Արխիւ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս կը շարունակուին վերջերս օրակարգի վրայ եկած մանկապղծութեան գայթակղեցուցիչ պնդումներուն վերաբերեալ ներքին քննութիւնները։ «News.am» կայքէջի հաղորդումներով, այս քննութիւնը կ՚երկարի, որովհետեւ նոր նիւթեր յայտնաբերուած են։
Ամենայն Հայոց Հայրապետին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ դէպի Արցախ կատարուած զօրակցութեան այցելութեան շրջագծով երէկ ապրուեցաւ յատկանշական հանգրուան մը եւս։ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երկու տասնամեակներէ ի վեր, «Լոս Անճելըս Թայմզ» լայնատարած օրաթերթը ամէն Ապրիլի սկիզբ կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանդէս մը՝ USC համալսարանին մէջ: Շաբաթավերջի մը, երկու օրերու վրայ երկարող եւ մուտքը ազատ այս ձեռնարկին միշտ կ՛ակնկալուի աւելի քան երկու հարիւր հազար այցելու:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Ալֆի անունով շունը, որ կը տիրապետէ ֆութպոլի հիանալի հնարքներու, ստացած է «Ronaldog» անունը:
Մեծն Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին մէջ յառաջիկայ աշնան պիտի բացուի աշխարհահռչակ սպանացի գեղանկարիչ Փապլօ Փիքասոյի կտաւներու ցուցահանդէսը, ուր առաւելաբար տեղ պիտի գրաւեն անոր ինքնանկարները։
Ռուսաստանի Մակատան քաղաքին մէջ գտնուող տունը, որ վերջերս վաճառքի հանուած է, արդէն գրաւած է շարք մը հարուեստ գնորդներու ուշադրութիւնը:
Ամերիկեան Google որոնողական համակարգը ներկայացուցած է սեփական օրացոյցի թարմացուած տարբերակը, որ ստացած է Goals (նպատակներ) անվանումը: «Խելացի» օրացոյցը կրնայ օգտատիրոջ օրակարգին մէջ ինքնուրոյն ժամանակ գտնել որեւէ օգտակար բանով զբաղելու համար։
«Նոպէլեան օրեր Երեւանի մէջ» ծրագիրը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն:
Դափնեկիր հիւր գիտնականները այցելեցին նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը:
Պատրիարքարանի հրաւէրով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին երգչախումբը մեր մէջ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրերուն տուաւ իր օրհնութիւնը դահլիճի երդիքին տակ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ մեծ ոդիսականը կը շարունակուի։ Տասնամեակներ առաջ առգրաւուած այս համայնքապատկան տարածքը վերջին բարեփոխումներուն զուգահառ վերադարձուած էր Ազգային հիւանդանոցին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք խորհա՞ծ էք Աստուծոյ յաւիտենականութեան վրայ. այն ճշմարտութեան մասին՝ որ անփոփոխ է եւ մշտնջենաւոր։ Արդարեւ մարդկային մտքի ըմբռնողական կարողութիւնը սահմանաւոր է։ Ան կը կարծէ հասկնալ եւ ըմբռնել իրականութիւնները, բայց հազիւ մէկ մասը միայն կրնայ իմանալ։
Ուքրայնոյ մէջ վարչապետի պաշտօնը յանձնուեցաւ Վլատիմիր Կրոյսմանին։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն Արսենի Եացէնեուք հրաժարած էր վարչապետի պաշտօնէն եւ այսպէսով անհրաժեշտ դարձած՝ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Փեքին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի եւ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ռաշիտ Ալիմովի հետ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ որքան որ ալ դիւանագիտական ջանքեր յառաջ տարուին առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու համար՝ ժողովուրդին կը շարունակէ միշտ բաժին վիճակիլ ահաւոր ողբերգութիւնը։ Հալէպի մէջ վերջին օրերուն դարձեալ կ՚ապրուին լարուածութիւններ եւ արիւնալի ծանրակշիռ դէպքեր։
Եւրոխորհրդարանը երէկ ընդունեց 2016 թուականի Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զարգացման տեղեկագիրը։ Հոլանտացի խորհրդարանական Քեթի Փիրիի կողմէ հեղինակուած տեղեկագիրը այս տարի եւս ետ պիտի վերադարձուի Անգարայի կողմէ։ 375 կողմ, 133 դէմ եւ 87 ձեռնպահ քուէներով ընդունուեցաւ այս տեղեկագիրը, որ Անգարայի կողմէ կը մերժուի հայկական հարցին բերումով։
Եւրոխորհրդարանը երէկ ընդունեց 2016 թուականի Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զարգացման տեղեկագիրը։ Հոլանտացի խորհրդարանական Քեթի Փիրիի կողմէ հեղինակուած տեղեկագիրը այս տարի եւս ետ պիտի վերադարձուի Անգարայի կողմէ։ 375 կողմ, 133 դէմ եւ 87 ձեռնպահ քուէներով ընդունուեցաւ այս տեղեկագիրը, որ Անգարայի կողմէ կը մերժուի հայկական հարցին բերումով։
Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները կը շարունակուին, հայկական կողմը կը հաղորդէ նոր զոհերու մասին:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը համարէ զգայուն եւ չվնասելու սկզբունքով կը մօտենայ անոր:
Ֆրանսայի հարաւին երեւան բերած են 400-ամեայ գեղանկար մը, որ հաւանաբար կը պատկանի իտալացի գեղանկարիչ Միքելանճելօ Մերիզի տա Քարավաճիոյի վրձինին։
Ֆրանսայի Տոլ քաղաքի բնակիչը իր հիմնած հացի փուռը 1 եւրոյով վաճառած է տեղւոյն անօթեւաններէն մէկուն։ 2015 թուականին փուռին տէրը՝ Միշէլ Ֆլաման, թունաւորուելով ածխաթթուէ, հազիւ փրկուած է մահէն։ Այն ժամանակ Ֆլամանին օգնած է 37-ամեայ անօթեւան Ժերոմ Օկան, որ կանչած է փրկարարները՝ այդպէսով թոյլ չտալով, որ ան մահանայ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին առթիւ Թուրքիա կ՚այցելէ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Էրտողան գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարներուն հետ կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։