Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015

Բե­մադ­րիչ Տե­նիզ Էօզ­տէն, որ «Մրցու­մի մը օ­րագ­րու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ կարճ ժա­պա­ւէ­նով ազ­գա­յին ու մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն­նե­րու մէջ նուա­ճած էր տասն­չորս մրցա­նակ­ներ, այս օ­րե­րուն հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նայ իր փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ա­ռա­ջին աշ­խա­տան­քով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քա­հա­նա­յի ընտ­րու­թեան եւ քա­հա­նա­յի յատ­կու­թիւն­նե­րու մա­սին երբ օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու հա­մա­ձայն կը խօ­սինք, կա­րե­ւոր է նաեւ օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեան հար­ցը։ Ար­դա­րեւ ո՛չ մէկ օ­րէնք եւ ոչ մէկ կա­նոն միայն տա­ռա­ցիօ­րէն մեկ­նա­բա­նել եւ կի­րար­կել կա­րե­լի չէ, այ­լա­պէս ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու եւ սխալ գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կը տրուի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

Իսթանպուլի Ապահովութեան տնօրէնի օգնական Ճենկիզ Տեմիրճան, Ֆաթիհի Ապահովութեան տնօրէն Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու մէկտեղուեցաւ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին հանդիպման ներկայ էր Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

«Պո­յա­լը քուշ» թա­տե­րա­խում­բը, որ կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 15-րդ տա­րե­դար­ձը, ֆրան­սա­ցի յայտ­նի երգ­չու­հի Է­տիթ Փիա­ֆի 100-րդ ծնն­դեան տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կը հիւ­րըն­կա­լէ «Է­տիթ Փիաֆ-Մար­սէլ» խո­րագ­րեալ ե­րաժշ­տա­կան մե­նա­խա­ղը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

ԵՄԻԱ-ի Մեծ պալատը երէկ արձակած վճիռով արդարացուց Տողու Փերինչէքի մօտեցումները:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավարը յաղթական դուրս եկաւ Զուիցերիոյ դէմ ձեռնարկած դատական պայքարէն, որու արդիւնքը նոր հարթութիւն մը կրնայ բնորոշել Եւրոպայի մէջ հայկական հարցին նկատմամբ ընդհանուր վերաբերմունքին տեսանկիւնէն: Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ բաւարարուած են իր բոլոր պահանջները՝ որպէս երրորդ կողմ: Պեռնի ղեկավարութիւնը վաղահաս կը նկատէ մեկնաբանութիւնները:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2015

Թրքահայ մամուլին եւ այժմու համայնքային կեանքին վերաբերեալ հետաքրքրական ձեռնարկ մը Սէն-Ժերվէ թատրոնի համալիրէն ներս կազմակերպուած «Ֆրակմաններու» ցուցահանդէսին շրջագծով երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկան Արա Գօչունեան եւ Բագրատ Էսդուգեան: Վիգէն Չեթերեանի ղեկավարած հաւաքոյթին ընթացքին կարծիքի վառ փոխանակումներ տեղի ունեցան մանաւանդ հարցում-պատասխանի բաժնին տեւողութեան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ե­ռա­կող­մա­նի շփում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ե­րեք եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հեր­թա­կան տե­սակ­ցու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած է Թիֆ­լի­զի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, որ մաս կազ­մեց 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու շրջագ­ծին։ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս կա­տա­րուե­ցաւ «Գաղ-­թա­կա­նու­թիւն» քան­դա­կին օրհ­նու­թիւ­նը եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

​Գերմանիոյ վարչապետը այս շաբաթավերջին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ միջազգային բարդ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ:
Էրտողան եւ Մերքէլ բանակցութիւններ պիտի վարեն փախստականներու ճգնաժամը յաղթահարելու միտուած Եւրոմիութեան ծրագիրներուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Սեւան Տէյիրմենճեան Պէյրութի մէջ մասնակցեցաւ Համազգայինի կազմակերպած ձեռնարկին:
«Լիբանանահայութեան եւ պոլսահայութեան իրականութեան պատկերացումը գրականութեան մէջ»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այ­սօր կ՚ու­զենք խօ­սիլ «քա­հա­նա­յի ընտ­րու­թեան եւ յատ­կու­թիւն­ներ»ուն մա­սին՝ յե­նա­կէտ ու­նե­նա­լով բո­լո­րո­վին օ­րի­նա­կան տուեալ եւ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Նա­խի­ջե­ւան տա­նող ճա­նա­պար­հին, ուր Հա­յաս­տա­նի բնու­թիւ­նը կա­տա­րեալ գե­ղեց­կու­թեան պատ­կեր­ներ կը գծագ­րէ, Ե­րե­ւա­նէն 120 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, Ար­փա գե­տի ձախ ա­փին հա­յոց երկ­րի սահ­ման­նե­րէն մէկն է՝ Խա­չիկ գիւ­ղը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նին եւս ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ, որ­պէս­զի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը հա­ղորդ դառ­նայ գե­ղա­րուես­տի։ Դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին զա­նա­զան ծրագ­րեր կը կազ­մա­կեր­պեն, որ­պէս­զի տղա­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան գե­ղա­րուես­տա­կան ար­ժէք­նե­րու հետ շփուե­լու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Աւստ­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Աւստ­րիոյ գրա­սե­նեա­կը հա­մա­տեղ կազ­մա­կեր­պած են բա­րե­գոր­ծա­կան հա­մերգ մը՝ ի ա­ջակ­ցու­թիւն Սու­րիոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն տու­ժած հայ հա­մայն­քին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Ռու­սա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ Ա­րա Աբ­րա­հա­մեան պի­տի հիմ­նէ կու­սակ­ցու­թիւն մը եւ պի­տի մաս­նակ­ցի Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ Հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Ա­րա Աբ­րա­հա­մեա­նի այս մտադ­րու­թեան կամ ծրագ­րին մա­սին եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուէին լսում­ներ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) 27-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը պի­տի գու­մա­րուի 19-23 Նո­յեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին, Ար­ժան­թի­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պուէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Հայ­կա­կան հան­րա­գի­տա­րա­նի խմբագ­րու­թիւ­նը լոյս ըն­ծա­յեց նոր եւ հե­տաքրք­րա­կան գոր­ծ մը։ Այս­պէս, հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Հայ գրատ­պու­թիւն եւ գիր­քա­րուեստ» խո­րագ­րեալ հան­րա­գի­տա­րա­նը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015

Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան կրնան հան­գու­ցա­յին դեր մը խա­ղալ Սու­րիոյ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) Մեծ պա­լա­տը ար­դէն հա­սած է «Փե­րին­չէքն ընդ­դէմ Զուի­ցե­րիոյ» գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ դա­տավ­ճի­ռը ար­ձա­կե­լու հանգ­րուա­նին։ Ծա­նօթ է, որ տաս­նեօթ դա­տա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս Մեծ պա­լա­տը Ե­ՄԻԱ-ի վճռա­բեկ մար­մի­նը կը հա­մա­րուի։

Էջեր