Արխիւ
Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի լոյսին տակ նոր հորիզոններ կը ստեղծուին՝ հարցերուն համար:
Խաժակ Սրբազան. «Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքը աւելի աշխուժացած եւ կազմակերպուած է»:
Հայաստան եւ Չինաստան կ՚ընթանան սերտ համագործակցութեան հաստատման ճանապարհով:
Փեքինէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ նոր չէ այս երեւոյթը, որուն մասին դարերու ընթացքին գրած են, պայքարներ մղած, ըմբոստութեան, յեղափոխութեան դիմած են, պատերազմած…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան մէջ Մոսատի նախկին համակարգող Էլիազար Ցեւրիր «Մաարիվ» պարբերականին մէջ յօդուած մը գրելով դրուատիքով խօսած է Էրպիլի մէջ հանրաքուէ կայացնելու քայլին մասին: Ցեւրիր երկար տարիներու իր լռութիւնը հատելով նաեւ ըսած է, որ քիւրտերը մեծ ժողովուրդ են եւ անոնք արժանի են «մեծ պետութիւն» մը ունենալու:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Բնութիւնը մարդուս տուած է մէ՛կ լեզու եւ երկու ականջ, որպէսզի աւելի շատ լսես, քան՝ խօսիս։ Եթէ քեզի մէկ լեզու տրուած է, կը նշանակէ լեզուովդ թէ՛ մտածուած եւ թէ անգիտակից գաղափարներդ, թէ՛ անկիրառելի խոստումներդ եւ թէ անհեռանկար ծրագիրներդ կ՚արտաբերես՝ երբեմն դուն քեզ փակուղիի եւ անել վիճակի մէջ մատնելով։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թաւրան եւ իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ, Խաչին նուիրուած չորս տօներէն վերջինն է՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը։
Արդարեւ, Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներէն երեքը կը նշեն քրիստոնէական միւս եկեղեցիները, իսկ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցիին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է, ինչպէս՝ աշխատանքը եւ գործելը։ Արդարեւ, զուարճութիւնը՝ աշխատութեան հետ կեանքը հաւասարակշռող կարեւոր ազդակ մըն է։
Մարտունի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ բարերար Գասթելլօ Մկրտչեանի օժանդակութեամբ, Հոկտեմբերի 29-ին Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ նուռի փառատօն:
Բազմաթիւ ներդրումներու արդիւնքին այս եւ յաջորդ տարիներու ընթացքին կը նախատեսուին Հայաստանի մէջ բանալ գինիի, բուստի եւ այլ թանգարաններ։
Երեւանի քաղաքապետարանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի 88-րդ թատերաշրջանը այս տարի կը բացուի Սեպտեմբերի 30-ին։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ ընտրեց նոր քաղաքապետը։ Այսպէս, Մեւլիւտ Ույսալ ընտրուեցաւ Իսթանպուլի նոր գլխաւոր քաղաքապետ։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի անկայուն վիճակը։ Երէկ, հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին տարածքաշրջանի խնդիրներուն շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ ԱՆգարայի մէջ հիւրընկալեց իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը:
Պատրիարքի թեկնածու՝ քաղաքիս կամ արտասահմանի սրբազաններուն արդէն ուղարկուած են նամակներ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրներու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն կ՚ակնկալուին պատասխաններ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ի՞նչ կը սպասէ մարդ, եթէ ոչ այն՝ ինչ որ հոգեմտայինին մէջ գոյութիւն ունի եւ սակայն՝ ափերը դատարկ են ու պատրաստ՝ ընդունելու սպասուածը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, եթէ գրենք, որ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ ջրային պաշարներու եւ այդ պաշարներու «բաժանման» հիմնախնդիրը: Քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնք տեսակէտ յայտնած են, որ Արեւելքի մէջ յաջորդ պայքարը պիտի ըլլայ՝ «ջուրի պայքար»ը:
ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարը կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն նոր հանդիպումը:
Տանքըն. «Լոնտոնի ղեկավարութիւնը կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն»:

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Եւրոպական ժառանգութեան օրերու ծիրէն ներս, կրկին կը փառաբանուի 2030 տարեկան տնջրի ծառը, որ պերճ հասակով հսկայ չինարի (սօսի) ծառն է, կը գտնուի Արցախի Վարանդա գաւառի Սխտորաշէն գիւղի հանդին մէջ: Խորհրդային Միութեան շրջանին այս ծառին անձնագիր շնորհուած է որպէս Խորհրդային Միութեան տարածքին գտնուող ամենատարեց եւ ամենաբարձր ծառը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօրերուն քաղաքս կ՚այցելէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Ան կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի հիւրանոցին մէջ։