Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման համար նախ պէտք է վերականգնուի բանակցային գործընթացի միջավայրը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

Վրաստանի Փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեսակցեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին հետ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներն ու ժողովուրդները՝ մշտապէս Վեհափառ Հայրապետի աղօթքներուն մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան կարեւորեց հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան աւանդութիւններուն վերականգնումը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած ոսկեայ սկուտեղ-մատուցարանը ցուցադրուած է Լոնտոնի թագաւորական ընտանիքի նստավայրին՝ Պաքինկհամ պալատին մէջ: «Պի. Պի. Սի.»ն կը տեղեկացնէ՝ յղում կատարելով Լոնտոնի Թագաւորական հաւաքածոյի կայքէջին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքի երկնասլաց առեւտրական կեդրոնի երկու շէնքերուն վրայ կատարուած 2001 թուականի յարձակումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը Աֆղանիստանէն պահանջեց Ուսամա Պըն Լատէնի յանձնումը, որ ապաստանած էր այնտեղ, զինք ամբաստանելով այդ ահաբեկչութեան գործով: Աֆղանիստանի դժկամանքին կամ անկարողութեան հետեւանքով, Միացեալ Նահանգներ պատերազմ հռչակեց Աֆղանիստանի դէմ, ստեղծուած անակնկալ պարագայ մը, ուր Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պարտաւոր չէր Գոնկրէսին հաւանութիւնը ունենալու:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

IV. Հէնրի, իր թագաւորական կնիքին վրայ սա արձանագրութիւնը դրած էր. «Արժանիքը կերպով մը կը յայտնուի»։ Արդարեւ ծածուկ մնացած եւ քօղարկուած ամէն արժանիք, ի վերջոյ կը յայտնուի եւ ամէն արժէք իր արդար տեղը կը գտնէ։ Անշուշտ ասիկա երբեմն երկար ժամանակաշրջանի մը կրնայ կարօտիլ եւ իսկակա՛ն արժանիքը, անպայմա՛ն միջոցը կը գտնէ երեւան գալու՝ յայտնուե՛լու։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս իրենք զիրենք յառաջադէմ եւ լուսամիտ կարծողներ, չեն ախորժիր, «հին»էն՝ հինի մասին խօսուելէն, եւ կը ձգտին միշտ «նոր»ին, եւ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել՝ մի՛շտ այդպէ՛ս երեւիլ կ՚ուզեն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական հրթիռներու փորձարկումները կը շարունակեն խորապէս մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին ՆԱԹՕ-ի կողմէ կատարուեցաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Այսպէս դաշինքի մօտեցումը այն է, որ համաշխարհային մակարդակով պատասխան մը պէտք է տրուի Հիւսիսային Քորէային։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու գագաթաժողով:
Հանրապետութեան նախագահը Աստանայի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի տեսակցութիւններ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով՝ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ այսօր կ՚այցելէ Երեւան։ Երկու նախարարները կը վարեն բանակցութիւններ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

​Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի յուղարկաւորութիւնը։ Երկար տարիներ ան որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր այս եկեղեցւոյ մէջ եւ իր յուղարկաւորութիւնն ալ կատարուեցաւ նոյն երդիքին տակ՝ յընթացս Ս. Պատարագի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

​Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը։ Այս դպրաց դասու հիմնադրութեան 160-րդ եւ վերակազմութեան 35-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Ֆաթիհ Չեքիրկէ այսօր իր սիւնակին մէջ դրուատիքով արտայայտուած է մեր ծանօթ ազգայիններէն Ճեզօ Թաշի մասին։ Յօդուածագիրը այսօրուան իր գրութեան մէջ կեդրոնացած է Պիթլիսի վրայ, որու Ահլաթ գաւառակէն ներս ներկայիս պատմական դամբարան մը կը վերանորոգրուի՝ պեղումներու զուգահեռ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ամերիկեան «Սփէյս էքս» եւ «Թեսլա» արհեստագիտական ընկերութիւններու համահիմնադիր եւ ղեկավար Իլոն Մասք «Թուիթըր»ի իր էջին մէջ գրած է, որ մարդիկ պէտք է աւելի շատ մտահոգուին արհեստական բանականութենէն, քան՝ Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուածութեան աճի վտանգէն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քաղաքական բաւական ձանձրացուցիչ ամառ մը բոլորելէ ետք այսօր պարզ կը դառնայ, որ գործող քաղաքական ուժերը (խօսքը յատկապէս ընդդիմադիր դաշտին մասին է) կը փորձեն իրենց «թեւերը սոթտել» եւ պատրաստուիլ նոր փուլի: Հայաստանի մէջ գրեթէ «աւանդութիւն» սկսած է դառնալ, որ իւրաքանչիւր տարուան աշնանամուտին հայաստանցի ժողովուրդը ապրի «թէժ աշուն» մը ունենալու յոյսերով:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

​Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարածքաշրջանի հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմանի հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ, Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ հանդիպում մը ունեցան Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքի միջնորդութեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2017

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի արձանագրած վերելքը կը շարունակէ արձագանգ գտնել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Վերջին օրերուն «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի երաժշտական քննադատ Նայիմ Տիլմէնէր դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սիպիլի մասին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Աշխարհը կ՚եռեւեփի։
Չկայ ցամաքամաս մը, տարածաշրջան մը, ուր անապահովութիւնն եւ անհանդարտութիւնը տիրապետող գործօններ չըլլան, առաւել կամ նուազ չափերով ու տարողութիւններով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2017

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Անծայրածիր թուացող հնձուած եւ հերկուող արտերը գծուած երկրաչափական բերրիութեան պատկերներ են մինչեւ հորիզոն, արեւուն հետ խաղ ընող ամպերու յաջորդական ստուերներով զանոնք փոփոխող:

Էջեր