Արխիւ
Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական բանակումը հասաւ իր աւարտին։ Շաբաթավերջին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցաւ բանակումի եզրափակիչ հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շուրջ 1200 սկաուտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատ հետաքրքրական է մարդոց անունները հարցնելով գուշակել անոնց ինքնութիւնը՝ ո՞վ են, ո՞ւրկէ են, ո՞վքեր եղած են իրենց նախահայրերը, եւ այլն։
Զոր օրինակ, Պետրոս Ա. Կեօլճիք իր շահեկան յուշերուն մէջ կը պատմէ հետեւեալ դէպքը։
Հայկական մշակոյթ, ճարտարապետական կոթողներ, չքնաղ բնապատկերներ. Travelblog.lv-ն կը բացայայտէ Հայաստանը՝ իր ամբողջ հմայքով ու էութեամբ։
Հայկական մշակոյթն ու արուեստը՝ իր ինքնատիպ աւանդոյթներով, երգ-երաժշտութեամբ, դարերու խորքէն եկող ճարտարապետական կոթողները, չքնաղ բնապատկերները ներկայացուած են էտեսանիւթի մը մէջ:
Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ յուլիսի 30-ը կը նշուի որպէս «Ընկերներու օր»: Միջերկրածովեան տարածքաշրջանի եւրոպական երկիրներու եւ Լատին Ամերիկայի մէջ այս օրը կը նշուի տօնախմբութիւններով, ընկերական հաւաքոյթներով, գինիով եւ ուրախութեամբ:
Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը յայտարարեց նոր նախագծի՝ «Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ»ի մեկնարկը: Երկու ամիս շարունակ ստեղծագործական խումբը կը ստանար տասնեակ յայտեր, ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ արտերկրէն:
Երեւանի մէջ բացուեցաւ նկարչուհի Յասմիկ Գասպարեանի «Սկիզբ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են իր 18 աշխատանքները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արտացոլացնէ նկարչուհիի յոյզերը, ապրումները, տրամադրութիւնները:
Երկար տարիներ արկղերու մէջ պահուած «հարստութիւնը» վերջապէս հանրութեան ներկայացնելու հնարաւորութիւն ստեղծըւած է: Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ Կիւմրիի քաղաքային համայնքի Ջիւանի փողոց, 74 հասցէին վրայ գտնուող հիւանդանոցի շէնքը անհատոյց, անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով յատկացուած է «Շիրակի Երկրագիտական թանգարան» ՊՈԱԿ-ին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Պետական այցելութեան ընթացքին հիւր նախագահին կ՚ընկերանայ դուստրը՝ Լաուրա Մաթարելլա։ Իրեն ուղեկից պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Իտալիոյ Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Էնցօ Մուավերօ Միլանեսի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան այս առաւօտ պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Սա հրաժեշտի այցելութիւն մըն էր, որովհետեւ Իկոր Մարտիրոսեան 1 օգոստոսի դրութեամբ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքիս մէջ։
Քոչարեանի բանբերն ու փաստաբանները շաբաթավերջին մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
«Սա պատուէր է, որ պէտք է կատարուի, իսկ մեղաւորները կը գտնուին դատախազութեան եւ քննիչներու շարքերուն»:
Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Էմմա Քիւլեկէչ շաբաթավերջին բռնեց յաւերժութեան ճանապարհը:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»։
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ընկճուածութիւնը կամ ընկճախտը (depression) յաճախակիօրէն տեսնուած հոգեբանական հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի անտարբերութեամբ (apathy) եւ անտրամադրութեամբ: Ան կ՚ազդէ անհատին մտածողութեան, վարք ու բարքին եւ զգացումներուն վրայ: Ան դարմանելի հիւանդութիւն մըն է: Չդարմանուելու պարագային կը դառնայ վտանգաւոր:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Մեր անմիջական անցեալի եկեղեցական եւ ազգային սերունդի ներկայացուցիչները արձանագրած են Երուսաղէմի պատմական հանդիպումը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Առաջինի եւ Կիլիկիոյ Տ.Տ. Խորէն Առաջինի միջեւ, 1963 հոկտեմբեր 26-ին, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կանխօրօք ծրագրած էր Երուսաղէմ կատարած առաջին այցելութեան աւարտին, յատկապէս եկած ըլլալով Ս. Յարութեան Տաճարի համազգային հանգանակութեան ձեռնարկելու ծրագրով։ Ծրագրած էր նաեւ հրաւիրելու Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսը, որ ընտրը-ւած եւ օծուած էր մայիս ամսուն եւ սակայն Մայր Աթոռէն չէր ստացած հարկ եղած շնորհաւորանքն ու ճանաչումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը շարունակէ իր «ցնցումային» ընթացքը։ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր անցած են ամիսներ, սակայն գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումները կը շարունակեն յուշել, որ վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը՝ մասնաւորապէս ներքին քաղաքական օրակարգին առընթեր, կը շարունակէ «անակնկալ» եւ «անսպասելի» զարգացումներու հեղինակը դառնալ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն հինգ զինուորականները, որոնք իր օրհնութեամբ յառաջիկայ օրերուն բուժման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Միքայէլ Սարգսեան, Գնել Համբարձումեան, Նարեկ Մարուքեան, Կարէն Համբարձումեան եւ Գրիգոր Յովհաննիսեան, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնին Հնդկաստան։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Այս բոլոր պատահարներէն ետք, փարաւոնը կ՚արտօնէ իսրայէլացիներուն դուրս ելլել Եգիպտոսէն՝ երթալ պաշտելու համար իրենց Աստուածը։ Ահաւասիկ, այսպէս կը սկսի Ելքի պատմութիւնը։
Երբ փարաւոնը ժողովուրդը կ՚արձակէ, հակառակ անոր որ փղշտացիներու երկրին ճամբան աւելի կարճ էր, սակայն Աստուած զիրենք այդ ճամբով չ՚առաջնորդեր, որպէսզի այնտեղի պատերազմը տեսնելով՝ չզղջան ու չդառնան (Հմմտ. Ել 13.17), որովհետեւ անոնք տակաւին անկարող էին դիմադրելու փղշտացիներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդավառէ ետք 4-րդ կիրակին Ս. Պատարագի ընթացքին կարդացուած Ճաշու Աւետարանը կը խօսի երկու նիւթերու մասին՝ Աստուծոյ մարդոց հանդէպ ունեցած սիրոյ եւ մարդոց փոխանակ լոյսի, խաւարը նախընտրելու եւ զայն սիրելու մասին։ Վարդավառէ ետք 4-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 29 յուլիսի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ է հանդիպիլ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ բանակցութիւններ վարելու համար:
«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ մենք չենք պատրաստուիր առնել որեւէ քայլ՝ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր կը ջանան մեզ վախցնել»:
Լիսէներու մուտքի քննութիւնը (LGS) այս տարի խնդրայարոյց վիճակ մը ստեղծած է փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտներուն համար։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած քննութեան արդիւնքին 30 յուլիսին հրապարակուիլը կը նախատեսուի, մինչ այդ այս քննութեան պարագային ծագած անարդարութիւններու բերումով կատարուած է դատական դիմում մը։