Արխիւ
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթ մը ապրեցաւ՝ հրաժեշտ տալով վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի 2017-2018 տարեշրջանի կրթական շրջանի հունձքին համար կազմակերպուած էր փայլուն արարողութիւն մը, որու ընթացքին ջերմօրէն շրջապատուեցան այս տարուան 15 շրջանաւարտները։
Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Քահանան ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ միջոցաւ «Ողջոյն»ը կը փոխանցէ ժողովուրդին։
- Մինչ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ՚ըսէ, պատարագիչ քահանան կէս մը կը բանայ Սկիհին ծածկոցը, որպէսզի Ս. Հացը երեւի մաղզմային եզերքէն, եւ թեթեւ մը դէպի ձախ կ՚երթայ, որպէսզի Ընծան ժողովուրդին կողմէ տեսնուի եւ ձեռնամած կը կանգնի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միշտ մտածած եմ մարդկութեան բարեփոխման մասին, ի՛նչ որ կարելի է՝ երիտասարդներու կրթութեան բարեփոխմանը շնորհիւ», կ՚ըսէ Leibnitz։ Արդարեւ, ժողովուրդի մը նպատակն է յառաջդիմել, բարեփոխուիլ եւ եթէ պահանջքը զգացուի՝ վերածնի՛լ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան երէկ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ Ճանաչողական բնոյթով այս այցելութիւնը նախարարին կողմէ իրականացուեցաւ գործընկերային տրամադրութեամբ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ:
Քոչարեան. «Եթէ Ատրպէյճան կը փափաքի յառաջընթաց ունենալ, պէտք է բանակցի Արցախի հետ»:
Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամներէն մին երէկ լքեց իր պաշտօնը։ Այսպէս, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանտիլեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունի միջեւ երէկ Սինկափուրի մէջ ստորագրուած յայտարարութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Երկու նախագահներուն ստորագրութեամբ հրապարակուած համատեղ փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէա պատրաստ են նոր յարաբերութիւններ կառուցելու եւ խաղաղութեան։
Երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միաբաններու արտահերթ խորհրդակցութիւն մը։ Այս ժողովին մասնակցութիւն բերին այն քահանայ հայրերը, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս։
Էրտողան. «Թուրքիա հետզհետէ կը դառնայ տարածքաշրջանային ուժանիւթի ցանցերու կեդրոնը»:
Էսքիշեհիրի մէջ երէկ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով ազդարարուեցաւ TANAP-ի պաշտօնական բացումը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Անթիլիասի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու հոգեւոր առաջնորդներուն հանդիպումը առիթ հանդիսացած է ընդհանուր ակնարկ մը սեւեռելու համար Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահներուն պատմական հանդիպումը:
Տանըլտ Թրամփ եւ Քիմ Եոնկ Ուն ստորագրեցին միջազգային ընտանիքին համար ողջունելի փաստաթուղթ մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Մոսկուա՝ 2018 թուականի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին արդէն տեղեկացուցած էին այս մասին։ Մոսկուայի աղբիւրները նոյնպէս վերահաստատեցին այս տուեալը։
Թուրք զինեալ ուժերը լայնածաւալ գործողութիւններով կը ջանան երկրի սահմաններէն բացարձակապէս հեռու պահել ահաբեկչութիւնը:
Փենթակոնի ղեկավար Մաթիս պատրաստակամօրէն կ՚արտայայտուի Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսի գործադրութեան մասին՝ զինուորականներու հանդիպման սեմին:
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս լուսաբանութեան նամակ մը ուղարկուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան։ Այդ նամակը ստորագրուած է՝ Մուրատ Սիւմէի (ատենապետ), Արէտ Շէնի, Պերճ Զիայի եւ Անահիտ Սերկուտի կողմէ։
Ֆութպոլի նախկին աստղ Ռոնալտինօ (տես նկարը) պիտի ամուսնանայ յառաջիկայ Օգոստոս ամսուան մէջ։ Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ դէպք, սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ ան երկու աղջկան հետ միեւնոյն ժամանակ պիտի կնքէ այդ պսակադրութիւնը…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.9)
Աշխարհի վրայ տարբեր տեսակի հարստութիւններ կան: Կայ նիւթական հարստութիւն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսոյ մէջ գործող «Ոմանք» երաժշտական խումբը այս օրերուն Հայաստանի մէջ է: Առաջին անգամ չէ, որ խումբը համերգ կ՚ունենայ հայրենիքի մէջ, բայց այս անգամ համերգային շրջագայութեան աշխարհագրութիւնը մեծ է՝ Երեւանէն դէպի Կիւմրի, Վանաձոր, այնուհետեւ կրկին վերադարձ Երեւան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ծագում առած տհաճ իրադարձութիւններու շարքը դժբախտաբար կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ կարգ մը շրջանակներ կը ջանան թիրախաւորել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անհասկնալիօրէն պահանջելով Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս տեսանք երեք «Համատես Աւետարան»ները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները, որոնք կը ներկայացնեն Յիսուսի անձը եւ գործը, որոնց մասին ըստ բաւականին ամբողջական եւ շատ կենդանի երրակ պատկերներ կը գծեն։ Բայց չորրորդ Աւետարանին հետ, մարդ կարծես «Սրբարանին սրահ»ին մէջ իսկ կը թափանցէ, եւ Աստուծոյ Որդիին հետ կ՚ունենայ ա՛յնքան մտերիմ հաղորդակցութիւն մը, որ Անոր սրտին բաբախումները կը զգայ։
Գալֆաեան Տան 2017-2018 շրջանի հունձքը դպրոցէն հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդիսութիւնով մը։ Սկիւտարի սանուց միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, խնամակալները, վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, ուսուցչաց կազմի անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր։