Արխիւ
Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ զանազան ուղղութիւններով զարգացնել գործակցութիւնը Հայաստանի հետ:
Նոր իրաւական պայմանագրի պատրաստութեան ուղղեալ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց աւարտին:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
«Պայքար» շաբաթաթերթի (Նոր Շրջան) առաջին այս թիւով կը հրատարակենք ՌԱԿ պաշտօնաթերթին առաջին խմբագրին՝ Արմենակ Ն. Նազարի կենսագրութիւնը: 1899 թուականին Գարեգին Չիթճեան եւ Մխօ Շահէն Նիւ Եորքի մէջ կը հրատարակեն «Ձայն Հայրենեաց» անունով թերթը, որ Հայկակ Էկինեան փոխանցած էր իրենց: Թերթը Նիւ Եորքէն կը փոխադրուի Ուստր եւ ապա՝ Պոստոն, որ սկսած էր դառնալ ամերիկահայութեան առաջնորդութիւն տուող կարեւոր օրրանը:
ՆԱՐԱԶԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
4 Փետրուարին կը նշենք ծնունդը Զապէլ Եսայեանի (Յովհաննէսեան, 1878-1943-?), որ իր մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը ունի հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ ամենէն առինքնող կերպարներէն մէկը գրողի, մտաւորականի եւ ազգային գործիչի վաւերական վաստակ նուաճած մեծանուն հայ կիներու փաղանգին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ժամերուն, երբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիս» կու տար, Ատրպէյճանի բանակի ջոկատներ Ղարաբաղի հիւսիսային սահմաններու (Թալիշ) ուղղութեամբ ներթափանցման փորձ կը կատարէին: Ատրպէյճանական ոտնձգութիւնը կը բախէր հայկական սահմանապահ զօրքերու համապատասխան քայլերուն, որոնց արդիւնքով գրոհող կողմը ետ կը մղուէր, առնուազն տալով մէկ վիրաւոր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ՝ հրաւէրը ընդունիլ եւ ընդառաջել անոր։ Արդարեւ հրաւէրը մերժել, հրաւիրողին բարեկամութիւնը մերժել կը նշանակէ, անշուշտ եթէ շատ բանաւոր եւ արդարացուցիչ պատճառ մը գոյութիւն չունի մերժումը։ Այս իմաստով, հրաւէրի մը ընդառաջել կամ մերժել չափանիշ մըն է երկու կողմին բարեկամութեան, մտերմութեան եւ անոնց փոխյարաբերութեան անկեղծութեանը, առողջութեանը։
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը քննարկեն պաշտպանական արդիւնաբերութեան գետնի վրայ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Էրտողան բարձր գնահատեց Անկելա Մերքէլի նպաստը՝ Եգէականի մէջ գաղթականաց մահերու կասեցման ուղղութեամբ՝ ԵՄ-ի հետ համաձայնութեան զուգահեռ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնէն լոյս տեսաւ «Տօնապատճառ» ժողովածոյի (Վարդան Հաղբատեցիի, Վարդան Արեւելցիի եւ Յովհաննէս Գանձակեցիի խմբագրումները) առաջին մասը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրատարակուած գիրքի մեկենասն է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամը։
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Գեղանկարչական բանաստեղծականութիւնը կ՚առընչուի աւելի գուներանգներու ու կերպերու, քան՝ բովանդակութեան հետ: Երաժշտականութիւնը, առանց գուներանգներու կշռոյթին, դժուար թէ կարողանայ բացայայտել կտաւի բանաստեղծական հէնքը: Իսկ երփներանգ բանաստեղծականութիւնը, առանց գունածին լոյսի, կը դառնայ ինքնանպատակ ու կը մնայ լուսանցքի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխատանքը՝ աշխարհի սկիզբէն ի վեր անփոփոխ եւ կենսական սկզբունք մը եղած է ամէն կենդանի էակի գոյապահպանման ու գոյատեւմանը համար։ Եւ բոլոր կենդանի էակներու ամենէն կատարեալը՝ իմացականութեամբ ե՛ւ բանականութեամբ օժտուածը՝ մարդը աշխատանքի շնորհիւ է որ կրցած է ապահովել իր էութիւնը։
«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը կը շարունակէ կեանքի կոչել ազգային նշանակութիւն ունեցող նոր կրթական ծրագրեր: Այսպէս, միութիւնը պիտի սկսի «Նարեկացի երգարան» խորագրեալ դասընթացներու շարքի մը, որու ընթացքին, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը, ներկաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան սորվելու եւ միասին երգելու հայկական երգեր՝ ժողովրդական, գուսանական, հոգեւոր, երգահանական, մանկական եւ այլն:
Լոնտոնաբնակ պատմաբան Տէյվիտ Կրանտ կը պնդէ, որ տասն տարի փնտռտուքներէ ետք յայտնաբերած է Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կտակը: The Daily Mail պարբերականը հրապարակած է կտակին լուսանկարը, որ գրուած է գրաբարով:
Գալիֆորնիոյ, Միացեալ Նահանգներ, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանի նոր բանաստեղծական ժողովածոյին՝ «Օրաւուր» գիրքին շնորհահանդէսը:
Մոսկուայի «Չայքովսքի» պետական երաժշտանոցը վերջերս նուէր ստացաւ աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի կիսանդրին։ Կը հաղորդուի, որ այդ քանդակը պիտի տեղադրուի երաժշտանոցի մեծ դահլիճի մուտքասրահին մէջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աւարտելով իր պաշտօնական ուղեւորութիւնը դէպի Թեհրան՝ վերադարձաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութեան վերջին փուլին Վիգէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Խամանէյի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդականին՝ Ալի Էքպէր Վելայէթիի հետ։
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ գերեվարուած ազէրի զինուոր Էլնուր Հիւսէյինզատէի հարցը կը մնայ ուշադրութեան առարկայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թալիշի մէջ նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը կատարած էին ներթափանցման փորձ մը, որու ձախողման զուգահեռ գերի ինկած էր Էլնուր Հիւսէյինզատէ։
Երեւանի մէջ երէկ կազմակերպուեցաւ եզակի հաւաք մը, որ մէկտեղեց բազմաթիւ հայերնադարձներ:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Սուրիահայերը վերջին տարիներուն իրենց հետ բերին նոր մշակոյթ ու նոր մօտեցումներ»:
v«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»ու ձայնը կ՚արձագանգէ աշխարհի չորս ծագերուն:
JVC Kenwood Entertainement Corporation-ի ներկայացուցիչները այս օրերուն Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Թեհրան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վիգէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ։
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ վերսկսան քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ 2010 թուականէն ի վեր ընդհատուած էին այդ շփումները։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին զուգահեռ՝ վեց տարուան ընդհատումէ մը վերջ այդ շփումներն ալ վերսկսան։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը հիւրընկալէ գերմանացի շանսէօլիէն։