Արխիւ
Տիգրան Մինասեան դարձած է Եւրոպայի Ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեան։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան նուաճեց Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի կոչումը:
Findhorn Park-ի մէջ, Սկովտիա, 27-րդ անգամ կազմակերպուած ձեռնարկը լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հայկական ժողովրդական պարերու եւ երաժշտութեան ձօնուած յայտագիրը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հրապարակեց իր հարիւր օրուան ծրագիրը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, «Միլլէթ» մշակոյթի եւ համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այդ ծրագրի ծանօթացման հաւաքոյթը։
Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի, Ատրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները կը չէզոքացուին անմիջապէս:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը երէկ զրուցեց մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Սրտականգառ (Cardiac Arrest) կը նշանակէ՝ սրտի աշխատանքի, այլ խօսքով՝ բաբախումի անակնկալ կանգ-դադար: Սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ գործելէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ ուխտաւորներ։ Մայրավանքէ ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը նախարարը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ փոխանցեց արդիւնաւէտ աշխատանքի իր բարեմաղթանքները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Հին Թիֆլիզի հայոց Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Մինաս եկեղեցիները (պատմութիւն եւ տարեգրութիւն)» խորագրեալ աշխատութիւնը, որու հեղինակն է Արմէն Ասատրեան։ Այս հրատարակութիւնը «Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիները» շարքի երկրորդ գիրքն է՝ նուիրուած յիշեալ եկեղեցիներու պատմութեան։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Թիք-թաք, թիք-թաք փոքրիկ իշխանը կը քալեցնէ իր փայտեայ զինուորները: Մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ, ետեւ, առջեւ...: Գետնի փետուրէ բազմոցին նստած կը խաղայ զուարթ դէմքով, պահ մը կը սողայ փայտեայ զինուորը հեռո՜ւն տանելով, ծունկերուն վրայ թաթիկ-թաթիկ կը դառնայ դղեակին իրեն յատկացուած այս դահլիճին փայտեայ յատակը սրբելով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ մեծ գրող-երգիծաբան, հրապարակախօս Յակոբ Պարոնեան (1843-1891), իր ծննդավայր Ադրիանապոլիսի մէջ (=Էտիրնէ) նախնական կրթութիւնը ստանալէ յետոյ նախ կը դառնայ դեղագործի աշկերտ, ապա՝ հաշուապահ։ 1863-ին կը տեղափոխուի Պոլիս, ուր կը կատարէ տարբեր աշխատանքներ՝ միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով «ՄԵՂՈՒ», «ԹԱՏՐՈՆ», «ԽԻԿԱՐ» եւ այլ թերթերու եւ պարբերականներու։
Հայաստանէն Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այսօր կը ժամանէ քաղաքս։ Ան հրաւիրուած է Գազար եւ Նալպանտղազարօղլու ընտանիքներուն կողմէ, որոնց թոռը՝ փոքրիկն Ռուպինան այս շաբաթավերջին պիտի մկրտուի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Փարիզ։ Կը հաղորդուի, որ 9 օգոստոսին ան Փարիզի հայկական դեսպանատան մէջ պիտի մասնակցի բաց հանդիպումի մը ու պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։
Ռուս պաշտպանութեան փոխ-նախարարը այցելեց Երեւան եւ հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակով:
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Ալեքսանտր Ֆոմին անդրադարձան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ պետական սահմանի վիճակին, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային ու միջազգային ռազմաքաղաքական կացութեան շուրջ: Օրակարգի վրայ եկան նաեւ ռուսական ռազմակայանի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը ձերբակալեցին սահմանը խախտած անձ մը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է։ Այս վերջինը ձերբակալուած է Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսադաշտին մէջ՝ ճարտարագիտական-թեքնիկ միջոցները յաղթահարել փորձելու ժամանակ։
Թուրքիա-ԱՄՆ առկայ լարուած մթնոլորտի պայմաններով կարեւոր շփում:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ որոշեցին շարունակել երկխօսութիւնը:
Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ համախմբած է 24 երկրէ 120 կրթական մշակ, որոնց խօսք ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Քառօրեայ ծրագիրը կը նախատեսէ դաստիարակչական հարցերու շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ ներկայացուցիչներ:
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր հերթական ժողովը։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մասնակցէր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի եւ փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու հանդիպման՝ Խորհրդակցական մարմնի ժողովը այս անգամ տեղի ունեցաւ առանց իր նախագահութեան։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական հիմնական վարիչները երէկ հիւրընկալուեցան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալընի կողմէ։ Տոլմապահչէի պաշտօնական ընդունարանի երդիքին տակ ճաշասեղանի շուրջ կազմակերպուած հանդիպումը տեւեց մօտաւորապէս չորս ժամ։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերին թրքահայութեան հրատապ խնդիրները։ Նորին սրբազնութիւնը հանդիպման մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց խորհրդակցական մարմնի անդամներուն։
Աթոռի կարգավիճակը, առկախեալ ընտրութիւնները, հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձը եւ այլ խնդիրներ մատնանշուեցան յստակօրէն։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ այս առաւօտ մեզի յայտնեց հետեւեալը.
Ներկայիս մեր հիմնական խնդիրն է հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմն բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։ Ես երկար ժամանակ առաջ այս հարցը յանձնած էի Հանրապետութեան նախագահ Պարոն Էրտողանի նկատառման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ ընդհանրապէս հիմնարար ազատութիւններու վերաբերեալ խնդիրները մշտապէս կը զբաղեցնեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս առումով բազմաբնոյթ խնդիրներ ցցուած են երկրին առջեւ։