Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Ատր­պէյ­ճան-Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ շփման գծի եր­կայն­քով լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, ինչ որ պատ­ճառ կը դառ­նայ բա­խում­նե­րու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Տա­ղան­դա­ւոր թաւ­ջու­թա­կա­հար Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան կը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­նագ­րել նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ եւ ամ­րապն­դել իր համ­բա­ւը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան վեր­ջերս հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ նուա­գե­լու շատ խորհր­դան­շա­կան նուա­գա­րա­նով մը։ Այս­պէս, Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան նուա­գեց այն թաւ­ջու­թա­կով, որ 1707 թուա­կա­նին ար­տադրուած էր նուա­գա­րան­նե­րու աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Ճիւ­զեփ­փէ Կվար­նե­րիի կող­մէ։ Այդ թաւ­ջու­թա­կով ցայ­սօր նուա­գած են բազ­մա­թիւ ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ­ներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան:
«Մեր նպատակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը որոշուի իր իսկ ժողովուրդին կողմէ եւ այս սկզբունքէն պիտի չհրաժարինք»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պատրաստութիւնները աւարտած՝ Ամանորի գիշերուան համար:
Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Մայրավանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ նռնօրհնէք:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «500 ծիծ­ղուն աչք» խո­րագ­րեալ ա­մա­նո­րեան նուի­րա­բաշխ­ման ար­շա­ւը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Մխի­թա­րեան­ցի­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին այս ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած վեր­ջին ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Նշան­թա­շըի «Ի­տիլ» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հը կազ­մա­կեր­պած է ցու­ցա­հան­դէս մը՝ ող­ջու­նե­լու հա­մար Նոր տա­րին։ 45 ա­րուես­տա­գէտ կը մաս­նակ­ցի այս խառն ցու­ցա­հան­դէ­սին, ո­րու բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ՝ 2017 թուա­կա­նին հա­մար դրա­կան սպա­սում­նե­րով, մա­նա­ւանդ խա­ղա­ղու­թեան ակն­կա­լու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016

Ե­րէկ, Գա­րա­կէօ­զեան ման­կա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք մը, ո­րու ըն­թաց­քին փոք­րիկ­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Նա­տիա-Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­նո­ցի աշ­խա­տան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած օ­դա­նա­ւի ար­կա­ծին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Կար­միր բա­նա­կի երգ­չա­խում­բը փո­խադ­րող ռու­սա­կան օ­դա­նաւ մը շա­բա­թա­վեր­ջին ան­կում ու­նե­ցած էր Սո­չիի մօ­տա­կայ­քին եւ ին­կած՝ Սեւ ծո­վու մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլը նախագահական ապարանքին մէջ կը հիւրընկալեն բազմաթիւ փոքրիկներ:
Խրախճանքները կ՚անցնին ոգեւոր մթնոլորտով, հտպիտներու ծրագրերով ու մանաւանդ Կաղանդ պապուկի ժամանումով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութեան հասան՝ որպէսզի կէս գիշերին հրադադար հաստատուի Սուրիոյ մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ միջազգային համախոհութեան զօրքերը կը պաշտպանեն ԻՇԻՊ-ը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «500 ծիծ­ղուն աչք» խո­րագ­րեալ ա­մա­նո­րեան նուի­րա­բաշխ­ման ծրա­գի­րը այս տա­րի եւս կեան­քի կը կո­չուի խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ այս շարժ­ման կա­մա­ւոր­նե­րը ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին՝ սոյն ծրագ­րին մէջ նե­րառ­նուած վեց վար­ժա­րան­նե­րէն ե­րե­քը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Այս տա­րե­վեր­ջին մեր հա­մայն­քը ու­նե­ցաւ շատ ցա­ւա­լի կո­րուստ մը։ Ոչ եւս է ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Վար­դան Մե­լի­քեան։ Ե­րէկ, օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին ան հո­գին ա­ւան­դած է իր բնա­կա­րա­նին մէջ, չարթն­նա­լով գի­շե­րուան քու­նէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քի Ա­մա­նո­րի խրախ­ճան­քը։ Շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն Մկրտիչ Սէրթ­շիմ­շէք, Ժի­րայր Տաղ­տե­ւի­րէ­նէլ  եւ Կար­պիս Փո­լատ, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա, ԶԻ­ՊԷՉ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­րա­պէ՛ս, եր­բեմն խօս­քեր կան՝ որ ամ­բողջ գա­ղա­փար մը կը յայտ­նեն, եւ ու­ղե­ցոյց կ՚ըլ­լան մարդ­կու­թեան։ Խօս­քեր կան՝ ո­րոնց մա­սին գիր­քե­րով ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կ՚ար­ժէ կա­տա­րել։ Ու­րեմն կը շա­րու­նա­կենք պատ­մա­կան-մշտա­նո­րոգ խօս­քե­րէ նմոյշ­ներ ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, որ Մոս­կուա իր­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ՝ որ­պէս­զի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը չդադ­րի։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ան ը­սաւ. «Ռու­սաս­տան կը զբա­ղի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցով՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ 2017 թուա­կա­նը պի­տի ըլ­լայ մշա­կոյ­թով լե­ցուն տա­րի մը եւ սա այն մշա­կոյթն է, որ պի­տի ջեր­մաց­նէ հո­գի­ներն ու սրտե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Հայաստանի վարչապետը մեծարեց երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները:
Կարէն Կարապետեան տօնական շրջանին շնորհաւորեց լրագրողները, նաեւ պարգեւատրեց անոնցմէ ոմանք:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւ­նը, որ սկսաւ յա­պա­ղու­մով ու տե­ւեց 40 վայր­կեան։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը քննար­կե­ցին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սա ա­նոնց եր­րորդ տե­սակ­ցու­թիւնն էր, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ ո­րե­ւէ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն չկա­տա­րուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն Սու­րիոյ մէջ յա­ռաջ տա­նիլ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Էլ Պապ քա­ղա­քին վրայ ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած են բա­նա­կի աշ­խա­տանք­նե­րը։

Էջեր