Արխիւ
Թաքսիմ մարզակումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի հիւրընկալէ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճը:
Նախարարին այցը կրնայ նոր հորիզոն մը բանալ մարզադաշտի կարգավիճակի հարցի լուծման առջեւ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարտ 6-ին, 112 տարի առաջ, 49 տարիքը նոր բոլորած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայկական երաժշտութեան մեծարժէք վարպետներէն Մակար Եկմալեան(1856-1905)։
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ազգի մը պատմութեան «ձեռագիրը» մշակող գլխաւոր տարրը իգական դէմքն է, ըլլայ ան մայր, քոյր, կին, դուստր թէ մեծ մայր: Փաստօրէն, երբ տղամարդիկ «փողոց իջած» կը պայքարին ազգային ինքնութեան, գոյատեւման ու հասարակաց առընչակից հարցերու համար, անդին իգական տարրն է, որ տան չորս պատերէն ներս, քուլիսներու ետին կը խնամէ, կը պատրաստէ, կը կրթէ ու գործելու աւիշ «կը ներարկէ» տղամարդուն, ըլլայ ան իր զաւակը, ամուսինը, եղբայրը թէ հայրը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը թափով յառաջ կը տանի իր վիթխարի ժառանգութիւնը թուայնացնելու ուղղեալ բազմակողմանի աշխատանքը:
Տիգրան Զարգարեան երախտագիտութեամբ կ՚ընդգծէ այժմ արժանթինաբնակ Յովսէփ Թահթայի գնահատելի յանձնառութիւնը, որու շնորհիւ կ՚ապահովուին ձեռքբերումներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։ Այսպէս կ՚ըսէ առակը, ուր Յիսուս կը պատմէ հրաւիրեալներու եւ ընտրեալներու մասին։
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Խօսքը կը վերաբերի Վահան Ռումելեանի «Քաղաքը» շարքին, ուր ժամանակակից եկնաքերները հրավառութեան ընթացքին կը վերացարկուին, անոնց ակնթարթային ցոլացումները կը բեկուին կրկներեւոյթներու նման:
Կազմակերպութեամբ Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկին (Friends of Armenian Culture Society), Ուոթըրթաունի, Մասաչուսեց, «Մովսէսեան» սրահին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ եթովպահայ երաժիշտ Ներսէս Նալպանտեանի յիշատակին նուիրուած նուագահանդէս մը:
Լոս Անճելըսէն Տքթ. Մինաս Գոճայեան անցեալ շաբաթ սփիւռքեան կարգ մը թերթերու մէջ գրի առած էր յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Պոլիս կատարած այցելութիւններուն եւ այդ մասին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած լրատուութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ»։
Բարեգործական ձեռնարկը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ, տաղաւարներու այցելուներու շարքին էր Հրանոյշ Յակոբեան։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնին նոր նախաձեռնութիւնը:
Այս ամառ կը նախատեսուին՝ պատանիներու համար ճամբար եւ ուսուցիչներու ուղղեալ վարժընթաց:
Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին լոյս ընծայած է AURORA գիրքը։ Չմշկածագէն մինչեւ Հոլիվուտ՝ սա կնոջ մը կեանքն է եւ այդ ոդիսականին վրայ պատրաստուած է նաեւ ժապաւէն մը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Պաքու, իսկ Երեւան պիտի մեկնին այլ ժամանակ մը:
Էլմար Մամէտեարով. «Ռուսաստան լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ»:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։
Անթալիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր եռակողմանի հանդիպում մը։ Այսպէս, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար մէկտեղուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի եւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին խնամքի առարկայ դարձնել նոյն թաղի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը։ Թաղային խորհուրդը որոշած է Մեծ պահոց շրջանին շաբաթը օր մը ապահովել դպրոցին պահքի ճաշը։
Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ սկսաւ միջմիութենական գիտական մրցոյթը, որ այս տարի կը կազմակերպուի տասն միութիւններու մասնակցութեամբ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ ու տանտիրութեամբ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, որ պիտի շարունակուի երեք շաբաթ։
«Փոքրիկ» մանկական կայքէջի պատասխանատուներէն Գարօլին Մամիկոնեան, Գարօլին Սարը եւ Սելմա Մելեքեան վերջերս այցելեցին Գալֆաեան Տուն։ Անոնք պաստառի վրայ աշակերտներուն ներկայացուցին կայքէջը, ուր տղոց տրամադրութեան տակ դրուած են դասական առասպելներ, արդի պատմուածքներ եւ այլն։
Երէկ, «Թաքսիմ Հիլլ» պանդոկին մէջ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ 8 Մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան ընդառաջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու նպատակն էր Շիշլի մարզակումբի նոր տիկնանց կազմին ծանօթացումը։
Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Նուէր Լազօղլուի «Kalbim Turkuaz» գիրքին շնորհանդէսը։ Նուէր Լազօղլու ծանօթ է որպէս լրագրող, սակայն այս գործի պարագային գրասէրներուն կը ներկայանայ իբրեւ վիպագիր։