Արխիւ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Եւրոպայի ընկերային-տնտեսական դրոյթը 19-րդ դարուն Մարքսեան որակումով կոչուեցաւ «դրամատիրական հասարակարգ», որ հիմնուած է ունենալու, աւելի ունենալու, անյագօրէն ունենալու, անշուշտ այլոց հաշւոյն. բնազդային է, որ սակայն հետագային ունեցաւ անշուշտ իր պաշտպան փաստաբաններն ու տնտեսագէտները՝ արդարացնելու համար ինչ որ կազմաւորուած է իբրեւ մարդկութեան իտէալ իրաւակարգ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կը լսենք, թէ՝ մարդ սխալակա՛ն է, անշուշտ այս չի նշանակեր որ մարդ պատասխանատու չէ իր սխալներէն կամ գործած յանցանքներէն, օրէնքի դէմ թերացումներէն եւ մեղանչումներէն։
Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի։ Այս մասին Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջնորդութեամբ՝ Սուրիոյ ճգնաժամին քաղաքական լուծում մը գտնելու առաջադրութեամբ Աստանայի մէջ կազմակերպուած բանակցութիւնները հասան իրենց աւարտին։ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը եւ ընդդիմադիր ուժերը առաջին անգամ նման ձեւաչափի մը մէջ նստան նոյն սեղանին շուրջ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպէն ներս զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Հալէպի մերձակայ գիւղերէն մէկուն մէջ զոհուեցաւ հայազգի զինուոր Ժան Քորաճեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ այդ ամբողջէն բխած արդի հարցերուն շուրջ։ Անոնք աչքէ անցուցին նաեւ երկկողմանի միջոցառումներու ծրագիրը։
Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն ղեկավարներ յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ պիտի այցելեն Թուրքիա։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյը։
Կլէյտիս Պէրէճիքլեան դարձած է Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի 45-րդ վարչապետը: Ան, Յունուար 23ին, միաձայն ընտրուած է Լիպերալ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին:
Արցախի ճակատին վրայ նախորդ գիշեր հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ դիպուկահարի մը կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց Կարէն Ուլուպապեան (1995)։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ անցեալ շաբաթ Պեշթեփէի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան արձագանգները կը շարունակուին։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատելով որ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը չէր տօնախմբուած, Ս. Պատարագի մատուցմամբ թէ՛ կղզիի փոքրաթիւ ժողովուրդը եւ թէ ուխտաւորներ առիթն ունեցան ապրելու հոգեւոր ուրախութեան։
Շիշլի մարզակումբի գործունէութիւնը ներկայիս կը շարունակուի թափով։ Ակումբի կազմակերպած ձմրան դասընթացքներուն կը մասնակցի 450 հոգի։ Անոնց վրայ կու գան աւելնալ Շիշլիի թիւով 130 զանազան ճիւղերու մարզիկները, որոնք մաս կը կազմեն վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի խումբերուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Առիթ ունեցած ենք Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն աշխարհահռչակ հայ խոհարար՝ Ալէն Ալեքսանեանի գործունէութեան համառօտ կերպով անդրադառնալու: Ան Հայաստանի մէջ յաճախակիօրէն կը մասնակցի զանազան ձեռնարկներու, ուր վարպետութեան դասեր կ՚աւանդէ մանաւանդ գիւղաբնակներուն համար՝ ստեղծելով տեղական ուտելիքի միջոցաւ զարգացման ծրագիրներ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
85=3.500.000.000: Համաշխարհայնացման եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան նորագոյն ուսողութիւնն է (mathematiques) այս հաւասարութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը Վերջերս, համացանցի վրայ արեւմտահայերէնի պահպանման մասին գրութիւն մը ուշադրութիւնս գրաւեց. նիւթը յղողը լիբանանահայ ծանօթ լեզուագէտ բժ. Արմենակ Եղիայեանն էր, որուն լեզուագիտական յօդուածներուն կարեւորութեամբ կը հետեւիմ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ ինծի խորհրդածութեան նիւթ ըրած եմ, թէ Բնութիւնը մեր անձէն դուրս՝ առարկայական երեւոյթ մըն է՞, թէ զայն կ՚ապրինք մեր անձին մէջ։ Աւելի ճիշդ է հարցնել. բնութիւնը մեզմէ դուրս իրողութիւն մըն է՞, թէ մեր մէջը՝ մեր ներսը պատահած, մեզմէ անբաժան, մեզի հետ նոյնացած երեւո՛յթ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմանակալութենէն ժամեր առաջ, ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենար թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը տօնենք Սուրբ Ծննդեան ոգեկոչումը եւ կը խանդավառուինք անոր յիշատակով, ասիկա որքան խաղաղութեան, մարդկային եղբայրութեան, մարդասիրութեան ազնիւ զգացումներու անդրադաձման առիթ մը, նոյնքան ալ աւետիս մըն է հոգեկան վերածննդեան։ Արդարեւ, Սուրբ Ծննդեան տօնախմբումը առիթ մըն է համերաշխութեան, հաշտութեան, ինչ որ կը պատկանի հաւաքական կեանքի, մարդոց փոխյարաբերութիւններուն, անոնց զարգացման եւ բարեփոխման. բայց անհատական կեանքի մէջ ալ անիկա վերազարթումի, վերանորոգման առիթ մը պէտք է նկատուի։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի գեղարուեստից աշխատանոցին կողմէ երէկ կեանքի կոչուեցաւ թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, դպրոցի գեղարուեստի աշխատանոցի սաները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս հերթի փոփոխութիւն եւ հոգաբարձութեան կողմէ մեծարանք:
Տքթ. Արտաշէս Աքտաղի տասնամեայ ծառայութենէն վերջ իրեն կը յաջորդէ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան: