Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը զրուցեց ռուսական լրատուամիջոցներէ աշխատակիցներու հետ:
Ըստ Վիգէն Սարգսեանի, անհրաժեշտ է արտաքին քաղաքական կարեւոր հարցերու համապատասխանեցումը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ այ­սօր եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ կը հիւ­րըն­կա­լուի Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

Էտուարտօ Էրնէքեանի «Կարաս» գինիի գործարանը կը համագործակցի ֆրանսացի յայտնի գինեգէտի հետ:
Միշէլ Ռոլան վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն կ՚այցելէ Հայաստան՝ լրջօրէն նպաստելով այս բնագաւառի զարգացման:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այդ թուա­կան­նե­րէն ան­ցած են տա­սը «եր­կար» տա­րի­ներ: Եր­կար, ո­րով­հե­տեւ տար­բեր ա­ռում­նե­րով եր­կի­րը գե­րին կը դառ­նար քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն եւ մեծ հա­րուած կը հաս­ցուէր Լի­բա­նա­նի տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017

ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նախ­կին պոլ­սա­հայ լրագ­րող Գէորգ Պիւ­յիւք­յա­կո­բեան, որ ներ­կա­յիս բնակ­չու­թիւն հաս­տա­տած է Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ առ­կայ փա­կու­ղիին շուրջ գրու­թիւն մը ու­ղար­կած է խմբագ­րու­թեանս։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին ուղ­ղեալ բաց նա­մակ մըն է այս մէ­կը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը ցո­լաց­նէ հե­ղի­նա­կի անձ­նա­կան հա­յեաց­քը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս ամ­փո­փեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւննե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը։ «Ար­մէն­փ­րէս» հա­ղոր­դում­նե­րով, քուէար­կու­թեան վեր­ջին ար­դիւն­քի ամ­փոփ­ման զու­գա­հեռ՝ յայտ­նի դար­ձաւ նաեւ, թէ նուա­զա­գոյն պատ­նէ­շը յաղ­թա­հա­րած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը քա­նի՛ ա­թոռ պի­տի զբա­ղեց­նեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­ցե­րորդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Խրուա­թիոյ Սփլիտ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ծան­րա­մար­տի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին այս մրցա­շար­քին շրջագ­ծով Հա­յաս­տան ա­պա­հո­վեց ոս­կէ մե­տայլ մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ երկու եկեղեցիներ դարձան ահափեկչութեան թիրախ. 44 զոհ:
Եգիպտոսի մէջ երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ: Վեհ. Հայրապետը ցաւակից Ղպտի պատրիարքին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Ս. Զատ­կի տօ­նի սե­մին «Ա­րաս» եւ «Իս­թոս» հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պե­ցին գրքի հա­մա­տեղ տօ­նա­վա­ճառ մը։ Կա­լա­թա­սա­րա­յի Ա­յա Փա­նա­յա յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ երկ­րորդն էր իր նման­նե­րու շար­քին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Բովանդակ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է շաբաթավերջին նախատեսուած հանրաքուէին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին հսկայ հանրահաւաքներով հանդէս եկաւ Իսթանպուլի եւ Իզմիրի մէջ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

​Է­սաեան սա­նուց միու­թեան եւ իր հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծող «Մա­րալ» հա­մոյ­թին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Յա­ւեր­ժու­թիւն» մրցոյ­թին ա­ւար­տա­կա­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Այս տա­րի երկ­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս պա­րի մրցոյ­թը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մեծահանդէս արարողութիւններուն:
Սամաթիոյ ընտանիքը հոգեւոր հրճուանքով դիմաւորեց Աւագ շաբթուան շրջանը, մինչ մանուկներու օրհնութեան աւանդական կարգը համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Հա­մայն­քա­յին նա­խակր­թա­րան­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան մտա­խա­ղեր, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուե­ցան ա­ռա­ջին ան­գամ։ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ջակ­ցե­ցան Թուրք ու­ղե­ղի խում­բը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խում­բե­րը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ւագ Շա­բա­թը, իր ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, մե­զի ցոյց կու տայ Քրիս­տո­սի օ­րի­նա­կով, թէ կեան­քը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու, յաղ­թա­նա­կի հաս­նե­լու հա­մար պէ՛տք է անց­նիլ խիստ աշ­խա­տան­քի մը ճամ­բէն, մին­չեւ իսկ չար­չա­րանք­նե­րու մէ­ջէն։ Ուս­տի Յի­սուս իր իսկ կեան­քով, մա­նա­ւանդ իր վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցա­յայտ կեր­պով վկա­յեց թէ՝ մարդ պէ՛տք է չար­չա­րուի որ­պէս­զի հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ յաղ­թու­թեան եւ կա­տա­րե­լու­թեա՛ն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նան­ցի­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սին հա­մար «14 Մարտ» քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը ա­ւար­տած են ի­րենց դե­րը: 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Աս­տուա­ծա­մայ­րը հայ­կա­կան պատ­կե­րա­քան­դակ­նե­րու մէջ» լու­սան­կար­չա­կան ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Աս­տուա­ծա­մօր պաշ­տա­մուն­քի պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած ար­տա­ցո­լում­նե­րը վաղ քրիս­տո­նէա­կան շրջա­նէն մին­չեւ 18-րդ դար:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

«Զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նադ­րամ»ը Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին հետ հա­մա­տեղ Մա­յի­սի 7-ին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Քո­նիա­քի փա­ռա­տօն», որ տեղի կ՚ունենայ Հա­յաս­տանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հովանաւորութեան ներքոյ։ Փա­ռա­տօ­նին նպա­­տակն է հայ­կա­կան քո­նիա­քի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման բարձ­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ւան­դա­կան եւ նոր շու­կա­նե­րու մէջ ա­նոր հան­րայ­նա­ցու­մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017

Նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ձե­ռամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի, Դա­րա­շամ­բի Ս. Ստե­փա­նոս Նա­խավ­կայ վան­քին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ա­րաք­սի ա­զատ գօ­տիի նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուած ցու­ցաս­րա­հին:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

«Էր Ֆրանս» օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ամ­սա­գ­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է Հա­յաս­տա­նը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ դարձ­նող տասն պատ­ճառ­նե­րու:

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017

Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի սաներուն տարեկան ուղեւորութիւնը:
Ապագայ դիւանագէտները շնչեցին Պրիւքսելի եւ Վիեննայի միջազգային կառոյցներուն մթնոլորտը:

Էջեր