Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ մեր օ­րե­րուն տա­րա­ծուած ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, տագ­նա­պի կը մատ­նեն մարդ­կու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ պա­տա­հած սադ­րանք­նե­րով Ատր­պէյ­ճան ան­գամ մը եւս ի ցոյց կը դնէ իր ար­հա­մար­հան­քը միջ­նորդ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հան­դէպ։ Մեկ­նա­բա­նե­լով սահ­մա­նագ­ծի եր­կայն­քով ի­րա­վի­ճա­կի լա­րուա­ծու­թիւ­նը՝ Նալ­պան­տեան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ Պա­քու հեր­թա­կան ան­գամ ցոյց տուած է, որ ինչ­պէս կը վե­րա­բե­րի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հաս­ցէա­կան կո­չե­րուն՝ խստօ­րէն հե­տե­ւե­լու հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման եւ զերծ մնա­լու ի­րա­վի­ճա­կը սրող քայ­լե­րէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Նիւ Եորք, ուր կը մէկ­տե­ղուի ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հետ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ելմ­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կը մէկ­տե­ղուի Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ներդ­րող­նե­րու եւ տնտե­սա­գէտ­նե­րու հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Պան Քի Մու­նի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու կ՚անդ­րա­դառ­նայ Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րին, Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Ուք­րայ­նոյ խնդիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ շարք մը հիմ­նա­հար­ցե­րու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

​Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի համագործակցութիւնը թափով կը զարգանայ՝ աստիճանաբար ստանալով ռազմավարական բնոյթ։
Ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկկողմանի այժմու յարաբերութիւնները կ՚ընդլայնուին Ատրպէյճանի մասնակցութեան հեռանկարներով։

Էջեր