Արխիւ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Ֆէնէր եւ Սաքըզաղաճը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան շնորհաւորեց յունաց պատրիարքն ու Զեքիեան Գերապայծառը:
Տքթ. Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբի լոքալին մէջ:
«Թէ՛ հայկական եւ թէ օսմանեան գրականութեան տեսակէտէ Զապէլ Եսայեան ունի բացայայտուելիք բազում երեսակներ»:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց՝ վերահսկողութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ Արման Մանուկեանի յիշատակին ձօնուած 3x3 պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին։
Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Յովսէփ Ուր. Դպիր Գույումճեանի, հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սվասի հայ համայնքին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իրապաշտութիւնը շատերու համար հաճելի բառ մըն է, շատերու համար ոչ այնքան, իսկ որոշ տոկոսի մը համար նոյնիսկ անընդունելի եւ տաղտկալի:
Յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ կը կրկնեն, թէ աս կամ ան մարդը իրապաշտ մտածող է, իրապաշտ գրող է, իրապաշտ խորհող է, իրապաշտ գործիչ է, իրապաշտ ղեկավար է, կամ իրապաշտութեան ջատագով է, իրապաշտութեան կրող է, եւ այլն, եւ այլն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արցախեան հակամարտութենէն առաջ Հայաստանի տարածքին բնակած են մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ: Արցախեան պատերազմին յաջորդած հայ-ատրպէյճանական լարուած իրադրութեան հետեւանքով ատրպէյճանական համայնքը լքած է Հայաստանի տարածքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ Հինգշաբթի օրուան գիշերը, ո՛չ միայն օրուան, ո՛չ միայն Աւագ շաբթուան, այլ ամբո՜ղջ կեանքին ամենէն խորհրդաւոր եւ իմաստալից պա՛հն է։
Հո՛ն է կեանքին իմաստ տուող երկու հակադիր, երկու հակոտնեայ եւ իրար հակասող՝ իրերամերժ երեւոյթները՝ մութը եւ լոյսը, երկու արժէքները՝ սեւը եւ ճերմակը, որոնք ընդհանրապէս կը խորհրդանշեն եւ կը ներկայացնեն կեանքի երկու վիճակները՝ չարը եւ բարի՛ն։
2030 թուականին համաշխարհային բարեկեցութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը կը վերահսկուի բնակչութեան 1 տոկոսին կողմէ: Այս թուանշանի մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի գրադարանի կանխատեսումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի որդին Նիքոլա Ազնաւուրն ու կողակիցը՝ Քրիստինա Սարգսեանը։
Դերասան Ժերար Տեփարտիէօ Վլատիմիր Վիսոցկիի երգերը երաժիշտի 80-ամեակին կապակցութեամբ կը կատարէ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խորհրդային բանաստեղծի յոբելեանին առիթով համերգը Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։
Հեռուստալրագրող, հրապարակախօս Գոհար Մարտիկեանի «Ապրելու բանաձեւ» պատմավաւերագրական մատենաշարի 11-րդ հատորը նուիրուած է Արցախեան ազատամարտի կապանցի հերոսներուն եւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից արցախցի հերոսներուն։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի ամենայայտնի 500 ֆութպոլէօրներու ցանկին վրայ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ Վարդան Մինասեան։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ այդ պաշտօնը թափուր մնացած էր Արթուր Պետրոսեանի հրաժարականով։
Նոր նախագահի ընտրութիւնով եւ ղեկավարման նոր՝ խորհրդարանական համակարգի հաստատումով Հայաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգը կը բնորոշեն ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման զուգահեռ՝ հրաժարական ներկայացուցած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ Երեւանի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ իր երդման արարողութեան հետեւած ռուսական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ամբողջին մէջ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ ԹԱՍՍ գործակալութեան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ պատասխանեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւններուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Երբ որ տեղը գայ՝ մենք Աֆրինը պիտի վերադարձնենք աֆրինցիներուն եւ արդէն մենք կը ճշդենք այդ բանին ժամկէտը»:
«Նոթրը տամ տը Սիոն» ֆ«Նոթրը տամ տը Սիոն» (NDS) ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ այս շրջանին բացուած է հետաքրքրական ու շահեկան ցուցահանդէս մը։ «Կարպետի խորհրդանշաններ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ NDS-ի գեղարուեստասրահէն ներս եւ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Արդէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը շարունակուի ցուցահանդէսը, որ պիտի եզրափակուի 19 Մայիսին։ Բացի Կիրակիէ, ամէն օր կարելի է այցելել գեղարուեստասրահը։րանսական լիսէի երդիքին տակ հետաքրքրական ու շահեկան ցուցահանդէս մը:
Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը անցեալ շաբաթավերջին ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Պաքըրգիւղի մէջ։