Արխիւ
Ամանորի ընդառաջ վաճառքի կը դրուին յայտնի վաճառանիշներով ընտիր գոհարեղէններ եւ ժամացոյցներ:
«Փորթագալ» գեղարուեստի տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աննախընթաց աճուրդը մեծ հետաքրքրութեան առարկայ:
Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի բարձրաստիճան զինուորականներուն մասնակցութեամբ անվտանգութեան հարցերու շուրջ քննարկում:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան երդիքին տակ խոշորացոյցի տակ առնուեցան տարածքաշրջանի իրադրութեան բոլոր մանրամասնութիւնները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ պատգամ մը հրապարակեց Երուսաղէմի առկայ տագնապին առընչութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ մեծ ցաւով ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտնի որոշումով ստեղծուած իրավիճակին, որով վնաս կրած է Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսին առթիւ։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած՝ Ամանորի աւանդական քէրմէսը։
Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Խաչ դպրեվանքի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տարեկան հանգանակութեան զուգահեռ պիտի նշուի հաստատութեան արդի վիճակով հիմնադրութեան տարեդարձը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց Թեմէն ներս երէկուան օրը եղաւ յատկանշական:
Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Ջուլճեանի եռեակ յոբելեանները նշուեցան Վանաձորի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով:
ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վաղը պիտի մէկտեղուին Քիեւի մէջ:
«Հայաստան կը ձգտի պահպանել այս կազմակերպութեան բացառապէս տնտեսական եւ ապաքաղաքական բնոյթը»:
Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան յայտարարեց, որ վտանգներ կը տեսնէ հայագիտութեան բնագաւառին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերատեսուչը հայագիտական հետազօտութիւններու բնագաւառէն ներս կը նկատէ որոշ յետընթաց։
ՆԱԹՕ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար Ռոուզ Կոթէմիւլլէր յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Երեւան, ուր պիտի ընդունուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Այսպէս, ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018 թուականի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Իսթանպուլի երէկուան արտահերթ գագաթաժողովը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ համախմբուած 56 երկիրներու ներկայացուցիչները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ, որով Արեւելեան Երուսաղէմը ճանչցուեցաւ Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաքը, ընդգծուեցաւ անոր բռնագրաւեալ բնոյթը եւ համապատասխան կոչ ուղղուեցաւ համայն աշխարհին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արաբական առածը կ՚ըսէ. «Մահը սեւ ուղտ մըն է՝ որ բոլոր դռներուն առջեւ կը ծնրադրէ»։
Այո՛, մահը անխուսափելի է, ուրեմն ամէն մարմնաւոր եւ աշխարհային արժէք ժամանակաւոր է, եւ մարդ պէ՛տք է ըստ այնմ շարժի եւ գործէ, ինչ որ կը նշանակէ՝ չկառչի՛լ միայն մարմնաւորին եւ աշխարհայինին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սրահին մէջ չեմ կարծես, այլեւ՝ ծովուն մէջ, որ մերթ կ՚ալեկոծի, մերթ փոթորիկին մրրիկները կը գալարին մակերեսին, կատաղի հարուածներով կը բարձրացնեն զայն, աննկատ վար կը հրեն ջուրը ու կը գլորեն զիս, դէպի խորը, շատ խորը, ուր անդնդային մթութիւնն է, ընկղմած նաւերու, մարդկային ձախողութիւններու ու կորուստներու նշոյլներն են շարուած, մխուած ծովուն յատակի աւազին խորը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հայոց ազգային պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքին հեղինակը շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ճարտարապետ Աշոտ Գրիգորեան. «Տակաւին գիրքը նոր է եւ, բնականաբար, ժամանակի կը կարօտի՝ որպէսզի հանրութիւնը կարդայ, ծանօթանայ, բայց քանի որ ներկայ ու արդի է Պալեաններուն խնդիրը, գիրքը անմիջապէս կը գրաւէ իր խորագիրով, ծաւալով եւ նորութեամբ»:
Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին ձօնուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքի այս տարուան ախոյեանը հանդիսացաւ Տատեան սանուց միութեան խումբը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ըստ 17 Օգոստոս 2017 թուականին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը ընտրելու համար այսօր իսկ պէտք է գումարուէր Ազգային պատգամաւորական ժողովը։
Աւելի՛ն, տակաւին անցեալ շաբթուան մէջ ընտրուած պէտք է ըլլային եկեղեցական պատգամաւորները, իսկ անցեալ Կիրակի մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ փութացած պէտք է ըլլային՝ ընտրելու համար աշխարհական պատգամաւորները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Դեկտեմբեր 1-2 թուականներուն տարեկան պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Կրնոպլի մէջ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու բացատրութիւններ տուաւ Վլատիմիր Փութինի այցելութեան ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ:
Յառաջիկայ տարեմուտին նախատեսուած Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան համաժողովին ընդառաջ Թուրքիա ներկայացուցիչներ կ՚առաջարկէ քիւրտերուն համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Աթէնք պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոսիասի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր պաշտօնակցին հետ տեսակցելու առընթեր, Նալպանտեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաժողովներու սրահին մէջ։