Արխիւ
Փարիզի 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռընէ Քափիթան» սրահին մէջ, 24 Յունուար-4 Փետրուար թուականներուն միջեւ, տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեանի «Լը փարքէ տը Լուվր» թեմայով ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած պաստառներուն մէջ արծարծուած է կրօնական թեման՝ զանց առնելով տարածութիւններու եւ ժամանակի ընդունուած չափանիշները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաւերացուց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած՝ թեքնիկ ոլորտէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ արձանագրութիւնը։ Այս փաստաթուղթը ստորագրուած էր անցեալ տարուան Մարտին։
Սուրիոյ իրադարձութիւնները մտահոգ մեկնաբանութիւններով կ՚ընկալուին միջազգային հարթութեան վրայ:
Անգարա, Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Թեհրան եւ այլ դերակատարներ յառաջ կ՚ընթանան մեծ զգուշաւորութեամբ:
Պապայեան. «Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ Ատրպէյճան հրադադարը չխախտէր»:
Ըստ Զախարովայի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ անայլընտրանք է խաղաղ կարգաւորումը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ վաւերացուց՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքը։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւէր Պեշթեփէի վաւերացման եւ այսպէսով Էրտողան արդէն վերջնական հաւանութիւնը տուաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ծայրագոյն Արեւելքի իր ներկայացուցիչը՝ Տ. Զաւէն Վրդ. Եազըճեանը։ Այս վերջինը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի ձեռամբ վերջերս Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացած էր մասնաւոր վարդապետական աստիճանի։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ հանդիպում մը ունեցան Անգարայի մէջ։ Չանքայայի ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 45 վայրկեան։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը համար այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Տարեմուտի դրութեամբ պաշտօնի կոչուած ընդհանուր քարտուղարը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։
Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ CCAF-ի չորրորդ տարեկան ընթրիքին:
Ռուսական ռազմաօդանաւ մը թիւրիմացութեամբ ռմբակոծեց շէնք մը, ուր կը գտնուէին թուրք զինուորներ. 3 նահատակ:
Վլատիմիր Փութին ցաւակցութիւն յայտնեց Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին: Մայք Փոմփէօ երէկ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
«Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. հայ որբերու յուշերը» գիրքի գինեձօնը:
Բանասէր Գէորգ Էմին-Տէրեան կը բացայայտէ մեծ գրողի կեանքէն նոր ու յատկանշական երեսակներ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քաղաքական աշխարհին մէջ չգրուած օրէնք մը կ՚ըսէ, որ նորընտիր նախագահ մը կամ նորակազմ կառավարութիւն մը 100 օրերու «մեղրալուսնի շրջան» մը կ՚ունենայ, այդ ժամանակամիջոցին ըստ բաւականին կը յստականայ, թէ տուեալ իշխանաւորը ի՞նչ ուղղութիւն պիտի տայ իր վարած կառքին՝ պետական գործերուն տարբեր բնագաւառներուն մէջ, ներքին ու արտաքին գետիններու վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխատող ամէն մարդու արդա՛ր իրաւունքն է՝ արձակուրդ վայելել, հանգիստ կամ դադար ընել եւ զբօսանքի ժամանակ յատկացնել։ Ասիկա բնական է, քանի որ տեւական աշխատանքը անտանելի կը դարձնէ կեանքը, օգուտէ աւելի՛ վնասի պատճառ կը դառնայ այդ տեսակ աշխատութիւնը եւ անշուշտ ապարդիւն կը մնայ անոր հետեւանքը՝ աշխատանքէն ակնկալուած շահը կամ օգուտը։
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տքթ. Էլի Թաշճեան:
Երեւանի Սիրահարներու այգիի տարածքին պիտի տեղադրուի «Սիրահարներ» արձանը: Տեղադրման համաձայնութիւն տալու համար հարցը ընդգրկուած է Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ նիստի օրակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջը:
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական Մատենադարանի ուսումնարան 2016 թուականին այցելած է 89 հազար մարդ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշած է, որ այցելուներու այս ցուցանիշը 3 հազարով գերազանցած է 2015 թուականի տուեալները:
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ սադրանքներով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարի խախտումները հետզհետէ կը խտացնեն, այդ երկրի ղեկավարը՝ Իլհամ Ալիեւն ալ հանդէս կու գայ սադրիչ յայտարարութիւններով։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին քննարկուեցան երկրի մէջ սփիւռքահայ գործարարներու կողմէ ներդրումներու կատարման վերաբերեալ հարցեր։ «Հայաստանի մէջ ներդրումներուն սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը» նիւթով կազմակերպուած կլոր սեղան մըն էր այս մէկը, որու քննարկումներուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան չորս տասնեակ գործարարներ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ուքրայնոյ հակամարտութեան հարցին շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեսակէտը որակապէս տարբեր է՝ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի բաղդատմամբ։


