Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսած է Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած խմբա­վա­րա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 12-րդ ան­գամ։ Ձեռ­նար­կը ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վստա­հու­թիւն»ը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ար­դա­րեւ մարդ պէ՛տք է վստա­հի, որ­պէս­զի գոր­ծէ, ա­պա­հով զգայ ինք­զինք եւ հե­ռա­նայ ա­մէն տե­սակ վա­խե­րէն՝ ո­րոնք կը դժուա­րաց­նեն կեան­քի ըն­թաց­քը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

ABBA խումբին անդամները երեսունչորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք առաջին անգամ ելոյթ ունեցած են միասնաբար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016

Հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեամբ «Արմ­ֆոն» հե­ռա­խօս­նե­րը ար­դէն հա­սա­նե­լի են հա­յաս­տան­ցի գնոր­դին: Հայ­կա­կան ար­տադ­րու­թեամբ ա­ռա­ջին smartphoneնե­րը, ըստ զայն ստեղ­ծող ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դի­րին, ո­րա­կեալ են եւ ո­չին­չով կը զի­ջին շու­կա­յին մէջ առ­կայ տար­բե­րակ­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մա­տու­ցուե­ցաւ ամ­րան շրջա­նի ա­ռա­ջին Ս. Պա­տա­րա­գը։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լու­թի։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ա­մե­րի­կա­յի Հայ ա­ւե­տա­րան­չա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Զա­ւէն Խան­ճեանն ու իր կո­ղա­կի­ցը, ո­րոնք այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լեն քա­ղաքս։ Հիւ­րե­րը Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լե­ցին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Գում­գա­բուի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան։ Ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս ան­սահ­ման հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած դէմք մըն էր Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս ու­նէր մեծ վարկ։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Պատրիարքարանի համալիրին մթնոլորտը առաւել խորհրդաւոր դարձաւ մեծ վարդապետի ներկայութեամբ:
Քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի ստեղծագործութիւնը կը ցոլացնէ պատկառելի կերպար մը, որու ձգողականութիւնը անգնահատելի արժէք կը ներակայացնէ՝ սերունդները մեր ժառանգութեան հաղորդ պահելու տեսանկիւնէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցշարքի կազմակերպչական թերութիւնները ամօթալի մակարդակի վրայ:
Երկու ասորի մարզիկներու մասնակցութեան բերումով յառաջացած խնդիրները անկառավարելի հունի մը մէջ մտան՝ կարգադիր յանձնախումբի անհեռատես ու սիրողական քայլերուն պատճառով: Թերթերն ու հեռուստակայաններն ալ արձագանգ կը հանդիսանան ցաւալի իրադարձութիւններուն, որոնք պատիւ չեն բերեր մեր համայնքին

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­մակ մը ու­ղար­կեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ անդ­րա­դար­ձաւ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման, ինչ որ հա­կազ­դե­ցու­թեան մեծ ա­լիք մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած է ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի նա­մա­կին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին հաս­ցէագ­րուած նա­մա­կին թրքե­րէն բնա­գի­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րին հի­ման վրայ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի քար­տու­ղար նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­մէն Գէոր­գեան։ Ե­րէկ, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի վեր­նա­խա­ւին ներ­կա­յա­ցուց Ար­մէն Գէոր­գեա­նը։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը մեկ­նի՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կռփա­մար­տի եր­բեմ­նի աշ­խար­հահռ­չակ ա­խո­յեան Մու­համ­մէտ Ա­լիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հարկ է նշել, որ 74 տա­րե­կան հա­սա­կին մահ­կա­նա­ցուն կնքած հռչա­կա­ւոր մար­զի­կին կո­րուս­տը վեր­ջին օ­րե­րուն լայն ար­ձա­գանգ գտած է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ՝ խոր ցաւ պատ­ճա­ռե­լով հա­մայն մարդ­կու­թեան։ Մու­համ­մէտ Ա­լի ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր կը տա­ռա­պէր փար­քին­սո­նէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Վեզնեճիլէրի մեթրոյի կայարանին մօտ այս առաւօտեան ժամերուն ոստիկանական ինքնաշարժ մը յարձակման ենթարկուեցաւ:
7 ոստիկան նահատակուեցաւ, 4 քաղաքացի զոհուեցաւ, վիրաւորները դարմանման տակ առնուեցան մերձակայ հիւանդանոցներէն ներս:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

ՏՔԹ. ՆՈՒ­ՊԱՐ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս ըմբռ­նել կա­րե­նա­լու հա­մար, պատ­մա­բան­ներ, խմբա­գիր­ներ եւ լրագ­րող­ներ հար­կադ­րուած կը զգան դի­մե­լու իւ­րա­քան­չիւր հայ գա­ղու­թի մա­մու­լին, որ շտե­մա­րանն է տե­ղե­կու­թեանց: Արդ, այդ օգ­տա­շատ աշ­խա­տան­քը կա­րե­լի կը դառ­նայ ե­թէ եր­բեք ի յա­ռա­ջա­գու­նէ զա­նա­զա­նու­թիւն մը դնենք հզօր եւ նուազ հզօր հայ մա­մուլ ու­նե­ցող այն եր­կիր­նե­րուն մա­սին, ուր հա­յեր կ՚ապ­րին: Շատ փոքր հա­մայնք­ներ հասկ­նա­լիօ­րէն կը մնան մա­մու­լէ զուրկ, հե­տե­ւա­բար դիւ­րաւ կը մոռ­ցուին:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն Շէյքս­փի­րի մա­հուան 400-ա­մեա­կին շրջագ­ծով վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հե­տաքրք­րա­կան ձեռ­նարկ մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Բրի­տա­նա­կան խոր­հուր­դի տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսայէն՝ Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիկ Տեւեճեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Հայաստան:
2008 թուականէն ի վեր արդէն աւելի քան 4.2 միլիոն եւրօ ներդրում կատարուած է այս մարզին համար, որու 63 համայնքներէն 24-ը սահմանամերձ է:

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, տար­բեր դա­ւա­նանք­նե­րու՝ մրկտուած ուղ­ղա­փառ եւ կա­թո­ղի­կէ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ «խառն ա­մուս­նու­թեան» պա­րա­գա­ներ կը ներ­կա­յա­նան բա­ւա­կան յա­ճա­խա­կի կեր­պով։ Ա­սի­կա ա­մու­սին­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Կետիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի խանդավառ հանդէսը:
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան կարեւորեց կրթական կեանքի այս առաջին փուլը՝ ճիշդ դաստիարակութեան համար հիմքեր ստեղծելու տեսանկիւնէն:

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016

Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին ձօնուած ներ­կայ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րը։ Այս տա­րի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին զու­գա­դի­պած տա­րե­կան հա­ւա­քը ու­նե­ցաւ ար­տա­սո­վոր փայլ մը։ Տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէ­րի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը, ո­րուն տե­ւո­ղու­թեան Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­ներն ալ ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ

Էջեր