Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի միջ­նոր­դու­թեամբ Եր­կու­շաբ­թի Սէն Փե­թերս­պուր­կի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ քննար­կում­նե­րը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ե­րե­ւա­նի մօտ Հնդկաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Եո­կեշ­վար Սանկ­վա­նի այս օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կը յանձ­նէ իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րը։ Ե­րէկ, ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ, ո­րուն յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն պատ­ճէ­նը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին մէկ­տե­ղուե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գէն պաշ­տօ­նեա­նե­րու հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան իր ե­լոյ­թին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի՝ զայն ո­րա­կե­լով դա­ւա­ճա­նու­թեան հրո­սա­խումբ։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Արդարադատութեան նախարարութիւնը յստակեցուց իր դիրքորոշումը Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին կապակցութեամբ:
Սահմանադրական ատեանին յանձնարարուած է ընթացք չտալ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման նպատակով կատարուած դիմումին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւական նախաձեռնութեան ճակատագիրը կրնայ վճռուիլ տեսանելի ապագային:

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն՝ Սուրբ Վլա­տի­միր Ուղ­ղա­փառ ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պե­ռին, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մեր­ի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի տե­սուչ Տ. Մար­տի­րոս Ա. Քհնյ. Չե­ւեան։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ ներ­կա­յիս տե­ղի կ՚ու­նե­նան Չի­նա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը կը գոր­ծադ­րուի այս շրջագ­ծով։ Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար­ու­թիւն­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս ձեռ­նար­կը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­ռաջ­նորդ» պա­րա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­մը։ Հա­մակ­րե­լի ա­րուես­տա­գի­տու­հի Նա­թա­լին Պոզ Եըլ­մա­զի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին յա­ռաջ տա­րուած պա­րի դա­սըն­թացք­նե­րուն տար­ե­վեր­ջի ներ­կա­յա­ցումն էր այս մէ­կը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տա­րե­վեր­ջի խրախ­ճան­քի ծրա­գի­րը կը գոր­ծադ­րուի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Փա­ռա­տօ­նի շաբ­թուան շրջագ­ծով մաս­նա­ւոր բա­ժին մը յատ­կա­ցուե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րու անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րուն։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

​14-րդ դա­րու գեր­մա­նա­ցի միս­թիք փի­լի­սո­փայ քա­րո­զիչ Մէյս­դըր Էք­հարտ ի մի­ջի այ­լոց կ՚ը­սէ. «Աս­տուած Սէր է. Իր էու­թիւ­նը Սէր է. ուս­տի ես շնոր­հա­կալ չեմ ըլ­լար, որ զիս կը սի­րէ, քան­զի չի կրնար տար­բեր ըլ­լալ ինք իր բնու­թե­նէն: Ան զիս ստեղ­ծեց ին­ծի հա­մար»:

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ար­ձա­գան­գեց Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ Ռու­սաս­տա­նի օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ ու­ղար­կուած շնոր­հա­ւո­րա­կան­նե­րուն, ո­րոնց ար­տա­սո­վոր ի­մաստ մը վե­րագ­րուե­ցաւ կող­մե­րու մի­ջեւ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան բե­րու­մով։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած նախագահներու հանդիպման ընդառաջ:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Ատրպէյճան կը ջանայ փակ պահել Լեռնային Ղարաբաղի նիւթը՝ դիւրութեամբ յառաջ տանելու համար իր քարոզչութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը կը հան­դի­սա­նայ Մուս­կուան, ուր ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մին կող­մէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Որ­դան կար­միր ներ­կը կը վե­րահռ­չա­կուի աշ­խար­հի մէջ: Ե­րե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Սարդ» խա­նութ­նե­րու ցան­ցը ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ին ա­ռա­ջարկ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է՝ հայ­կա­կան այս ներ­կը ընդգր­կե­լու մարդ­կու­թեան նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու ցան­կին մէջ:

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուրդ իր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը ու­նի։ Հայ ժո­ղո­վուրդն ալ ու­րիշ տօ­նե­րու շար­քին ու­նի իր «լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի տօն»ը։ Այս կար­գին է՝ Սրբոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան ա­շա­կերտ­նե­րը տա­րուան չորս ե­ղա­նակ­նե­րուն եւ տաս­ներ­կու ա­միս­նե­րուն նուի­րուած տա­րե­վեր­ջի գե­ղե­ցիկ հան­դէ­սով մը ներ­կա­յա­ցան ի­րենց ու­սու­ցիչ եւ ծ­­նող­նե­րուն:

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ ա­շա­կերտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը։ Խում­բը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծուած է 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ներ­կայ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին։ Ան­ցեալ տա­րի ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին հի­ման վրայ այս տա­րի եւս տա­րեշր­ջա­նի վեր­ջըն­թեր շա­բա­թը դպրո­ցէն ներս կը բնո­րո­շուի փա­ռա­տօ­նով մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը։ Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս հա­ւա­քոյ­թին շրջագ­ծով դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ խան­դա­վառ խրախ­ճանք մը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ սկսաւ տա­րե­վեր­ջի այս խրախ­ճան­քին ծրա­գի­րը, որ ա­ւար­տին հա­սաւ այ­սօր։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ այս տա­րի եւս իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը պի­տի սար­քուի Վա­քըֆ­նե­րու ըն­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան վեր­նա­խա­ւին, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կա­լա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­մար։

Էջեր