Արխիւ
Sayın Aram Ateşyan srpazanın vilayete randevu başvurusu, 31 Mart 2017 Cuma saat 14.30 için kabul edildi ve üç kişilik bir dini heyet, Aram srpazan, ben (Sahak Maşalyan srpazan) ve peder Drtad Uzunyan vali yardımcısı sayın Aziz Mercan tarafından makamında ağırlandık. Dostane sıcak bir sohbet ortamında gerçekleşen görüşmede sayın vali yardımcısı patriklik seçimine ilişkin son gelişmelerle ilgili devletimizin bazı hassasiyetlerinden söz ettiler.
ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ
Տ. ԵՂԻՇԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՈՒՉՔՈՒՆԵԱՆ
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեան երէկ այցելեց Իսթանպուլի Կուսակալութիւն, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի եւ Ատենադպիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ Փոխ-կուսակալ Տիար Ազիզ Մերճանի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ Կիրակին է՝ «Գալստեան Կիրակի»ն։ Այս շրջանը կը վերջանայ այս վեցերորդ Կիրակիին յաջորդող շաբաթով։ Այս վերջին՝ վեցերորդ Կիրակին կը պատմէ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը։ Արդարեւ, առաջին Գալուստը եղաւ Իր մարմնացումով ու մարդեղութեամբ՝ փրկելու համար մարդկութիւնը, անդրադարձնելու եւ զգուշացնելու համար զանոնք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վաղը՝ Կիրակի, 2 Ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները պիտի ընտրեն քսանհինգ տարիէ ի վեր անկախ երկրի նոր խորհրդարանը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ամերիկեան վարչախումբէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ երեկոյեան հեռաձայնով կապուեցաւ «Լոյս» համացանցային հեռուստաժամէն սփռուած յատուկ ծրագրին՝ Կիրակի նախատեսուած Իսթանպուլ ժամանման ընդառաջ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յոյս յայտնեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ տեսակցելով, եղբայրական ոգիով քննարկումներով կրնան լուծել հարցերը: Նորին Սրբազնութիւնը Ծաղկազարդի տօնին պիտի գտնուի Մարսէյլի մէջ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ երէկ մեր համայնքին խտացեալ ձեւով փոխանցուեցան պատգամներ։ Տեղապահ ընտրուելէ վերջ ան զանազան առիթներով հրապարակած էր իր տեսակէտները՝ լուսաբանութիւններու կամ զեկոյցներու ձեւաչափին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը, մարդուս տրուած «առիթ» մըն է եւ առիթներ կ՚արդիւնաւորուին, նպատակին կը ծառայեն, երբ լաւ տնտեսուին, նպատակայարմար օգտագործուին։ Ուստի առիթները միջոցներ են՝ նպատակի հասնելու եւ ուրեմն միջոցը պէտք է նպատակայարմար կերպով գործածել, նպատակին հասնելու եւ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգելու համար։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան աշակերտներու ուղղեալ յաջորդական շահեկան բանախօսութիւններ: Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուղեցոյց կեդրոնի կարգադրութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցէն երկու մասնագէտներ տղոց հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեցին արբունքի շրջանի մասին:
ԱՔ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղը նախընթաց օր պահքի սեղան մը սարքեց փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն համար։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան Ֆլորիայի ընկերային հաւաքատեղիին մէջ սարքուեցաւ ընթրիքը, որու պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան։
Tanrı’nın izniyle ilk görev olarak, 15 Mart 2017 tarihinde İstanbul’da yapılan Değabah seçiminde lehime oy veren ve vermeyen tüm din görevlisi kardeşlerime şükranlarımı sunmak isterim. Uzun zamandır beklenen Patrik seçiminin ilk adımı olan ve bir hazırlık mahiyetini taşıyan Değabah seçiminde onurla ve makamlarına yaraşır bir sorumlulukla davranmışlardır.
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ Քէօլնէն հրապարակեց ուշագրաւ ու ծաւալուն զեկոյց մը:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը թուարկէ իր լիարժէք պաշտօնավարութեան համար նուազագոյն պայմանները:
Արցախը զանազանութիւն կը մտցնէ զբօսաշրջութեան ոլորտնի մէջ. բացի կրօնական ուղղութիւնը զարգացնել, զարկ կը տրուի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ պատմամշակութային վայրերը իբրեւ զբօսաշրջային արդիւնք ներկայացնելու գործընթացին:
Համաշխարհային թատրոնի օրը նախընթաց օր մասնաւոր ձեռնարկով մը նշուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ։ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ «Կեանքի մէջէն դրուագներ» խորագրեալ ծրագիր մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով եւ այլ ելոյթներով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն (ատենապետուհի) ու Թանիա Պալճըն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած է քէրմէս մը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտի ցերեկոյթը։ Այս տարի հրաժեշտի արարողութիւնը սովորականէն աւելի վաղ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ ընթացաւարտները պիտի վերադառնան Հայաստան՝ պատրաստուելու եւ մասնակցելու համար աւարտական քննութիւններուն։
Թոմաս Տը Վաալ. «Ապագային չեմ կարծեր, թէ Լեռնային Ղարաբաղ մաս կազմէ Ատրպէյճանին»:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ իրենց այցի լոյսին տակ:
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Թուրքիա այսօր Ռեքս Թիլըրսընը կը հիւրընկալէ՝ տարածքաշրջանային խնդիրներու ծանրաբեռնուած օրակարգով: