Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան կը գտնուէր ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Թալին: Ան մանկական երգերու մեկնաբան է ու հանդէս եկած է տասնեակ համերգներով: Թալին իր երգերը վերածած է «վիտէօ քլիփ»ներու եւ այդ երգերուն շնորհիւ այսօր կը հանդիսանայ մանկական երգերու ամենայայտնի մեկնաբաններէն մին:
Պրիւքսելի «Կրան փլաս» հրապարակին մէջ, փռուած է հարիւր հազարաւոր կենդանի ծաղիկներէն հիւսուած գորգ մը: Երկու տարին անգամ մը Եւրոպայի ամենագեղեցիկ հրապարակներէն մէկը զարդարելու աւանդութիւնը յղացած է 1971 թուականին:
Արդէն եօթներորդ տարին ըլլալով Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող «Պասկալ եւ Տիոտադօ» սրճարանի պատասխանատուները կը կազմակերպեն «Բարի արագիլ» երաժշտական փառատօնը:
Հոլիվուտեան դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօ նկարիչ եւ գիտնական-գիւտարար Լէոնարտօ տա Վինչին կը մարմնաւորէ Վերածնունդի շրջանի հանճարի կենսագրութեան շարժապատկերին մէջ։
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անուանական աստղը Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ կը բացուի Օգոստոսի 24-ին: Ան կը տեղադրուի պատմական Pantages թատրոնի մօտակայքին։
Արցախի ճակատին վրայ երէկ դարձեալ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, տեղական ժամով շուրջ 11-ին։
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աստանայի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի Այլակերպութիւնը կամ Պայծառակերպութիւնը, որուն յիշատակը կը տօնուի որպէս հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը, Իր Աստուածային Բնութեան հաւաստո՛ւմն է։ Լերան վրայ պայծառակերպուեցաւ, եւ աշակերտները՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց հասկացողութեան եւ կարողութեան չափով հիացմամբ դիտեցին Յիսուսի փառքը՝ Քրիստոս Աստուծո՛յ փառքը, որպէսզի երբ օր մը զԻնք խաչուած տեսնեն, հասկնան թէ Իր չարչարանքները կամաւոր էին եւ աշխարհին աւետեն, թէ Ան Հօր Աստուծոյ իսկական ճառագայթո՛ւմն է։ Եւ տեսնեն, թէ՝ Աստուած «լո՛յս» է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանէն դէպի Յունաստան զբօսաշրջային ծրարներ առաջարկող երեւանեան բազում ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակն ենք: Տոմսակներ, հիւրանոցներ եւ պտոյտներ առաջարկելուն զուգահեռ, գրասենեակի աշխատակցուհին կը հարցնէ. «Իսկ մուշտակի թուրեր կ՚ուզէ՞ք»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազատութիւնը կարողութիւն մըն է, որ մարդ գործելու կամ չգործելու, ընելու կամ չընելու, մէկ խօսքով՝ ինքնակամ շարժելու առիթը կ՚ունենայ։ Այս իմաստով, մարդկային ազատութիւնը՝ արարքներու բնորոշի՛չն է։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի Յօրինողներու միութիւնը, Օգոստոսի 15-26 թուականներուն միջեւ, Դիլիջանի Եդուարդ Միրզոյեանի անուան երգահաններու ստեղծագործական տան մէջ պիտի իրականացնէ հայ եւ վրացի երիտասարդ երգահաններու եւ կատարողներու երաժշտական ճամբար:
Անգլիոյ Առաջին լիկի մեկնարկային փուլին «Մենչըսթըր Եունայթըտ» խումբը իր դաշտին վրայ 4-0 հաշուով առաւելութեան հասաւ «Ուեսթ Հեմ»ի դիմաց։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մէջ յառաջընթաց չ՚արձանագրուիր Ատրպէյճանի պատճառով:
Ըստ Քոչարեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կանխել ռազմական հաւանական զարգացումները:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով ու խանդավառութեամբ նշեց Ս. Աստուածածնի տօնը:
Խաղողօրհնէքը կատարուեցաւ համայն աշխարհի խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան մաղթանքներով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամառ է: Որոշեցինք «արձակուրդ»ի երթալ: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը փախուստ մըն է առօրեայէն: Վերանորոգուելու արդար փորձ մը: Այսինքն՝ օրերդ տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով ակնկալութիւն մը:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամենէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին՝ երեխաները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շահան Շահնուր գրողէն բացի գոյութիւն ունի այլ Շահնուր մը, որուն արեան եւ երակներուն մէջ մէջ հաւասարաչափ կիրքով կը վազէ հրապարակախօս մարդուն տագնապը:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գեղեցկանալու կամ գեղեցիկ երեւնալու մարմաջը իւրաքանչիւր մարդ արարածի ձգտումն է։ Եթէ գեղեցիկ ես, ուրեմն բոլոր դռները քու դիմացդ բաց են, իսկ մերժուելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ Պատրիարքարանէն ներս կատարուած են կարգ մը նշանակումներ։
Պետրոս Շիրինօղլուի նախաձեռնութեամբ կարեւոր ժամադրութիւն Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շուրջ մէկուկէս ժամ տեսակցեցաւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Ազիզ Մերճանի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Նորին սրբազնութիւնը խնդրեց՝ որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ կարգադրութիւնները արագացուին: