Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Անգարա-Պերլին յարաբերութիւնները բնականոն հունին վերադարձնելու համար կարեւոր որոնումներ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ այսօր բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Հռոմի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Իտալիա միջկառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը։ 6-8 Յունիսին տեղի պիտի ունենան աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Իտալիա գործարար համաժողովը։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու ճակատագրական քայլը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Սուրիոյ երկարամեայ տագնապը:
Վարչապետը կրկնեց Թուրքիոյ վերապահութիւնները:
Ուաշինկթըն զօրքերու շարժման անցնելէն առաջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Անգարային: Ներկայիս ԻՇԻՊ-ի կապը արդէն խզուած է միւս քաղաքներուն հետ

 

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

​Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ ցուցահանդէս մը։ Երկար տարիներէ ի վեր Տատեան սանուց միութենէն ներս նկարչական դասընթացքներ կը կազմակերպուին, Մաքրուհի Քէչիեոլուի վերահսկողութեան ներքեւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

​Սկիւտարի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ թաղի այժմու ու երբեմնի վարժարաններու շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքը։ Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը՝ դաշտահանդէսի մը ձեւաչափով։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Հոգեգալստեան տօնը այս տարի եւս աւանդական շուքով նշուեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն:
Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ յոյս յայտնեց, թէ մինչեւ տարեվերջ կը լուծուին համայնքի առկայ հարցերը:

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այս առաւօտ հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազաններն ու պատուիրակութեան անդամները մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, որ պիտի սկսի վաղը: 

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի եւ Գաղտնի արխիւներու ղեկավար Մոնս. Ժան-Լուի Պրիւկէսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը երէկ փայլուն արարողութիւններով նշուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Զէքիեան Գերապայծառ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Եշիլգիւղի ընտանիքը նախընթաց օր ընթրիքով մը մեծարեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Շիշլի գաւառակը եւ Տիարպաքըրի Չընար գաւառակը, որոնք դարձած են քոյր գաւառակներ, կեանքի կը կոչեն զանազան ընկերակրթական ծրագրեր։ Այս շարքին մէջ էր «Արեւմուտքէն դէպի արեւելք պարզուած եղբայրութեան ձեռքը» խորագրեալ նախագիծը։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Գալֆաեան Տան սաները անցեալ ամիս զանազան մշակութային ձեռնարկներու մասնակցեցան։ Այս ծիրին մէջ անոնց տեսակէտէ շատ հետաքրքրական էր «Փորթագալ» գեղարուեստի տուն տրուած այցելութիւնը։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան տարեվերջի խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժնի աշակերտներուն համար նախատեսուած էին այս հանդիսութիւնները։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտներուն համար նախընթաց օր մասնաւոր հանդէս մը կազմակերպուեցաւ՝ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին թաղի պատուոյ ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, դպրոցի զօրակից մեր ազգայիններէն Վազգէն Վարդանօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Եդուարդ Հարբութ, ծնողաց միութեան անդամներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Տարրական կրթութեան առաջին փուլը աւարտած աշակերտները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Գարակէօզեան Տան համալիրէն  ներս երէկ տեղի ունեցաւ մանկարանի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Օրուան սկիզբին մանկարանի առաջին երկու դասարաններու տղոց հանդէսը տեղի ունեցաւ, իսկ երեկոյեան՝ մանկապարտէզի վերջին դասարանի սաները ստացան իրենց վկայականները։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին թափ տալու ուղղեալ աշխատանքները աստիճանաբար կը սկսին: Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին նոր իրադարձութիւններուն:
Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի կազմուի ամսոյս երրորդ շաբթուան ընթացքին: Կրօնական ժողովը նիստ պիտի գումարէ Նորին Սրբազնութեան Մայր Աթոռէ եւ Քէօլնէ վերադարձին:

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017

Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայ բժշիկներու միջազգային համագումարը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ «Հայերն այսօր» կայքէջի հաղորդումներով, բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց արժանթինահայ վարակաբան Տքթ. Դանիէլ Ստամպուլեան:

Էջեր