Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Չորս տարիներ առաջ այս օրերուն, ԻՇԻՊ («Իրաքի-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կը յայտարարէր իր «խալիֆայութեան» հիմնադրման մասին։ Վերլուծաբաններուն համար «անծանօթ» համարուած այս խմբաւորումը, թէկուզ նորութիւն մը չէր, սակայն իր գործելաոճով «կը գերազանցէր» իրմէ առաջ ստեղծուած արմատական մօտեցումներով գործող բոլոր խմբաւորումները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յոբելեանը՝ աշխարհի գրեթէ ամէն կողմը, ամէն շրջանի, խանդավառ հետաքրքրութեան եւ ցնծութեան, անկեղծ երախտագիտութեան եւ խոր գնահատանքի ինքնաբուխ պոռթկում մըն է։ Այս անկեղծ արտայայտութիւններու վրայ խօսուած ատեն, գովեստներու առջեւ, շատեր անբացատրելի գոհունակութիւն մը կը զգան եւ բնականաբար կը խանդավառուին, կ՚ուրախանան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Թուրքիա բուռն ձեւով կը հակազդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն եւ քայլերուն:
Տնտեսական համատարած զօրակոչ:
Անգարայի ղեկավարութիւնը այսօր կ՚ընդունի Հայտար էլ Իպատիի եւ Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնները:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ոգեկոչեց հոգելոյս մարզիկներէն Մատթէոս Ժամկոչեանը։ Այս վերջինը պասքեթպոլի մէջ լուրջ ծառայութիւն մատուցած էր Շիշլի մարզակումբին ու մահացած՝ 1999 թուականին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի, 10 օգոստոս, ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Անտիոք, ուր օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկէնտէրունի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ Վաքըֆլըգիւղի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէի նորանշանակ նախագահը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Դաւիթ Գիւրճինեան. «Մեր մտածելակերպին մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։ Արեւմտահայերէնը պէտք է ըլլայ բնական ներկայութիւն մը Հայաստանէ ներս»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Երրորդ պատուիրանը կ՚արգիլէ Աստուծոյ անունը ամէն ինչի մէջ գործածելէ, ինչ որ դէմ է այն խոր յարգանքին, որով պէտք է մեր սիրտը լեցուն ըլլայ: Այս պատուիրանը կ՚արգիլէ երդումի ժամանակ Աստուծոյ անունը գործածել՝ ստութեան համար, որովհետեւ երդուիլ, կը նշանակէ՝ վկայակոչել զԱստուած մեր խոստացած բանին համար:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Մա­մուլ խմբագ­րել ու հրա­տա­րա­կե­լը, մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն, ա­ւե­լի քան հե­րո­սու­թիւն է, մէկ կող­մէն՝ զայն կեն­դա­նի պա­հե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ, միւս կող­մէն՝ զայն նկա­տե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի խօ­սա­փող։
Ա­մե­նուր տե­րե­ւա­թափ մը կայ գրա­ւոր կամ տպա­գիր խօս­քին նկատ­մամբ։ Նա­հան­ջը ակ­նե­րեւ է, թէ՛ գրիչ­նե­րու, թէ՛ ըն­թեր­ցող­նե­րու պա­րա­գա­յին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին ապահովման՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է վստահութիւնը Նախախնամութեան նկատմամբ։ Մարդուն վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ շատ բնական է, քանի որ արարչագործութենէն ետք, Արարիչը՝ Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքն իր գլխուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

«Թերեւս հին օրերուն հայերուս համար Պոլիսը կեդրոն էր, ներկայիս միայն հայկական անկիւն մըն է, սակայն, մամուլը անկիւնները կեդրոն կը փոխադրէ։ Այսպէս է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը այսօր»:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ղեկավարութիւնը շատ ջերմ վերաբերմունքով ողջունեց թերթիս 110-ամեայ տարեդարձը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւնը փայլուն անցաւ:
Ժամանակ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ տարեդարձի շրջանի նշանակութիւնը:
Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքով՝ 1908-էն ի վեր հայ մամլոյ նահապետը հաւատարմաբար կը պահէ իր օրական ժամադրութիւնը եւ ան մնացած է՝ որպէս ժամանակներու արձանագրութիւնը:

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ, շաբաթավերջին բացուեցաւ յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի երանգաւորման գործերու ցուցահանդէսը։ Սօսի Ճնտոյեան թէեւ ծանօթ է թատերական գործունէութեամբ, սակայն տասը տարիէ ի վեր ստեղծագործական աշխատանք կը տանի նաեւ երանգաւորման արուեստի գետնի վրայ։ Այս ընթացքին ան մասնակցութիւն բերած է զանազան խառն ցուցահանդէսներու։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ լոյս կ՚ընծայէ բացառիկ համար մը եւս։ Թէեւ ծաւալով ընթացիկ, սակայն բովանդակութեամբ բացառիկ թիւ մըն է այս մէկը։ Թերթս ներկայիս կը գտնուի իր հրատարակութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ արուեստագէտ, Կեդրոնական վարժարանի նախկին տնօրէններէն Պերճ Չալըքմանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ան թէեւ երէց սերունդի կը պատկանէր, սակայն ընկերային կեանքէ ներս այնքան յարգանք ու սէր կը վայելէր, որ իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական յոբելենական հանդիսութիւն մը։ Մօտաւոր անցեալի դարադարձի շրջանին սփիւռքի զանազան առանցքային կեդրոններուն մէջ նշուած էր թերթիս յոբելեանը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Թաքսիմ մարզակումբի ամառնային աւանդական ընթրիքը շաբաթավերջին համախմբեց համայնքային շրջանակները՝ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու հովանաւորն ու պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Այս ճաշկերոյթին մթնոլորտը պայմանաւորուեցաւ Թաքսիմի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումով մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018

Մե­ծա­յարգ
Տիար Ա­րա Գօ­չու­նեան
Խմբագ­րա­պետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի
Իս­թան­պուլ, Թուր­քիա

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանէն ներս աւարտին հասան Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան հարցին շուրջ, զինքը ազատ արձակելու պահանջով կատարուած դիմումին քննարկումները։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ջին կէ­սին ան­գամ մը եւս կը պատ­րաս­տուինք մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով մե­ծա­րել Սուրբ Կոյս Մա­րիամ Աս­տուա­ծա­ծի­նը։ Հա­ւա­տա­ցեալ­ներս կը միա­նանք Ս. Կոյ­սի կեան­քի խոր­հուր­դին եւ կը փոր­ձենք ա­ւե­լի լաւ ճանչ­նալ «Աս­տուա­ծա­ծին» կո­չու­մի իւ­րա­յա­տուկ ի­մաստն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Էջեր