Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ժո­ղովր­դա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ. «Երբ կրկէ­սի մէջ ենք, պէտք է ըլ­լալ գա­զա­նա­զուս­պը եւ ո՛չ գա­զան­նե­րէն մին»...
Հայ­րե­նի­քը կ՚ե­ռայ այ­սօր: Ան յղի է ա­մէն  տե­սա­կի ա­նակն­կալ­նե­րով ու վտանգ­նե­րով:

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պէյրութի մէջ իմ ծնունդս եւ ծննդավայրս ըլլալը իմ ընտրանքս չէր: Ոչ ալ՝ ծնողքիս եւ մեծ ծնողքիս, որոնք իրենց պապենական տունէն՝ պատմական Հայաստանէն արմատախիլ եղան եւ հաստատուեցան Հալէպ, ապա՝ Պէյրութ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժիւլիէթ Տեմիրճիօղլուն եւ Լինտա Չաղլըն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի վերջերս լոյս տեսած գիրքին շնորհանդէսը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Վոսփորի ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրի տարեկան անուան տօնախմբութեան նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ աշակերտներ։ Այսպէս, Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն եւ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն շուրջ հինգ տասնեակ աշակերտներ ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ 

Ազգերը ընդհանրապէս կը ճանչցուին իրենց գրականութեամբ, լեզուով ու մշակոյթով։ Իսկ այն ժողովուրդները, որոնք այլեւայլ պատճառներով աղարտած են իրենց ինքնութիւնն ու ազգութիւնը, չեն կրցած պահել ու պահպանել իրենց ազգութիւնը, դատապարտուած են ձուլումի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

Լեզուաբաններ կը ջանան հնամենի տառերու եւ գրութիւններու ուսումնասիրութեամբ վերականգնել անհետացած լեզուներ եւ վերծանել համապատասխան ազգութիւններու պատմութիւնը։
Սակայն ըստ մասնագէտներու, այսօր աշխարհի շուրջ կը խօսուին մօտ 7 հազար լեզուներ, որոնց մօտաւորապէս կէսը պիտի անհետանայ մինչեւ այս դարու վերջաւորութեան։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ապրիլ 26-ի (հին տոմարով՝ Ապրիլ 14-ի) օրը, 158 տարի առաջ, Արցախի հայակերտ օրրան Շուշիի մէջ, Առաքել Գրիգորի Բաբախանեան աւազանի անունով լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք եւ հեղինակաւոր դէմքերէն Լէօ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի սկսած եւ աւելի ուշ «համաժողովրդային շարժում»ի վերածուած ընդդիմադիր պայքարը կը շարունակուի:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Երեւանեան «Կալա Արտ» ցուցասրահի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայի քաղաքի հեղինակաւոր ցուցասրահներէն մէկում երկու ամիս  շարունակ ներկայացուած է հայ արդի կերպարուեստը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան դիւրին է խօսիլ, գաղափար յայտնել, խորհրդածել սիրոյ վրայ, բայց նո՛յնքան դժուար՝ ըսել մէկու մը՝ «կը սիրեմ», եւ աւելի՛ դժուար՝ անկեղծ ըլլալ եւ իրականացնել, գործադրել եւ կիրարկել, կեանքի կոչել զայն։
Մի՛ նայիք, որ յաճախ կը խօսուի սիրոյ մասին, եւ մի՛ կարծէք, որ ամէն «կը սիրե՛մ» ըսող անկեղծ է, քանի որ մարդկային կեանքի մէջ սէրը գործնականի վերածել՝ իրապէ՛ս սիրել շատ դժուար բան է, եթէ ո՛չ՝ անկարելի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Եւրոպայի յառաջատար երեք երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ նոր պարգեւի մը՝ այս անգամ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին հեռաձայնով յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան առաջնորդի պաշտօնէն հեռանալու որոշումը որեւէ առընչութիւն չունի Պոլսոյ վերաբերեալ իր ծանօթ մօտեցումները վերատեսութեան ենթարկելու կամ պատրիարքի թեկնածու ներկայանալու հեռանկարի մը հետ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Հակառակ պատին վրայ գրուած լոզունգին, խնդիրը բացարձակապէս չունի քաղաքական բնոյթ մը:
Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ այս առաւօտ կար աղբի կոյտ մը, որ մաքրուեցաւ շուտով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ «Հէքեաթատօն» մը, որ «Փոքրիկ» կայքէջի նախաձեռնութիւնն էր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթ  մը ունեցաւ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ Կիրակի մը ապրեցաւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան մը առթիւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 28, 2018

Յայտնի արուեստագէտներ Ըթըր Էսէն եւ Հալտուն Պոյսան նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Հաճելի երեկոյթը վարեցին՝ Մասիս Գույումճու եւ Գարին Քիւրքճիւօղլու Ըշըքճը։

Էջեր