Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տեւ յայ­տա­րա­րեց, որ Պա­քու եւ Ե­րե­ւան պէտք է նստին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ։ Ան­ցեալ շա­բաթ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցած ռուս վար­չա­պե­տը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ ո­րե­ւէ ձե­ւով ան­կա­րե­լի է թոյլ տալ հա­կա­մար­տու­թեան սրման։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան շա­բա­թա­վեր­ջին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ դէ­պի Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սել­ման Թա­գա­ւո­րը այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թուր­քիա։ Ան Ե­գիպ­տո­սի վրա­յով կը ժա­մա­նէ Ան­գա­րա, ուր իր շփում­նե­րը պի­տի եզ­րա­փա­կուին Ապ­րի­լի 13-ին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

Գոր­գա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­րուես­տի ա­ւան­դա­կան տե­սակ մըն է՝ տա­րա­ծուած Հա­յաս­տա­նի բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ, բայց Ղա­րա­բա­ղի գոր­գե­րը ի­րենց իւ­րա­յատ­կու­թեան եւ ճանչ­ցուած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով կը զա­նա­զա­նուին մնա­ցեալ­նե­րէն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի ղեկավարութեան հետ եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը՝ ամփոփելով իրենց տարածքաշրջանային այցելութիւն:
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ միջնորդները քննարկեցին վստահութեան միջոցառումներու շուտափոյթ ներդրման եւ բանակցութիւններու վերսկսման մասին հարցեր:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

ՇՈ­ՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒ­ԿԱ­ՍԵԱՆ

1- Շու­շիի մէջ կը գտնուի գոր­գե­րու թան­գա­րա­նը:

2013 թուականի Հոկ­տեմ­բերի 22-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ գոր­գե­րու թան­գա­րա­նի բա­ցու­մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ան­հա­տա­կա­նու­թիւն» իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ անձ­նա­կա­նու­թիւն, ինք­նու­թիւն, իսկ ա­ւե­լի սեղմ ի­մաս­տով՝ զօ­րա­ւոր նկա­րա­գիր։ Ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը ան­ձին ինքն է՝ ի­րեն սե­փա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րով ու ե­րե­սով, ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը այս ի­մաս­տով ա՛յն է՝ ի՛նչ որ ան­ձին կը վե­րա­բե­րի, իւ­րա­յա­տուկ է եւ ե­զա­կա՛ն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

«Յուշամատեան»ի հիմնադիր-տնօրէն Վահէ Թաշճեանի հետ շահեկան տեսակցութիւն մը՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ:
Թուայ­նա­ցուած բաց ար­խի­ւը սկսած է դառ­նալ այն վայ­րը, ուր հետզ­հե­տէ կը սկսին հա­ւա­քուիլ եւ հան­րու­թեան մատ­չե­լի դառ­նալ մին­չեւ օրս տու­նե­րու մէջ պա­հուող ըն­տա­նե­կան գան­ձեր:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն է­ջե­րու հան­գու­ցեալ խմբա­գիր Սար­գիս Սե­րո­վբեան շա­բա­թա­վեր­ջին ո­գե­կո­չուե­ցաւ իր մա­հուան Ա. տա­րե­լի­ցին առ­թիւ։ «Ա­կօս»ի խմբագ­րա­տան դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին ող­բա­ցեալ Սար­գիս Սե­րո­վբեան վեր­յի­շուե­ցաւ՝ ի­րեն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թով մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ նա­խա­գա­հեց Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ մեծ ե­ռու­զեռ ստեղ­ծուե­ցաւ պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016

Հռո­մէ­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ 24-26 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հրա­ւէ­րով։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը կը շա­րու­նա­կեն ծան­րակ­շիռ հա­րուած­ներ հասց­նել ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը ե­րէկ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ՝ Քան­տի­լի շրջա­նին, ինչ­պէս նաեւ Հաք­քեա­րիի մեր­ձա­կայ բա­ցաս­տան­նե­րուն մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Ընդդիմադիր ՄՀՓ-ի շարքերէն ներս ներկայիս կ՚ապրուի ալեկոծեալ շրջան մը:
Տեւլէթ Պահչելի. «Այդպէս դիւրութեամբ չենք կրնար յանձնել կուսակցութիւնը»:

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ Հինգ­շաբ­թի ե­րե­կո­յէն ի վեր սպա­սո­ղա­կան ի­րա­վի­ճակ կը տի­րէ: Մինչ Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տա­լով կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում­ներ կը կա­տա­րէր եւ կը յայտ­նէր, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է կա­րե­ւոր ը­սե­լիք ու­նե­նայ անց­նող օ­րե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ծան­րակ­շիռ դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Արցախի երկինքէն երէկ վար առնուեցաւ Ատրպէյճանի հարուածային անօդաչու թչող սարք մը:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէրկէյ Լաւրովի հետ:

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

​Հա­յոց ­Յու­շա­տետ­րի ազ­գա­յին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ «Օր»ե­րու շար­քին նո­ւի­րա­կան իր բա­ցա­ռիկ տե­ղը ու­նի 7 Ապ­րի­լը։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Կրօնքն է դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մի­ակ օ­րի­նա­կե­լի եւ բնա­կան հիմ­քը: Ըն­տա­նե­կան յար­կը փոք­րիկ ե­կե­ղե­ցի է եւ ծնող­նե­րը, յատ­կա­պէս մայ­րը, այդ ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տօն­եան: Քրիս­տո­ն­­է­ա­կան ար­ժէք­նե­րը զա­ւակ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու ա­մե­ն­­ա­ազ­դե­ցիկ մի­ջո­ցը այդ բո­լո­րը ապ­րիլն է մեր կեան­քին մէջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րուան առ­թիւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­սու­լիս մը, ո­րու ա­տե­նա­խօս­ներն էին մեր բե­մե­րէն եր­կու հա­մակ­րե­լի դե­րա­սան­ներ՝ Ա­րա­րատ Մոր եւ Գրի­գոր Տինչ­քա­յըք­ճը։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու շար­ժան­կա­րի գոր­ծիչ Է­լա Ա­լեա­մա­չը, որ Ա­ռէն Փեր­տէ­ճիի հետ հա­մա­հե­ղի­նա­կը հան­դի­սա­ցած է «Կորս­տեալ թռչուն­ներ» ժա­պա­ւէ­նին։ Հայ­կա­կան հար­ցին եւ ա­նոր մե­րօ­րեայ դրսե­ւո­րում­նե­րուն շուրջ հե­տաքրք­րա­կան ժա­պա­ւէն մըն է այս մէ­կը, որ շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հէն ներս ներ­կա­յիս կ՚ար­ժա­նա­նայ ջերմ հե­տաքրք­րու­թեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ու­տա­հար Ա­րա Տինք­ճեան, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կը գտնուէր Իս­թան­պու­լի մէջ, նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան Իս­թան­պուլ այ­ցե­լած էր նուա­գե­լու հա­մար «Որ­պէս նուռ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին։

Էջեր