Արխիւ
Շիշլի մարզակումբը վերջերս ճատրակի մէջ ունեցած է շարք մը կարեւոր յաջողութիւններ։ 2017-2018 շրջանի Իսթանպուլի փոքրերու եւ աստղերու մրցաշարքերուն մէջ շիշլիցիները դասուած են դափնեկիրներու շարքին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի համար քաղաքական իրարանցումի եւ փոփոխութիւններու վերջին օրերուն աննկատ մնաց մշակութային կարեւոր իրադարձութիւն մը՝ այդ օրերուն Հայաստանը փայլուն կերպով ներկայացաւ Մալթայի Միջազգային երաժշտական փառատօնին:
Գրաբարէն աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայիս ամիսը քրիստոնեայ աշխարհին համար յատկանշական է անով, որ այս ամիսը ան նուիրած է Ս. Մարիամ Աստուածածինին: Սխալ կարծիք կայ այն մասին, թէ Կաթոլիկ Եկեղեցին շատ աւելի մեծ կերպով յարգանք կը տածէ Մայրիկ Աստուածածինին նկատմամբ, քան միւս եկեղեցիները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանը կը վկայէ, թէ աշակերտները զարմացած կը նայէին երկինք, կ՚ուզէին հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս համբարձաւ Քրիստոս։ Եւ հարց մը կը գոյանար իրենց մէջ. «Ինչո՞ւ պէտք էր, որ համբառնար Քրիստոս, քանի որ Անոր հետ ըլլալ, Անոր հետ ապրիլ մեզի համար հանգիստ եւ ապահով էր. ապա ուրեմն ինչո՞ւ Ան համբառնալու պարտաւորուեցաւ…»։
Հովանաւորութեամբ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Քուէյթի «Ալ Պապթին» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեկամութեան գոյները» խորագրով ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակին։ Այս ձեռնարկին կազմակերպման համար համագործակցեցան Հայաստանի դեսպանութիւնը, Քուէյթի Ազգային վարժարանը եւ «Ալ Պապթին» գրադարանը:
Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք դարձաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Ան յաղթահարեց նուազագոյն 100 հազար ստորագրութիւններու պատնէշը։
Միացեալ թագաւորութեան արքայազն Չարլզ կը պատրաստուի մասնակցիլ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Լոնտոնի դեսպանատան մէջ։
Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հետամուտ Աստանայի համաձայնութիւններու ծիրէն ներս, Թուրք զինեալ ուժերը տասներորդ դիտարկման կէտը ստեղեցին Իտլիպի մէջ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուած են գօտիներ, որոնք կը պահուին բախումներէ զերծ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը քաոսի կը տանին ամբողջ աշխարհը։ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պատճառ դարձած է խոր մտահոգութեան։
Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Անցեալի մէջ Տէօքմէճեան եղած էր հայաշատ Գալիֆորնիոյ նահանգապետը եւ այդ պաշտօնավարութեան տարիներուն մարմնաւորած կերպարով դարձած էր անմոռանալի՝ ամերիկեան քաղաքական կեանքէ ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի հետ։
Ընդհանուր փոխանորդը Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ խօսեցաւ պատրիարքական առկախեալ ընտրութիւնով պայմանաւորուած համայնքային փակուղիին մասին։
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան. «Ես բոլորէն աւելի կ՚ուզեմ, որ ժամ առաջ ընտրուի նոր պատրիարք մը, որովհետեւ ամէն օր կը լսեմ անարգանքներ»։
Նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Պէյքոզի հարցին. «Այժմ աւելի մեծ կոյուղիի հոտեր կու գան, ապացոյցները հաւաքելու սկսած ենք՝ երբ որ ժամանակը գայ, պիտի հրապարակենք»։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ արկածախնդրական քայլերու դիմել միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ միջազգային համաձայնութենէն։
Հայաստանի Ազգային ժողովին կատարած ընտրութեան հիման վրայ՝ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիրը Նիկոլ Փաշինեան գործի ձեռնարկելու զուգահեռ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն կը հասնին բազում շնորհաւորականներ։
Կառավարութեան կազմը կ՚ենթարկուի էական փոփոխութեան։ Երեւան կը շարունակէ յանձնառու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար՝ ըստ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքին։ Յառաջիկայ ընտրութիւններու արդարութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ խոստումներ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած այժմու պաշտօնական դիրքորոշումով մեր համայնքը նոր պատրիարք մը ընտրելու համար պէտք է սպասէ մինչեւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանին։ Անցեալ տարուան ալեկոծեալ ժամանակաշրջանէն վերջ որդեգրուած կամ պաշտօնապէս յայտարարուած դիրքորոշումը այսպէս է։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաւերացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեանի ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թեմական պատգամաւորական ժողովը անցեալ շաբաթավերջին հայր սուրբը կոչած էր առաջնորդի պաշտօնին՝ որպէս յաջորդը Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։
Երեւանի մէջ կը սկսի հայկական գինիի լաւագոյն աւանդոյթներու զարգացման ու ներկայացման նուիրուած «Երեւանի գինիի օրեր» միջոցառումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջոցառումը Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ նախաձեռնած են «Արենի» փառատօն հիմնադրամը, որ տարիներ շարունակ կը կազմակերպէ Արենի գինիի փառատօնը եւ Աննա Մազմանեան։
Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ժողովը գումարուած է 720 թուին, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսի օրով ու նախագահութեամբ։ Հիմնական երկու նպատակ հետապնդած է.
Նախ վերջնական ձեւ տուած է եւ վաւերացնելով ընդունած է Յովհաննէս Կաթողիկոսի կազմած «Կանոնագիրք»ը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լրջամիտ մարդոց համար, որոնք իրենց ամբողջ խորհուրդը կը չարչրկեն՝ գիրքի մը կամ գրողի մը իսկական հանգամանքը, եւ ստանձնած կոչումը եւ դերը ցուցադրելու կամ հրապարակելու համար, գնահատումը, իրապէ՛ս շատ դժուարին գործ մը կը հանդիսանայ։