Արխիւ
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Վոլքան Վուրալի ելոյթը:
Վաստակաւոր դեսպանին համոզմամբ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս վերջ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուէին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, այս քայլին տակաւին չառնուած ըլլալը մեծ դժբախտութիւն մըն է, իսկ Պաքուն համոզելը կը վիճակի Անգարային:
Տիարպաքըրի մէջ մահկանացուն կնքեց քաղաքի վերջին հայերէն Սարգիս Էքէն, որ 25 օրէ ի վեր դարմանում կը տեսնէր «Տիճլէ» համալսարանի հիւանդանոցին մէջ։ 2014 թուականին ան կորսնցուցած էր իր 65 տարուան կողակիցը՝ Պայծառ Էքէնը, որու մահէն վերջ իր կեանքն ալ դուրս եկած էր բնականոն հունէն։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Կարպիս Ուղուրլուեան։ Իր սերունդի ամենայատկանշական դէմքերէն մին էր Կարպիս Ուղուրլուեան, որ թրքահայ կեանքէ ներս կը վայելէր թէ՛ մեծ համակրանք եւ թէ մեծ վստահութիւն։
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Ռաֆիկ Մանուկեան Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհրանի մէջ Թախթիի բաժակի միջազգային 36-րդ մրցաշարքին տիրացաւ ոսկիէ մետայլին:
Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստը:
Երեւան վերահաստատեց իր հաստատակամութիւնը՝ խորացնելու համար կապերը:
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը գտնուի կատարեալ մակարդակի վրայ:
Երկու երկիրներու վարչապետները՝ Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Տէյվիտ Քեմրըն երէկ ունեցան կարեւոր տեսակցութիւն մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինը տարի. եւ Հրանդ կը սպասէ արդարութեան:
Մեր օրագրութեան մէջ 19 Յունուարը դարձաւ Հրանդի օր եւ ամէն տարի պահ մը լռեցինք ու վերյիշեցինք անոր մեծ անկումը:
«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի թրքերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութեան յաջորդած շահեկան ասուլիսը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շրջագծով ամբողջական պատկեր մը՝ թեր ու դէմ կարծիքներով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եկէ՛ք այսօր առակով մը սկսինք մեր խորհրդածութիւններուն։ Առակը կը պատմէ Սմբատ Սարկաւագ Խանուէլեան՝ ուր գեղեցիկ եւ իմաստալից կերպով կը նկարագրէ «երջանկութիւն»ը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար: Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ ալ զրկուած էին:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին կից գործող Տեղեկատուական միջոցներու կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի Գրադարանային միութեան վարչութեան հիմնադիր նախագահ Ներսէս Հայրապետեանի հետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զրոյցը առաւելաբար կը վերաբերի իր ղեկավարած կեդրոնի տարած աշխատանքներուն:
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի դասընթացքին մասնակից փոքրիկները երէկ ապրեցան յատկանշական օր մը։ Պաքըրգիւղի մէջ, Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս, «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզադահլիճի երդիքին տակ անոնք պիտի իրականացնէին իրենց հերթական պարապմունքը։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցան բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները, որոնք յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադիրներն են։ Այս առթիւ Էսաեանի ընտանիքը հերթական անգամ իր խոնարհումը բերաւ հիմնադիր հարազատներու բարի յիշատակին առջեւ ու վերանորոգեց անոնց նկատմամբ երախտագիտական զգացումները։
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները առիթ հանդիսացան մեծ խանդավառութեան:
Աշակերտները օրուան յայտագրին ընթացքին հանդէս եկան «Յիշենք անցեալը, կերտենք ապագան» կարգախօսով՝ շեշտելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ անդրադարձաւ շարք մը հրատապ համայնքային հարցերու:
«Յովակիմ 1461» նորահաստատ հիմնարկի պաշտօնական վաւերացումը վերջնականօրէն ապահովուեցաւ: Պատրիարքարանը անվճար պիտի կատարէ մէկ քահանայով յուղարկաւորութիւններն ու մկրտութիւնները: Ընդհանուր Փոխանորդը կը խոստանայ կրթաթոշակներ:
Շաբաթավերջին Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ ՃՀՓ-ի հերթական համագումարը։ «Աթաթիւրք» մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՃՀՓ-ի համագումարը, որու արդիւնքին Քեմալ Քըլըչտարօղլու վերընտրուեցաւ կուսակցապետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհուրդի 16-րդ նիստին։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր երկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Լոնտոն։ Իր շփումներուն շրջագծով ան կը հիւրընկալուի Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ։
«Այրընթը» հրատարակ-չատունը վերջերս լոյս ընծայած է «Քեշիշին թորունլարը» գիրքը, որու հեղինակն է Քեազըմ Կիւնտողան։ Շաբաթավերջին, Բանկալթիի մէջ, «Galeri Birzamanlar»ի երդիքին տակ շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ այս գիրքին շուրջ, որու նիւթը կը վերաբերի Տերսիմի եւ շրջակայքի հայկական հետքերուն եւ անցեալին այնտեղ բնակած հայութեան։