Արխիւ
ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Լեզուաբաններ կը ջանան հնամենի տառերու եւ գրութիւններու ուսումնասիրութեամբ վերականգնել անհետացած լեզուներ եւ վերծանել համապատասխան ազգութիւններու պատմութիւնը։
Սակայն ըստ մասնագէտներու, այսօր աշխարհի շուրջ կը խօսուին մօտ 7 հազար լեզուներ, որոնց մօտաւորապէս կէսը պիտի անհետանայ մինչեւ այս դարու վերջաւորութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 26-ի (հին տոմարով՝ Ապրիլ 14-ի) օրը, 158 տարի առաջ, Արցախի հայակերտ օրրան Շուշիի մէջ, Առաքել Գրիգորի Բաբախանեան աւազանի անունով լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք եւ հեղինակաւոր դէմքերէն Լէօ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի սկսած եւ աւելի ուշ «համաժողովրդային շարժում»ի վերածուած ընդդիմադիր պայքարը կը շարունակուի:
Երեւանեան «Կալա Արտ» ցուցասրահի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայի քաղաքի հեղինակաւոր ցուցասրահներէն մէկում երկու ամիս շարունակ ներկայացուած է հայ արդի կերպարուեստը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան դիւրին է խօսիլ, գաղափար յայտնել, խորհրդածել սիրոյ վրայ, բայց նո՛յնքան դժուար՝ ըսել մէկու մը՝ «կը սիրեմ», եւ աւելի՛ դժուար՝ անկեղծ ըլլալ եւ իրականացնել, գործադրել եւ կիրարկել, կեանքի կոչել զայն։
Մի՛ նայիք, որ յաճախ կը խօսուի սիրոյ մասին, եւ մի՛ կարծէք, որ ամէն «կը սիրե՛մ» ըսող անկեղծ է, քանի որ մարդկային կեանքի մէջ սէրը գործնականի վերածել՝ իրապէ՛ս սիրել շատ դժուար բան է, եթէ ո՛չ՝ անկարելի։
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Եւրոպայի յառաջատար երեք երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր արժանացաւ նոր պարգեւի մը՝ այս անգամ Ճաբոնի կառավարութեան կողմէ։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին հեռաձայնով յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան առաջնորդի պաշտօնէն հեռանալու որոշումը որեւէ առընչութիւն չունի Պոլսոյ վերաբերեալ իր ծանօթ մօտեցումները վերատեսութեան ենթարկելու կամ պատրիարքի թեկնածու ներկայանալու հեռանկարի մը հետ:
Հակառակ պատին վրայ գրուած լոզունգին, խնդիրը բացարձակապէս չունի քաղաքական բնոյթ մը:
Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ այս առաւօտ կար աղբի կոյտ մը, որ մաքրուեցաւ շուտով:
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ «Հէքեաթատօն» մը, որ «Փոքրիկ» կայքէջի նախաձեռնութիւնն էր։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանին առընթեր։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ուրախ Կիրակի մը ապրեցաւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեան մը առթիւ։
Յայտնի արուեստագէտներ Ըթըր Էսէն եւ Հալտուն Պոյսան նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Հաճելի երեկոյթը վարեցին՝ Մասիս Գույումճու եւ Գարին Քիւրքճիւօղլու Ըշըքճը։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երիցագոյն սերունդի նուիրեալ ու բազմաշխատ իգական սերունդի գործիչներէն Հռիփսիմէ Պաքեան։ Ան երկար տարիներ եղած է Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի սիւներէն եւ իր գուրգուրանքին, խնամքին առարկայ դարձուցած է այդ պատմական դպրոցի շեմէն սերունդէ-սերունդ անցած պատանիները։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Թաքսիմ մարզակումբի անմոռանալիներէն Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցաշարքը չորրորդն է իր նմաններու շարքին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնը։ 9-րդ դասարանի սաներուն համար վերջին զանգը հնչեց յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տիեզերական երրորդ Ժողովը գումար-ւեցաւ Եփեսոսի մէջ, 431 թուին, Թէոդոսիոս Կրտսերի հրամանով՝ Նեստորի եւ իր հետեւորդներուն աղանդը քննելու ու դատապարտելու համար:
Սթեֆըն Փաքդ ծնած է Անգլիա։ Ան հրեայ է, բայց երբեք չէ ապրած Հրէաստան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ քաղաքական նոր «ռումբեր» կը «պայթին» յառաջիկայ օրերուն, պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի Հինգշաբթի առաւօտ կատարած յայտարարութիւնը մասամբ հանդարտութեան մթնոլորտ մը բերաւ հայաստանեան ընդհանուր պատկերին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց 5-րդ Կիրակիին՝ 29 Ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, Անոր խաչելութիւնը եւ խաչի վրայ Անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութի՛ւնը։