսաեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին հերթական անգամ համախմբուեցան սերունդները՝ աւանդական բաժակի օրուան բարձր տրամադրութեամբ:
Յոբելեար ընթացաւարտները մեծ հրճուանք ապրեցան՝ ստանալով յուշանուէրներ - Բոլոր էսաեանցիները միաբերան ու խանդավառութեամբ երգեցին «Ողջո՜յն տաճար իմաստութեան»ը:
«Արփի» թատերախումբը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս թատերախումբը 23 տարի վերջ վերակենդանացուցած է իր աշխատանքը՝ բոլորովին նոր սերունդով մը։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստութիւն։
- Պատրաստութիւնը պատարագիչ անձին պատրաստութիւնն է, որ տեղի կ՚ունենայ յատուկ աղօթքներով եւ յատուկ զգեստաւորումով, աւանդատան մէջ, առհասարակ ժողովուրդին աչքէն հեռու:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
ՆԱՍԱ-ն Շաբաթ օր յայտնեց, որ կը մտադրէ 2020 թուականին Հրատ մոլորակ ուղղաթիռ ուղարկել:
Գործակալութեան մասնագէտները սարքին վրայ աշխատած են չորս տարի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երուսաղէմի Պատրիարքանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընթերցողներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըստ Եկեղեցական Օրացոյցի, Եղիա մարգարէի յիշատակի տօնը, այս տարի կը հանդիպի 27 Մայիս Կիրակի օրուան, որ է Հոգեգալուստէ ետք առաջին Կիրակին։ Սուրբ Եղիա Մարգարէ աստուածաշնչական մարգարէներու մէջ առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր անապատական եւ հրաշքներով լեցուն կեանքով, ինչպէս նաեւ կրակոտ նախանձախնդրութեամբ եւ իր անսովոր վախճանով։
Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի հեղինակած նոր գիրքը լոյս կը սփռէ հայկական թատրոնի անցեալին վրայ:
Պողազիչի համալսարանէն ներս գիտաժողովի մը ձեւաչափով ներկայացուեցաւ այս ծաւալուն ու եզակի աշխատանքը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական նիստը:
«Մեր երկրի մեծագոյն խնդիրն է քաղաքացիներու կողմէ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքի անձեռնմխելիութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ՝ «Թուֆաեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ:
Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ երանաշնորհ Գէորգ Ե. Սուրենեանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շիրմին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրով՝ երէկ Արտակ Դաւթեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ։