Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թեան ցու­ցա­բե­րած մեծ ե­ռան­դին չնա­յե­լով՝ «հե­թա­նոս հայ»ը քրիս­տո­նէա­բար կրթել, նկա­տի չու­նե­նա­լով Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղո­վի դրած օ­րէնք­նե­րը՝ ո­րով ժո­ղո­վա­կան­նե­րը «հայ աշ­խար­հի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը վա­նա­կան միա­բան­ներ դար­ձու­ցին՝ բա­ցի մի­միայն ա­մուս­նու­թեան կող­մէ», ինչ­պէս կը վկա­յէ Փաւս­տոս պատ­միչ, բայց եւ այն­պէս այդ ջան­քե­րը ընդ­հան­րու­թեան հա­մար ա­պար­դիւն ան­ցան եւ այս ե­րե­ւոյ­թի պատ­ճա­ռը ճշմար­տա­խօս Փաւս­տոս պատ­միչ հե­տե­ւեալ խօս­քե­րով կը բա­ցատ­րէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը: Այս առ­թիւ վար­ժա­րա­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ազ­գա­յին կրթու­թեան փոխ-նա­խա­րար Օր­հան Էր­տէմ, Կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան մօտ գլխա­ւոր խորհր­դա­տուի օգ­նա­կան Տքթ. Մուամ­մէր Եըլ­տըզ, կու­սա­կա­լի օգ­նա­կան Ահ­մէտ Համ­տի Ուս­թա, Կրթա­կան նա­խա­րա­րի խորհր­դա­տու Տքք. Էօ­մէր Ա­քար, Շիշ­լի գա­ւա­ռա­կի կրթա­կան տնօ­րէն Մու­րատ Միւ­ճա­հիթ Են­թիւր, նաեւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի եւ Շիշ­լի գա­ւա­ռա­կի ղե­կա­վար­ներ:

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հրա­ժեշ­տի ընթ­րիք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէ­յա­զը­տի «Փրե­զի­տընթ» պան­դո­կին մէջ։ Տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին միջ­նա­կար­գի բաժ­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016

«Միտք» հարթակին նախաձեռնութեամբ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասնակցութիւն բերին հազիւ քանի մը տասնեակ անձեր, որոնք կարգապահ էին:
Հրապարակուած յայտարարութեան մէջ պահանջուեցաւ Պատրիարքական ընտրութիւն կատարել աւանդական ձեւով, նաեւ շեշտուեցաւ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի հարցը:

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս առ­կայ է խոր բե­ւե­ռա­ցում­նե­րու եւ պա­ռակ­տու­մի շրջան մը։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր շարք մը տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ չեն հար­թուիր զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։ Կա­լուա­ծա­կան խնդիր­նե­րէ սկսեալ մին­չեւ դպրոց­նե­րու հար­ցե­րը՝ ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կարգ մը ու­նի հա­մայն­քը։

Հինգշաբթի, Յունիս 23, 2016

Նալպանտեան անդրադարձաւ Սէն Փեթերսպուրկի եռակողմանի հանդիպման մանրամասնութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արցախ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ան­ցեալ շաբթուան մէջ Իս­թան­պու­լէն մեկ­նած էր Մոս­կուա, ուր­կէ պի­տի անց­նէր Հա­յաս­տան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Սրբա­զան Պա­պի դէ­պի Ս. Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թեան եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

«Միտք» հարթակը այս առաւօտ բողոքի արարք մը կազմակերպեց՝ «Մեր պատրիարքը կ՚ուզենք մե՛նք ընտրել» կարգախօսով:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքարանի գտնուած փողոցը թատերաբեմը հանդիսացաւ արտասովոր իրադարձութեան:

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

«Միջազգային վարկանիշաւորման կեդրոն»ը պարգեւատրեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարը:
Յասմիկ Պօղոսեան վկայականը ստացաւ ձեռամբ Ալեքսանտր Ռապինովիչի, որ բարձր գնահատեց իր գործունէութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վը։ Ա­ղուե­րա­նի մէջ, «World Vision» բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ հա­րիւր կրթա­կան մշակ­ներ՝ ներ­քին թե­մե­րէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

ՄԱ­ՐԻԱ ԳԱԲ­ՐԻԷ­ԼԵԱՆ

Վս­­տա­հա­բար Քա­րէն Եփ­փէն, Միս Պիւ­լը եւ Մար­իա Ճէ­քըպ­սը­նը քսա­նե­րորդ դա­րու սկիզ­բը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ լա­ւա­պէս կր­­ցած էին օգ­տա­գոր­ծել հա­մա­ցան­ցը, յատ­կա­պէս Դի­մա­տետ­րի (Facebook) է­ջե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց գոր­ծած բա­րիք­նե­րուն մա­սին աշ­խար­հով մէկ տե­ղե­կանք սփռէին, թէ ինչ­պէ՞ս ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին այս­քան ա­ռատ տե­ղե­կանք փո­խանց­ուած եւ ի­րենց մա­սին հաս­տա­փոր մատ­եան­ներ հրա­պա­րակ­ուած պի­տի ըլ­լա­յին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

ԿԱՐ­ՊԻՍ ՋՐԲԱ­ՇԵԱՆ

Յա­ճախ լսած ենք, որ «աշ­խար­հի վրայ ան­փո­խա­րի­նե­լի մարդ չկայ։ Գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ բազ­մա­թիւ են այդ­պի­սի­նե­րը…»։ Թէ­պէտ Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ չկայ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, եր­բեմն ալ հա­ւա­տա­ցած ենք։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ մե­ծա­հա­րուստ Քե­րո­լին Ռա­ֆա­յէ­լեան ընդգր­կուած է Forbes­ի՝ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հա­րուստ ինք­նու­րոյն կա­յա­ցած կա­նանց ցու­ցա­կին մէջ՝ զբա­ղեց­նե­լով 22-րդ տե­ղը: Քե­րո­լի­նի կա­րո­ղու­թիւ­նը կը գնա­հա­տուի 700 մի­լիոն տո­լա­րով:

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը հեր­թա­կան ան­գամ դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց սու­րիա­հա­յոց հա­մար։ Այս­պէս, վեր­ջերս մայ­րա­վան­քէն դրա­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րուե­ցաւ ի նպաստ հա­րիւր սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Ֆրան­սա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան ո­րո­շած է չմաս­նակ­ցիլ յա­ջորդ տա­րի կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ «News am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փաթ­րիք Տէ­վէ­ճեան ներ­կա­յիս 71 տա­րե­կան է ու ո­րո­շած է յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին աշ­խա­տան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նաց­նել Օ-տը-Սէն շրջա­նի խոր­հուր­դին վրայ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման արձագանգները:
Ֆրանսա պատրաստակամ է Սարգսեան-Ալիեւ նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպելու համար:

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յե­տին վեր­լուծ­մամբ, Օ­րէն­քը՝ Աս­տու­ծոյ կա՛մքն է որ կը տի­րա­կա­լէ, կը տի­րա­պե­տէ ան­խու­սա­փե­լի եւ ան­դի­մադ­րե­լի ու­ժով՝ ինչ­պէս Բնու­թիւ­նը են­թա­կայ է ա­նոր, նոյն­պէս եւ մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կերպուած հրա­ժեշ­տի ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հրա­ժեշտ տա­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Գալ­ֆաեան Տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մե­կեր­պուե­ցաւ իֆ­թա­րի սե­ղան մը, ո­րուն մաս­նակ­ցիլ հրա­ւի­րուած էին նաեւ մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն դէմ­քեր։ Պէ­շիկ­թա­շի «Four Seasons» պան­դո­կին մէջ, բա­ցօ­թեայ սար­քուած այս ընթ­րի­քին տան­տէրն էր Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նետար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 22, 2016

ԶԻ­ՊԷՉ-ի վար­չու­թիւ­նը եւ մաս­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մը կը ձգտին խո­րաց­նել մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­նե­րուն հետ ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի յա­տուկ խնամ­քի կա­րօտ ա­շա­կերտ­նե­րու պա­րա­գա­յին կա­տարուին ա­ւե­լի գի­տա­կից կար­գադ­րու­թիւն­ներ։

Էջեր