Արխիւ
Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման որոնումներու մթնոլորտին մէջ Զուիցերիա վաղը պիտի հիւրընկալէ հերթական կարեւոր խորհրդաժողովը։ Այսպէս, Ժընեւի մէջ միջազգային յառաջատար դերակատարներու մասնակցութեամբ պիտի համախմբուին Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ Սուրիոյ զանազան ընդդմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչները։
Թուրքիա դարձեալ խոր յուզում կ՚ապրի Տիարպաքըրէն հասած չորս նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով։ Տիարպաքըրէ ներս, Սուրի մէջ անվտանգութեան ուժերը անընդհատ կը շարունակեն իրենց լայնածաւալ գործողութիւնները՝ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի 2016 թուականի առաջին ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Թուրքիա խտրականութիւն չի դներ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ ու պիտի շարունակէ պայքարիլ անոնց դէմ: Օրակարգի վրայ էր նաեւ Սուրիայէ ներս Ռուսաստանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որպէս օգնական նշանակեց հայ հեղինակաւոր դիւանագէտ մը:
Մովսէս Աբէլեան միջազգային բեմահարթակի վրայ կարեւոր առաքելութիւն մը կը ստանձնէ իր քսանհինգամեայ դիւանագիտական փորձառութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին մշտական ներակայացուցիչը մեծ պաշար ունի՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ հակամարտութիւններու լուծման բնագաւառին մէջ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը ներկայիս հետամուտ է թատերական ծրագրի մը։ Միութենէն ներս ստեղծուած է նոր թատերախումբ մը, որ կը կոչուի «Բարեւ»։ Այս վերջինը կը խարսխուի յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի փորձառութեան ու եռանդին վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցական ժողովներով հաստատուած կանոններ կը կազմաւորեն ու կը կանոնաւորեն եկեղեցական ընդհանուր համակարգը։ Արդարեւ կարելի չէ, որ որեւէ հաստատութիւն եւ կազմակերպութիւն գոյապահպանուի եւ գոյատեւէ առանց կանոնի։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուարի 7-ին հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ անմեռ յիշատակը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի (Տէր-Գրիգորեան, 1885-1920)։ 96 տարի առաջ, 7 Յունուար 1920-ին, վաղաժամ իր վերջին շունչը փչեց Հայաստանի Ջաւախքի արժանաւոր այս զաւակը, որուն Պատգամը մինչեւ այսօր կ՚արձագանգէ հայոց սերունդներու մտքին եւ սրտին մէջ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեան յառաջիկայ օրերուն համերգներով հանդէս պիտի գայ Միացեալ Նահանգներու եւ Սպանիոյ մէջ։ Միացեալ Նահանգներէ ներս ան պիտի նուագէ Պալթիմորի մէջ։ Իր երեք համերգները նախատեսուած են Պալթիմորի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին շրջագծով երէկ երեկոյեան յատկանշական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ։ Գեղարուեստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ հանդէս եկաւ նուագախումբը, որուն միացած էին նաեւ երկու աշխարհահռչակ արուեստագէտներ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տպաւորութիւններ՝ Օքսֆորտ համալսարանէն ներս կազմակերպուած գիտական հաւաքէն, որու օրակարգը յագեցած էր սփիւռքեան իրականութեան հրատապ հարցերով:
Ռազմիկ Փանոսեան մատնանշեց, որ լեզուի խնդիրը ներկայիս համատարած մտահոգութեան առարկայ կը դառնայ բոլոր համայնքներուն մօտ:
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործողութիւնը տեղի ունեցած է հայաշատ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ։ Glendale Memorial հիւանդանոցէն ներս Տէր-Պետրոսեան վիրահատուած է աղիքի քաղցկեղի հետեւանքով։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի կը շարունակէ դէպի Եւրոպա իր ուղեւորութիւնը, որ առարկայ կը դառնայ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։ Այս շրջագծով Հասան Ռուհանի երէկ այցելեց Վատիկան, ուր Առաքելական պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշրջանին շրջագծով երէկ օրակարգի վրայ եկան երկու բանաձեւեր, որոնք առընչութիւն ունէին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ։ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքին այդ բանաձեւերէն մին մերժուեցաւ։
Ռուսաստանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն շրջագծով օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին երէկ Երեւանի մէջ հիւրընակալեց իր իրանցի պաշտօնակիցը՝ Իպրահիմ Ռահիմփուրը, որու հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։
Նիքոլայ Պորտեուժա բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
Օհանեան. «Հայաստան կը փափաքի ՀԱՊԿ-ն տեսնել որպէս ամուր եւ լիարժէք կազմակերպութիւն»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ երկրի սահմանները ներկայիս անառիկ են։ «Զինեալ ուժերու համապատասխան զօրամիաւորման կողմէ կը պաշտպանուին մեր սահմանները։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) տարեմուտի ժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ էր ընտրութիւններու հարցը:
Յարութիւն Շանլը յայտնեց, որ կակնկալեն յառաջիկայ շրջանին տեսակցութիւն մը ունենալ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուար 20-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը տաղանդաւոր բանաստեղծ ու խիզախ մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեանի (1919-2006), որ հայ գրականութեան պարգեւեց մայրական շունչով յագեցած Սիրոյ եւ Իմաստութեան ինքնատիպ յուզաշխարհ մը։
Մոսկուայի Թրեթեակովեան պետական պատկերասրահը 2016 թուականի Յուլիս-Նոյեմբեր ամիսներուն Լոնտոնի Դիմանկարներու ազգային պատկերասրահին եւ Վատիկանի թանգարաններուն հետ պիտի կազմակերպԷ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին նկարիչի առաւել նշանակալի կտաւները, ներառեալ՝ «Ծիածանը» եւ «Սեւ ծովը»՝ Թրեթեակովեան պատկերասրահէն, ինչպէս նաեւ «Իններորդ ալիքը» եւ «Ալեկոծութիւնը»՝ ռուսական թանգարանէն:
Յունուարի 24-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Քահանայից պատրաստութեան լսարանի պատասխանատու Տ. Ներսեհ Վարդապետ Խալաթեանի՝ գեղանկարի եւ կրաֆիքի անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ծիրէն ներս ներկայացուած են քառասունհինգ նկարներ: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի տեղեկատուականը։