Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամները պիտի յիշեն՝ 9 Սեպտեմբեր 2015 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի այս սիւնակներուն մէջ անդրադարձած էինք «ապշեցուցիչ դատ»ի մը, նոյն խորագրով։ Հակիրճ ակնարկ մը նետենք այդ գրութեան, որ պատմուածք մըն էր։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինտա Թոփալօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Վաչէ-Սերտա Թոփալօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմավաստակ լուսանկարիչ Տիգրան Թոփալեանի (Ֆօթօ Շէնէլ)։
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Ընկերաբաններ ընդհանրապէս մարդկութիւնը կը բաժնեն երկու գլխաւոր խումբերու՝ առաջնորդներ եւ հետեւորդներ: Երանելի է այն հաւաքականութիւնը, ազգը, ժողովուրդը, պաշտօնեաները եւայլն, որոնք ունին արդար եւ իմաստուն առաջնորդներ կամ ղեկավարներ: Պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ներկան, մեզի յստակ ցոյց կու տան, որ երբ «գլուխը» առողջ է, «մարմին»ը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կ՚ըլլայ:
20-րդ դարու ամենայայտնի կիներէն մէկուն՝ Հոլիվուտի դերասանուհի, երգչուհի Մերլին Մոնրոյին պատկանած իրերու մեծ հաւաքածոն այս տարի Լոս Անճելըսի մէջ կը հանուի աճուրդի։ Կ՚ենթադրուի, որ հաւաքածոյին մէջ ներառուած ուշագրաւ նմոյշները պիտի վաճառուին շուրջ 4 միլիոն ամերիկեան տոլարով։
Իտալացի հետազօտողներ յաջողած են տասնամեակներ տեւած որոնումներու արդիւնքին գտնել Վերածնունդի դարաշրջանի հանճարներէն մէկուն՝ Լէոնարտօ տա Վինչիի՝ 21-րդ դարուն ապրող բարեկամները։
Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքի իշխանութիւնները կը պատրաստուին 2017 թուականին զբօսաշրջային այցելութիւններու համար բանալ հանճարեղ ճարտարապետ Անթոնիօ Կաուտիի ամենաառաջին գլուխգործոցը՝ հանրայայտ Վիսենսի տունը:
Հեղինակ՝ ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Գրախօսեց՝ ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«Հայ վանականութեան պատմութիւնը եւ վարդապետներու դասակարգը 2015» գիրքը՝ ընտիր տպագրութեամբ, 165 էջերու մէջ պատմութիւնը կը ներկայացնէ Հայ Վանականութեան, զուգորդելով զայն ակադեմական աստիճանի արժանի վարդապետներու դասակարգին հետ, որպէս վաստակ եւ Հայ Եկեղեցւոյ վարկին վայել բարձրացում։
Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան ու «Hayata Bağış» միութեան կազմակերպութեամբ, Պաքըրգիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն նպատակն էր քաջալերել «Ներքին գործարաններու նուիրաբերման» գաղափարը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Իրան։ Թեհրանի Հայոց Թեմական խորհուրդի հրաւէրով՝ իր ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս ամսավերջին։
Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյենութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր առաջին մետայլներուն:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ, երէկ, Երեւանի Բարերարներու ճեմուղիին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ղարաբաղեան չորսօրեայ պատերազմը կը գտնուի մեր ետին: Հակամարտող կողմերը կը շարունակեն իրենց կրած մարդկային կորուստները ներկայացնել:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Նոպէլեան մրցանակի արժանացած հինգ գիտնականները՝ Աարոն Չեխանովէր, Ատա Եոնաթ, Տէն Շեխտման, Էյ-Իչի Նեկիշի եւ Ճոն Ռոպին Ուորէնը, որոնք վերջին օրերուն Հայաստան այցելեցին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Նոպէլեան օրեր» խորագրեալ գիտական ձեռնարկին առթիւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Առէն Վրդ. Շահինեան նշանակուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Հոլանտայի մէջ։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը բոլոր ուղղութիւններով օրակարգի վրայ կը բերէ Արցախի հիմնախնդիրը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ Էրտողան կրկնեց աջակցութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը աւարտեցին իրենց զօրակցութեան այցելութիւնը դէպի Արցախ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժեշտ առնելով վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս աւելի առաջ ըսինք, Մեծ պահքի կիրակիներու շարքին նման՝ յինանց շրջանին ալ կա՛յ կիրակիներու շարք մը՝ ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին։ Այս շարքին չորրորդ Կիրակին կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։
ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սուրիական տագնապի առաջին օրերէն, սուրիահայութեան, յատկապէս հալէպահայութեան միասնական ոգին ոչ միայն իր դրական անդրադարձը պիտի ունենար դժուարութիւններու դիմակայման կամ օժանդակութեան աշխատանքներու համադրման վրայ, այլեւ ուղի պիտի հարթէր, որ սուրիահայ համայնքը տագնապին նկատմամբ մէկ ու միասնական կեցուածք որդեգրէ՝ համայնքի եւ սուրիական հայրենիքի ընդհանրական շահերուն ծառայելու, բայց մանաւանդ համայնքէն ներս ստեղծելու համերաշխութեան ու գործակցութեան այնպիսի առողջ մթնոլորտ, որ պատերազմի յորձանուտին մէջ, համայնքը զերծ պահելով պառակտման ախտէն, վարակիչ պիտի դառնար նաեւ երիտասարդական միութիւններուն համար:
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը նախընթաց օր նախաճաշ մը կազմակերպեց Ֆլորիայի «Շազելի» ճաշարանին մէջ։ Շուրջ 250 հոգի մասնակցեցաւ այս հաւաքոյթին, որու մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Փեքին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի եւ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ռաշիտ Ալիմովի հետ։